ԼԻՊԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Լիպիոյ վարչապետ Ապտել Ռահիմ Քիպ մտահոգութիւն յայտնեց վերջերս լիպիացի ըմբոստներուն միջեւ արձանագրուած բախումներուն առնչութեամբ: Ան վստահեցուց, որ իր կառավարութիւնը յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին երկրին մէջ զինեալ երեւոյթներուն վերջ տալու ծրագիր մը պիտի յայտարարէ:
Լիպիոյ վարչապետը ամերիկեան «Ռատիօ Սաուա» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ իր կառավարութիւնը կը շարունակէ զէնքերը հաւաքելու եւ բոլոր քաղաքներուն մէջ կեանքի բնականոն ընթացքը ապահովելու իր ջանքերը:
Ան Զինթանի ըմբոստներուն եւ բանակի ցամաքային ուժերէն գնդ. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարութեամբ ջոկատի մը միջեւ բախումները «ահազանգ» նկատեց` շեշտելով, որ «այսպիսի բախումներ պէտք չէ կրկնուին»:
CATEGORIES Միջազգային