ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՌԱՇԱՅԱՅԻ մէջ նախանցեալ գիշեր անծանօթներ փշրած են յոյն ուղղափառ համայնքի Մար Նիքոլա առաջնորդարանին ապակիները:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա մեկնեցաւ Պոլիս:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի զինուորական թեւի նախկին պատասխանատու Իմատ Մուղնիէ դաւաճանած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային եւ սպաննած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին, եւ այդ պատճառով ալ Մուղնիէ Դամասկոսի մէջ սպաննուած է Մահեր Ասատի կողմէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միակ երազը նախագահական աթոռն է` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի վարուելակերպը անմիտ կը նկատուի:

ԺԱՄԱԱ իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Իսրայէլի ոչ մէկ պատճառաբանութիւն պէտք է տալ` Լիբանանի դէմ յարձակում գործելու կամ նոր ներխուժում մը սանձազերծելու:

ԼԻԲԱՆԱՆ Իսրայէլի դէմ ներկայացուց բողոքագիր մը` իր հողերուն վրայ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ցանուող ականներուն շրջագիծին մէջ:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ վերահաստատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ֆրանսական ջոկատին դէմ գործուած պայթումին առնչութեամբ Սուրիոյ եւ Հըզպալլայի դէմ ամբաստանութիւնը:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն վերստին մերժեց աշխատավարձի յաւելման որոշումը` նկատել տալով, որ յառաջիկայ 27 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ընդհանուր գործադուլը կը մնայ առկայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Յոյն ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը Թաէֆի համաձայնագիրին գործնականացումը կը նկատուի:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Սուրիոյ դաշնակիցները Լիբանանը վերադարձնեն սուրիական հոգատարութեան հանգրուանին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ շեշտեց, որ պէտք չէ ընտրական օրէնքը մետասաներորդ պահուն վաւերացնել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ յայտնեց, որ Պքերքէ կատարած իր այցելութիւնը Հըզպալլայի եւ մարոնի համայնքի պատրիարքին միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ շեշտեց, որ պէտք է վաւերացնել ընտրական այն օրէնքը, որ ամէնէն աւելի ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ լիբանանեան հանրութիւնը բաղկացնող շերտերուն:

ԿԸ նախատեսուի, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստին աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը արծարծուի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի նախարարներուն կողմէ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայէն, յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Հըզպալլայի գլխաւոր դաշնակիցն է` ընդգծելով, որ այդ դաշինքը կը յարատեւէ ամուր հիմերու վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ Յոյն ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը լիբանանեան խորհրդարան պիտի հասցնէ այնպիսի երեսփոխաններ, որոնք իրենց շրջաններուն իսկական ներկայացուցիչները պիտի չըլլան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս ընդգծեց, որ նահատակներ տուած եւ մեծ զիջումներ կատարած հարաւային Լիբանանը այսօր ոչ մէկ սպառնալիքէ պիտի վախնայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մըրըհպի շեշտեց, որ Պքերքէէն առաջարկուած ընտրական օրինագիծը Լիբանանի ազգային շահերուն չի ծառայեր:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը համայնքային եւ յարանուանական դիտանկիւնէ քննարկող որեւէ մօտեցում Թաէֆի համաձայնագիրի ձախողեցում կը նկատուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի որդեգրումին մասին բոլոր առաջարկները առկայ են:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիէն խնդրած է հանդիպում ունենալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ, սակայն դեսպանատունը մերժած է անոր խնդրանքը:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ամմար Հուրի նշեց, որ իրենք կը մերժեն ընտրական որեւէ օրինագիծ, որ Թաէֆի համաձայնագիրի սկզբունքներուն հետ կը հակադրուի:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ «Տիար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան հարցով Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի տեսակէտները նոյնանման են:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով օտար դիւանագէտներէ, հաղորդեց, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական զօրամասի թուաքանակին նուազեցումը շրջանին մէջ Ֆրանսայի քաղաքական դերակատարութիւնը կը տկարացնէ:

Share this Article
CATEGORIES