ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԵՌԱՑԱՆ ԻՐԱՔԷՆ

Ամերիկեան վերջին ստորաբաժանումը կը հեռանայ

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան մարտական վերջին ստորաբաժանումը հեռացաւ Իրաքէն:

Այսպիսով աւարտած է Իրաքի մէջ ինը տարի տեւած պատերազմը: Ականատեսներու վկայութեամբ, Քուէյթի սահմանը հատած ամերիկացի զինուորականները ուրախութենէն գրկախառնուած են եւ զիրար շնորհաւորած: Նշենք, որ իրաքեան պատերազմը խլած է աւելի քան 4500 ամերիկացի զինուորներու կեանքը:

Ամերիկեան բանակը Իրաքի մէջ զինուորական գործողութիւնները աւարտած էր անցեալ տարի, իսկ անցեալ ուրբաթ օր երկրին զինուորական հրամանատարութիւնը ստանձնած են իրաքցիները, որոնք այսուհետեւ պատասխանատու են երկրին անվտանգութեան համար:

Զինուորական գործողութիւններուն ամէնէն դժուար ժամանակահատուածին ընթացքին Իրաքի մէջ տեղակայուած էին 170 հազար ամերիկացի զինուորներ:

Share this Article
CATEGORIES