ԺՈՄՊԼԱԹ. «ՄԵՆՔ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՄԻՔԱԹԻԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑ ՄՆԱԼ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Պէյթէտտինի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Սելիմ Ֆայեատի պարգեւատրման ձեռնարկին, որուն ընթացքին յաջողութիւն մաղթեց Սուրիոյ վերաբերող արաբական նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց Իրանի եւ Ռուսիոյ` իրենց զօրակցութիւնը առաջնահերթօրէն տրամադրելու սուրիացի ժողովուրդին:
«Նախքան Սուրիոյ ժայթքումը եւ Լիբանանի վրայ անոր ձգելիք հետքերը, մենք կը մաղթենք, որ արաբական նախաձեռնութիւնը յաջողի` Իրանի եւ Ռուսիոյ զօրակցութեամբ», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ան նկատել տուաւ, որ «Արաբական գարուն» եզրը պաղեստինեան դատին դէմ դաւադրութիւն նկատող բոլոր մեկնաբանութիւնները սխալ են` աւելցնելով, որ «Արաբական գարուն» ապրած երկիրներուն մէջ ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ իշխանութեան հասնող քաղաքական ուժերը պիտի զօրակցին պաղեստինեան դատին լուծման:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ ընդառաջելով Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հրաւէրին, այցելեց Շուէյֆաթի քաղաքապետարանը:
Քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած ընդարձակ հանդիպումին ընթացքին ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան մէջ կը մնայ քաղաքական բոլոր ուժերուն դաշնակիցը` աւելցնելով, որ իրենց համար կարեւոր է Սուրիոյ միասնական գոյութիւնը:
Իր կարգին, Արսլան յայտնեց, որ Լիբանան ժողովրդավարական երկիր է, եւ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ կ՛արտայատէ իր քաղաքական տեսակէտը: