«ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ԴԷՄ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԶՐՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԽԱԲԵԼ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՇԷՅԽ ՆԱՅԻՄ ՔԱՍԵՄ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ արաբական եւ միջազգային իմաստով ճիգ չի խնայուիր Միջին Արեւելքի կայունութիւնը խանգարելու, արաբական յեղափոխութիւնը ձախողեցնելու եւ շրջանին մէջ անկախութիւնները խոցելու իմաստով, որպէսզի յաւելեալ հանգստութիւն շնորհուի Իսրայէլի:

Շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի եղաւ յարանուանական լարուածութիւնը թօթափել` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը 2006-ին կրցաւ Իսրայէլին յաղթել եւ ամրապնդել բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազը:

Ան շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ ամերիկեան զրպարտութիւնները ժողովուրդը չեն կրնար խաբել եւ ոչ ալ Հըզպալլայի արժանապատուութիւնը վիրաւորել:

Share this Article
CATEGORIES