ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱԶՈՒԹԻ թիթեղին սակը 3000 լ. ոսկի նուազեցնելու առումով կառավարութեան որոշումը արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է:
ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկրին վերաբերող բոլոր թղթածրարները, առանց բացառութեան:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ: Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
ԵՐԷԿ կէսօրէ ետք 1:00-ին, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն Պէյրութի երեսփոխանները խորհրդարանին մէջ գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին անոնք պահանջեցին Պէյրութը վերածել ապազինուած մայրաքաղաքի մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխաններ Նուհատ Մաշնուք եւ Ղազի Եուսեֆ շեշտեցին, որ Պէյրութի մէջ ապահովական խախտումները բազմացած են` աւելցնելով, որ այդ մէկը այլեւս ընդունելի չէ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ, երեսփոխան Սաատ Հարիրի պատրաստակամութիւն յայտնեց քաղաքական իր ասպարէզը լքելու, եթէ ժողովուրդը իրմէ պահանջէ այդ մէկը: Ան նշեց, որ ինք շիի համայնքին հետ հարցեր չունի:
ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, Ֆաթհ շարժումի զինեալ թեւի պատասխանատու Լինօ հաստատած է, որ Այն Հելուէի մէջ ապահովական կայունութիւնը հաւասարակշռուած է եւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն հետ գործակցութիւնը ընթացքի մէջ է` երաշխաւորելու համար գաղթակայանին ապահովութիւնը:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ երկխօսութիւնը լիբանանցիներուն օգտին համար է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին յայտնեցին, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահի նշանակման հարցով ոչ մէկ լուծումի կարելի եղած է յանգիլ:
ԿԸ նախատեսուի, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ 27 դեկտեմբերին գումարէ նիստ մը` հետեւելու համար Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան յայտարարելիք գործադուլին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը նախագահական պալատին մէջ գումարելիք իր վաղուան նիստին ընթացքին պիտի վաւերացնէ աշխատավարձերը սրբագրելու իր որոշումը` նկատի ունենալով Պետական շուրայի կարծիքը, որ այս պարագային խորհրդատուական է եւ ոչ պարտաւորիչ:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» հոսանքի անդամ, երեսփոխան Սամիր Ժսըր մտահոգութիւն յայտնեց, որ Այն Հելուէի մէջ տիրող տագնապը դուրս ելլէ պաղեստինեան գաղթակայաններու շրջագիծէն: Ան յոյս յայտնեց, որ այդ լարուածութիւնը կարելի ըլլայ փարատել:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Յոյն ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքէն պէտք չէ խուսափիլ` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են քննարկելու այդ օրէնքին մասին կատարուած բոլոր դիտողութիւնները: Նշենք, որ ընտրական այդ օրէնքին գործադրութիւնը խստիւ մերժուեցաւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի կողմէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Այն Հելուէի մէջ արձանագրուող ապահովական խախտումները ուղղակիօրէն կապուած են հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն, որոնց պատասխանատուն Սուրիան է:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հանդիպումը լաւ մթնոլորտի մէջ ընթացած է, սակայն շատ հաւանաբար անոնք չեն կրցած համաձայնութեան մը յանգիլ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ ընտրական որեւէ օրէնքի նկատմամբ իրենց տեսակէտը հիմնուած է Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան վրայ:
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ զգուշացուց Յոյն ուղղափառ հանդիպումին մշակած երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող օրինագիծին վտանգներէն:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ռամզի Քանժ շեշտեց, որ Այն Հելուէի մէջ արձանագրուած դէպքերը ՖԻՆԻՒԼ-ին հետ ոչ մէկ կապ կամ առնչութիւն ունին:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրուան ժամը 12:45-ին, ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ, Իքլիմ Թուֆֆահ, Մերժահիուն եւ Պընթ Ժպէյլ շրջաններուն վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ: