ՃԱՏՐԱԿ. Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՀՐԱԿ ԵՒ ՆԱՐՕՏ ԳԸԼԸՊՈԶԵԱՆՆԵՐ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԱՌԱՋԻՆ, ԿԱՐԷՆ ԽԱԼՈՅԵԱՆ ԵՒ ՆԱՆՕՐ ԱՌՆԵԼԵԱՆ` ԵՐԿՐՈՐԴ, ԻՍԿ ՀՐԱՅՐ ԳԱՍԱՊԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՒԵՏԻՍ` ԵՐՐՈՐԴ

Հայ մրցանակակիրները

Հրակ Գըլըպոզեան

Կազմակերպութեամբ Նոթրը Տամ Ֆըրն Շըպպեք վարժարանին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 18 դեկտեմբերին նոյնանուն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան ճատրակի 13-րդ մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 90 ճատրակ խաղացողներու (50 մեծ եւ 40 փոքրեր):

8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Մոհամետ Քապալան (6 կէտ), երկրորդ` Ատամ Պասսամ (4 կէտ), իսկ

3-րդ դիրքը գրաւեց Հրայր Գասապեան, որ առաւելագոյն 6 կէտէն ապահովեց 4 կէտ:

Նոյն դասակարգին մէջ, սակայն աղջկանց մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւեց Նարօտ Գըլըպոզեան (3 կէտ), իսկ երկրորդ դիրքը` Նանօր Առնելեան (3 կէտ):

10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Կարէն Խալոյեան 4,5 կէտով գրաւեց երկրորդ դիրքը: Ան կէս կէտով ետ մնաց Մոհամետ Ռամմալէն (առաջին) եւ կէս կէտով գերազանցեց Պասել Ալլուշը (երրորդ):

Ինչ կը վերաբերի 12 տարեկանէն վար դասակարգին, Հայկ Աւետիս 3,5 կէտով գրաւեց երրորդ դիրքը: Յաջորդաբար առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւեցին (4-ական կէտով) Ժաաֆար Ռամմալ եւ Ապտել Լաթիֆ Հասան:

Վերջապէս, 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հրակ Գըլըպոզեան մնաց անգերազանցելի եւ առաւելագոյն վեց կէտէն նոյնքան կէտ ապահովելով հանդիսացաւ առաջին:

Վերոնշեալ հայ ճատրակ խաղացողներէն բացի, մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հրակ Լախեան, Վահագն Ղազարեան, Արի Աւետիս, Քարլօ Դարբինեան եւ Սթիւ Աշգարեան:

Նշենք, որ մեծերու դասակարգին իրենց մասնակցութիւնը բերին Րաֆֆի Ճիկերեան եւ Էլի Հուլիշեան:

Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ֆըն Շըպպեքի քաղաքապետ Ռեմոն Սըմաան, որ շնորհաւորեց բաժակակիրներն ու մետալակիրները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

Մրցաշարքին ակնարկ մը նետելով եւ հայ մասնակցողներուն թիւը նկատի առնելով պէտք է նշել, որ այդ մէկը եղաւ ակնկալուածէն շատ աւելի նուազ, ինչ որ առիթ տուաւ, որ տեղացիները գերազանցեն հայերը, ինչ որ բնականաբար ընդունելի չէ:

Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերու ընթացքին հայերուն թիւը ըլլայ շատ աւելի, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջնութիւնները ուրիշներու չտալ:

 

Share this Article
CATEGORIES