«ՓՈՒԹԻՆ ՌՈՒՍԻԱՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՄՏՑՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ՇԵՒԱՐՏՆԱԾԷ
Վրաստանի նախկին նախագահ, Խորհրդային Միութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Շեւարտնածէ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ ներկայ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի ապագայ նախագահութեան օրերուն Ռուսիա Եւրոպական Միութեան անդամ պիտի դառնայ:
«Հակառակ անոր որ Ռուսիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով բողոքի շարժում սկսած է, այսուհանդերձ Փութին պիտի դառնայ երկրի նախագահ, եւ անոր օրերուն Մոսկուան Եւրոպական Միութեան պիտի միանայ», ըսած է Շեւարտնածէ:
Ան նաեւ կը յայտնէ, որ ներկայիս «Ռուսիան աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի Եւրոպայի վրայ, քան հակառակը»:
CATEGORIES Միջազգային