ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄՈՍԿՈՒԱ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Մոսկուա` Հաւաքական ապահովութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին, ԱՊՀ 20-ամեակին նուիրուած ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին, ինչպէս նաեւ ԵւրԱզէս միջպետական խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար:
Նախագահ Սարգսեան երէկ երեկոյեան Քրեմլինի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի կողմէ կազմակերպուած հանդիսաւոր ընդունելութեան, որ նուիրուած էր ԱՊՀ-ի 20-ամեակին:
CATEGORIES Հայկական


