ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ
Արաբական լիկան, յաճախ դիտուած իբրեւ ծոյլ, ոչինչ ընող կազմակերպութիւն մը, խառնեց ակնկալութիւնները` շարժակները փոխելով, այն պահուն, երբ Միջին Արեւելքի մէջ յեղափոխութիւնները թափ ստացած են:
Այն բոլոր ապշեցուցիչ, ցնցիչ փոփոխութիւններէն, որոնք Արաբական գարունը բերած է, հաւանաբար ամէնէն հետաքրքրականը Արաբական լիկային փոխակերպումն է:
Այս 22 անդամ հաշուող կազմակերպութիւնը, նախապէս նկատուած իբրեւ յարմար, հանգստաւէտ ակումբ մը` արաբ միապետերու համար, հիմնայատակ ցնցուեցաւ:
Ծոցի հարուստ պետութեան` Քաթարի կորովի, աշխուժ եւ արաբական չափանիշներով երիտասարդ վարչապետին խաղացած առաջատար դերակատարութեամբ, Արաբական լիկան գրեթէ առանց ծպտուն հանելու, ձգեց, որ տապալի Եգիպտոսի Մուպարաքը:
Լիկան փետրուարին քուէարկեց կազմակերպութենէն Լիպիան կախակայելու ի նպաստ եւ դիտեց այդ երկրին մէջ հակակառավարական ուժերուն` քաթարցիներուն մատուցած օգնութիւնը:
Իսկ մարտին տեղի ունեցած վճռական քուէարկութեամբ մը Լիպիոյ վերեւ հաստատուած թռիչքի արգիլեալ գօտին հնարաւորութիւն տուաւ ՕԹԱՆ-ին որոշիչ դեր խաղալու պատերազմը ապստամբներուն կողմը թեքելու մէջ:
Եւ ապա անսպասելիօրէն Արաբական լիկան կարծր, ծանր դիրքորոշում որդեգրեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱ
– 22 անդամ պետութիւններէն ութն թագաւորութիւն են
– Կեդրոնատեղին Գահիրէի Թահրիր հրապարակին մօտ է
– 2010-ի պիւտճէն 61,2 միլիոն ամերիկեան տոլար էր (աղբիւր` «Արաբ Նիւզ Թուտէյ»)
Օգոստոսին Արաբական լիկան դատապարտեց Սուրիոյ կառավարութիւնը` երկրին մէջ տարածուած ապստամբութիւնը ճզմելու, ճնշելու համար եւ վայրագութիւնը անմիջապէս դադրեցնելու կոչ ուղղեց:
Յետոյ, նոյեմբերին, լիկան սառեցուց, առկախեց Սուրիոյ անդամակցութիւնը կազմակերպութեան, որովհետեւ, ըստ իրեն, Դամասկոս չէր յաջողած յանձնառու մնալու համաձայնութեան մը, որ կը ներառէր ռազմական գործողութիւններու կասեցումը եւ ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան կայացումը:
Իսկ երբ Սուրիա մերժեց զիջումներ ընել, Արաբական լիկան վարչակարգը «ապտակեց» պատժամիջոցներով:
Կազմակերպութեան ոչ յատկանշական 66 տարուան պատմութեան մէջ, վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին պատահածներուն նման ոչինչ տեղի ունեցած է:
Կարծես թէ տղամարդոց` ճենթըլմեններու ակումբը, շատ հարուստ, շատ պճնոտ եւ ինքնավստահ, յանկարծ կը ստիպուի ցմրուր խմել յեղափոխութեան գաւաթէն եւ կը պարզէ, որ ատիկա բաւական թունաւոր է:
Ուրեմն այս բոլորը ինչպէ՞ս պատահեցան:
Արաբական լիկան կազմակերպութիւն մըն է, որ 1945-ին Գահիրէի մէջ հիմնադրուած է, հիմնականին մէջ հակակշռելու համար սկիզբը մշուշոտ, բայց շուտով իրականացող Իսրայէլ պետութիւնը:
Տասնամեակներու ընդմէջէն ինքզինք իբրեւ քաղաքական կարեւոր ուժ հաստատելու Լիկայի ջանքերը, լաւագոյն պարագային աղօտ եղան:
Լիկային մէջ Եգիպտոսի ազդեցութիւնը նուազեցաւ, երբ Ծոցի պետութիւններուն, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնն ու դրամական, ֆինանսական կարողութիւնը աճեցաւ:
Հակառակ անոր որ լիկան ռազմական արձանագրութիւն մը ունի, եւ տարբեր անդամներ տարիներու ընթացքին Իսրայէլի դէմ պատերազմներ մղած են, կազմակերպութեան նախորդ միակ միացեալ գործողութիւնը, հեգնականօրէն, Լիբանանի մէջ 1976-1983 թուականներուն սուրիական ուժերուն միանալը եղած է:
Անթիւ, անհամար գերաստիճաններ եկած եւ գացած են, սակայն Արաբական լիկան շարունակած է մրափել, ըստ երեւոյթին անտարբեր` մարդկային իրաւանց խախտումներու, ծաւալուն, համատարած աղքատութեան, գործազրկութեան եւ իր անդամներուն մէջ ժողովրդավարութեան կողմնակից գործիչներու յաճախակի դաժան ճնշումներուն հանդէպ:
Ապա եկաւ Արաբական գարունը:
Լիկան սկսաւ արթննալ, երբ բռնապետերը մէկը միւսին ետեւէն տապալեցան: Զայրացած արաբ երիտասարդները կը պոռային, եւ չլսողի երեւոյթը առնելու, չլսելու զարնելու վտանգները, շատ դիւրաւ ակնյայտ էին:
Արաբական գարունը անտեսելը ընտրանք մը չէր: Այլընտրանքը` ազատութեան մղումին աջակցութիւնը, հազիւ թէ աւելի ախորժելի, ախորժահամ էր այս ամբողջատէրերու լիկային համար: Բայց ազդեցիկ դերակատարներ, ինչպէս` Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը, գիտցան, որ բան մը պէտք է տալ:
Արեւմտեան դաշնակիցներէն ճնշումներ դիմակալելով եւ մտահոգուած, որ իրենց սեփական բնակիչները ընկերային հաղորդամիջոցներու ցանցին վրայ խանդավառ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն սուրիական ընդդիմութեան դատին, ակումբին աւելի աշխուժ, գործունեայ անդամները նստան եւ նկատի առին:
Ոչ ոք այնքան աւելի գործի լծուեցաւ, որքան` Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար, 52-ամեայ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապեր ալ Սանին:
Աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդոցմէ մէկը ըլլալով` ան նուաճած է «խաղաղարար» կոչումը` տարիներու ընթացքին Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ հակամարտող կողմերու միջեւ հաշտութիւն գոյացնելու համար:
Միջին Արեւելքի դէտեր զայն կը տեսնեն իբրեւ կարծր, պայծառ եւ շրջանին մէջ պատահածին հետ արագօրէն քայլ պահող անձնաւորութիւն մը:
Շէյխ Համատ իր պաշտօնակիցներէն աւելի կանուխ ըմբռնեց, որ` «Արաբական լիկան չի կրնար անտեսել Սուրիոյ մէջ անզէն քաղաքայիններու սպանութիւնը», եւ լրջօրէն աշխատանք տարաւ, որպէսզի Սուրիա կախակայուի եւ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ պատժամիջոցներ հաստատուին:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ԵՏԻՆ`
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ ՈՒԺԵՐ
Վարչապետ Ժապեր Ալ Սանի
Արտաքին գործոց նախարար` 1992-էն
Վարչապետ` 2007-էն
Նախագահ` Քաթար Հոլտինկզի, որ 2010-ին 1.5 միլիառ տոլար վճարեց Հարրոտզի համար
Անոր 133 մեթրնոց պերճանաւը` «Ալ Միրքապ» 250 միլիոն տոլար կ՛արժէԱպտալլա թագաւոր
Գահակալող` 2005-էն
6-րդը` 35 որդիներէն
թագաւորութեան հիմնադիր
Ապտուլազիզի կը նկատուի զգուշաւոր ազատական, սիրուած եւ յարգուած է թագաւորութեան մէջ 87-ամեայ թագաւորը վատառողջ է
Ասոր դիմաց, սակայն, միշտ գործնապաշտ մնալով, շէյխ Ժապեր ոչ մէկ հրապարակային հետաքրքրութիւն, մտահոգութիւն ցոյց տուաւ Քաթարի դրացի Պահրէյնի մէջ փետրուարին եւ մարտին տեղի ունեցած վայրագութեանց եւ սպանութեանց վերաբերեալ: Պահրէյնցիները ուրախ եղան այդ ծառայութիւնը անոր վերադարձնելու` ի նպաստ քուէարկելով Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներուն:
Ռիատ բնակող սէուտցի վերլուծաբան Մոհսեն Աուաժի ըսաւ. «Առանց այդ մարդուն անհատականութեան` կարելի պիտի չըլլար պատգամը յանձնել, տարածել: Իրն էր հոլովոյթին ետին ուժեղ ձեռքը»:
Ուրիշներ Քաթարի նախաձեռնութիւնը կը նկատեն իբրեւ յաւելեալ ապացոյց այն բանին, որ Սէուտական Արաբիա դուրս մնացած է եւ քայլ չէ կրցած պահել արագ փոփոխուող հանգամանքներուն հետ:
«Համեմատած սէուտական թագաւորութեան, Քաթար չափազանց արագ եւ գերգործունեայ է», կ՛ըսէ Միջին Արեւելքի հարցերու մասնագէտ Փիթր Հարլինկ, որ կը պնդէ, թէ Քաթարի արտաքին քաղաքականութիւնը կ՛որոշէ ամուր խմբակ մը, կազմուած` իշխանէն, վարչապետէն եւ քանի մը հիմնական խորհրդատուներէ:
Հարլինկ կ՛աւելցնէ. «Անոնց ոճը կը պատշաճի, կը յարմարի ժամանակաշրջանին: Ասիկա ոսկեայ առիթ մըն է անոնց համար` պահանջներ ցցելու»:
ԹՐՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆԸ
Այլ բան մը, որ կրնայ Արաբական լիկան գործելու մղած ըլլալ, ոչ անդամ Թուրքիան է:
Վերջին շաբաթներուն Սուրիոյ հիւսիսային դրացին աներկբայօրէն կը դատապարտէր Պաշշար Ասատը: Եւ Թուրքիա ապաստան տուաւ Սուրիոյ Ազատ բանակի անդամներուն, որոնք երկրի ուժերէն դասալիքներ են:
Զարգացող ճատրակի խաղին մէջն է, որ տեղի կ՛ունենայ շրջանային գերակայութեան պայքարը, այդ շարժումները կը սպառնան Արաբական լիկան եւ անվիճելիօրէն անոր ամէնէն հզօր անդամ Սէուտական Արաբիան անգամ մը եւս ետ ձգել արագընթաց հոլովոյթէն:
Հետեւաբար Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի նոյեմբերի վերջաւորութեան Ասատի ուղղած հրաժարելու կոչին լոյսին տակ, Արաբական լիկան արագօրէն հետեւեցաւ պատժամիջոցները գործադրելու իր սպառնալիքին:
Ապա Թուրքիա պատասխանեց այլ քայլով մը` Սուրիան ենթարկելով առեւտրական պատժամիջոցներու, որոնք աւելի պիտի մեկուսացնեն վարչակարգը եւ երկրին պիտի արժեն շուրջ 3 միլիառ տոլար:
Արաբական լիկայի որոշումը` պատիժներ պարտադրելու, սէուտցիներուն օրհնութեամբ կրնայ տրուած ըլլալ: Ըստ Մուհսեն Աուաժիի, «քաթարցիները չէին կրնար յառաջանալ առանց սէուտական պալատի նեցուկին»:
Ուրիշներ վստահ չեն: Ճէյն Քինինմոնթ` Միջին Արեւելքի մասնագէտ մը, կը մատնանշէ քաթարցիներուն քարիւղի եւ կազի հսկայ հարստութիւնները:
«Քաթարցիները կրնան գործել առանց սէուտցիներու հաւանութիւն: Քաթար տնտեսապէս կախեալ չէ անոնցմէ», կ՛ըսէ ան:
Տիկին Քինինմոնթ նաեւ կը նշէ, որ երկու երկիրները անցեալին վիճած են, որովհետեւ Քաթար յաճախ տարբեր ուղղութեամբ մեկնած է:
Փիթըր Հարլինկ կ՛ըսէ, թէ Արաբական գարնան հետ, քաթարցիները լիկան կ՛օգտագործեն իրենց կշիռէն աւելի ազդեցիկ ըլլալու համար: Իշխանութիւն, ուժ եւ ազդեցութիւն այնպիսի արագութեամբ մը կը տեղափոխուին, որ սէուտական պալատի ղեկավարութիւնը հանգիստ չէ, մտահոգ է:
ՅԵՏՈՅ Ի՞ՆՉ
Քաթարցիներուն, սէուտցիներուն եւ Արաբական լիկայի մնացեալ անդամներուն համար հարցումը այս է. յետոյ ի՞նչ ընել: Սուրիական ընդդիմութիւնը թռիչքներու արգիլեալ գօտիի կոչ կ՛ուղղէ: Նոյնիսկ խօսք կայ գետնի վրայ ուժերու մասին:
Բայց նկատի առնելով Սուրիոյ կարեւոր դիրքը (ան սահմանակից է Իրաքի, Լիբանանի, Յորդանանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի) ռազմական միջամտութեան որեւէ մտածում իրեն հետ կը բերէ լուրջ վտանգներ եւ հետեւանքներ:
Այնպէս որ, կը թուի, թէ պատժամիջոցները առայժմ ամէնէն ապահով եւ լաւագոյն ընտրանքն են:
Պատժամիջոցներու դժուարութիւնը, խնդիրը այն է, որ ատոնք ուժգին պիտի չհարուածեն վարչակարգը կամ Ասատի ընտանիքը: Այդ պատժամիջոցներէն Սուրիոյ ժողովուրդն է, որ պիտի տուժէ:
Երկիրը կ՛ուղղուի դէպի դժուար ձմեռ մը` շարունակական բողոքով եւ վայրագութեամբ: Վառելանիւթի եւ սննդամթերքի գիները արագօրէն կ՛աճին, կը մագլցին: Տնտեսութիւնը լճացած է: Միջին դասակարգերը, նոյնիսկ` հարուստ հիւսիսային Հալէպ քաղաքին մէջ, կը զգան այն ճնշիչ վիճակը, որ միայն պիտի վատանայ, նկատի ունենալով, որ թուրքերը եւս պատժամիջոցներ կը պարտադրեն:
Բանակի շարքերէն դասալիք եղողներու թիւին յաւելումով, քաղաքացիական պատերազմի սպառնալիքը կը շարունակէ աճիլ:
Այդպիսի խիստ, ծանր հետեւանքներէ խուսափելու համար մէկը պէտք է բանակցի Պաշշար Ասատի համար ելքի ռազմավարութիւն մը գտնելու նպատակով: Ատիկա կրնայ Թուրքիան կամ սէուտական պալատը ըլլալ:
«Ասիկա շարժանկար մըն է, ուր ոչ ոք գիտէ, թէ ո՛վ է արտադրիչը», կ՛ըսէ Մոհսեն Աուաժի:
Բայց իմաստուն գրաւը պիտի ըլլայ այն, որ եթէ լուծում մը պիտի ըլլայ, ապա Ժապր Ալ Սանին` Արաբական լիկայի «խաղաղարարը» պէտք է ըլլայ վերջնական գործարքին համար բանակցողը:
ՊԻԼ ԼՕ
«Պի. Պի. Սի.»