«ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱՆՔ, ԹԷ ԱՍԱՏ ԴԷՏԵՐՈՒ ՏԵՂԱԿԱՅՄԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՍՏՈՐԱԳՐԷ» Կ՛ԸՍԷ ՔԱԹԱՐԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ստորագրէ իր երկրին մէջ դէտերու տեղակայման արձանագրութիւնը:
Ան յայտնեց, որ «այսօր ստացանք տեղեկութիւն մը, որ ան պիտի ստորագրէ: Ճի՞շդ է, թէ՞ սխալ, կը տեսնենք»:
Շէյխ Համատ Ռիատի մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախարարական մակարդակի ժողովի ծիրին մէջ յայտնեց, որ «իշխանութենէն Ասատի հեռացումը կամ վարչակարգին փոփոխութիւնը սուրիացի ժողովուրդին վերաբերող հարց մըն է, իսկ ամէնէն կարեւոր հարցը բռնարարքն ու սպանութիւնը դադրեցնել է, ազատ արձակել գերիները եւ ճշմարտութեան ծանօթանալու համար լրագրողներու երկիր մուտք գործել արտօնելը: Կարեւորը այն է, որ (Ասատ) հաշտուի իր ժողովուրդին հետ, իսկ փոփոխութիւնը սուրիացի ժողովուրդին վերաբերող հարց մըն է»:
Օմանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ պըն Ալուի պըն Ապտալլա իր կարգին լաւատեսութիւն յայտնեց, որ Սուրիա յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին պիտի ստորագրէ նշեալ արձանագրութիւնը: Ան նշեց, որ Արաբական լիկայի նախարարաց խորհուրդը չորեքշաբթի օր Գահիրէի մէջ իր գումարելիք ժողովին ընթացքին «որոշումներ պիտի որդեգրէ, եթէ սուրիացիները արձանագրութիւնը չստորագրեն»:
Լիբանանեան «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ այսօր կէսօրէ առաջ մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ:
Արաբական դիւանագիտական աղբիւր մը իր կարգին «Ալիոմ Սապեհ»-ին յայտնեց, որ Արաբական լիկայի խորհուրդը այսօր կէսօրէ առաջ արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապին զարգացումները: Ժողովը պիտի գումարուի մնայուն ներկայացուցիչներու մակարդակով:
Նշենք, որ Ռուսիա պահանջեց, որ Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին իր ներկայացուցած բանաձեւը այսօր քննարկուի:
Արեւմտեան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Թուրքիա կ՛ուզէ, որ Ասատ իշխանութենէն հեռանայ, սակայն այն ատեն միայն, երբ սուրիական ընդդիմութիւնը պատրաստ ըլլայ, որպէսզի քաոս չստեղծուի եւ յաւելեալ քանդում տեղի չունենայ: Աղբիւրները նշած են, որ շրջանին եւ արեւմտեան մայրաքաղաքներուն մէջ գոյութիւն ունի մտավախութիւն մը, որ ընդդիմադիրները պատրաստ չեն իշխանութեան ղեկը ստանձնելու: Աւելի՛ն. Սուրիոյ մասնատման եւ քաոսի մատնուելուն շուրջ եւս մտավախութիւններ գոյութիւն ունին:
Իրաքեան պատուիրակութիւն մը Արաբական լիկայի Ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիին ներկայացուց սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմադիր կողմերու միջեւ իրաքեան միջնորդութեան արդիւնքը:
Իրաքեան պատուիրակութիւնը գլխաւորող Իրաքի Ազգային ապահովութեան խորհրդատու Ֆալեհ Ֆայեատ լրագրողներուն յայտնեց, որ Արապին տեղեակ պահած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ պատուիրակութեան հանդիպումին մանրամասնութենէն, եւ Ասատ վստահեցուցած է, որ արաբական լուծին գործադրութիւնը կը փափաքի: Ան նշեց, որ Ասատի հետ հանդիպումը «դրական» էր: