ՌՈՒՍԻԱՆ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

Ռուսական զինուորական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ «Սուրիոյ եւ Իրանի շուրջ աշխարհաքաղաքական կացութեան վատթարացումը կը մտահոգէ Ռուսիան եւ զայն կը մղէ Հարաւային Կովկասի, Կասպից ծովու, Միջերկրականի եւ Սեւ ծովու շրջաններուն մէջ գտնուող իր ուժերը արագ կերպով ամրապնդելու»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւրներ ռուսական «Մոսքօ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ «Քրեմլին իրանեան հիւլէական կառոյցներու դէմ Միացեալ Նահանգներու զօրակցութեամբ իսրայէլեան հաւանական յարձակումի մը մասին տեղեկութիւններ ստացած է: Յարձակումը անակնկալ պիտի ըլլայ եւ «x» օրին շատ մօտ: Կը նախատեսուի, որ Թեհրան մեքենայաբար հակադարձէ, ինչ որ պատճառ կրնայ դառնալ համապարփակ պատերազմի մը, որուն հետեւանքները ներկայիս կարելի չէ կանխատեսել»:

Ռուսական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս հարցը Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ անցեալ շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի մասնակցութեամբ գումարուած ժողովին առաջնահերթ հարցերէն եղած է:

Share this Article
CATEGORIES