ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԻՄԱՍՏՈՎ ԲԱՆԱԿԸ ՄԻԱԿ ԵՐԱՇԽԻՔՆ Է»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած դասախօսական երեկոյին:

Իր խօսքին մէջ զօր. Աուն յայտնեց, որ Դիմադրութեան զօրակցութիւնը քաղաքական չէ: Ան նկատել տուաւ, որ թերեւս իրենք քաղաքական առումով Հըզպալլայի հետ տարակարծութիւններ ունին, սակայն Դիմադրութեան նկատմամբ զօրակցութեան իմաստով Հըզպալլայի հետ միակարծիք են:

«Դիմադրութեան նպատակն է մեր հողերն ու ապրուստը թալանող եւ մեր ազգային գերիշխանութեան դէմ բազմիցս ոտնձգութիւններ գործող Իսրայէլի դէմ պայքարիլ ու ճակատիլ», ըսաւ զօր. Աուն:

Անդրադառնալով լիբանանեան բանակին` զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին զինումը շրջափակումի տակ կը գտնուի. ան նշեց սակայն, որ բանակը լիբանանեան ներքին կայունութիւնը պահպանող միակ երաշխիքն է, «իսկ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ներխուժումը կասեցնող միակ ուժը Դիմադրութիւնն է», աւելցուց զօր. Աուն:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հողը չվաճառել, որովհետեւ հողը ինքնութիւն է:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ ամերիկացիին, եւրոպացիին կամ ոեւէ մէկուն արտօնուած չէ Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց մասին խօսիլ` մոռնալով եւ անտեսելով պաղեստինցիները:

Միւս կողմէ, Անտոնեան հայրերու համալսարանի ուսանողներու մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց զօր. Աունի, որուն նուիրեց համալսարանին մէջ տեղի ունեցած ուսանողական ընտրութիւններուն արձանագրած իր յաղթանակը:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ անհրաժեշտ է յարգել լիբանանեան համերաշխութեան օրէնքները եւ այս կամ այն յարանուանութեան միջեւ խտրութիւն չդնել:

Share this Article
CATEGORIES