ՁԵՌՆԱՄԱՐՏ. ՀԱՅՐԵՆԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՏԻՐԱՑԱՆ 5 ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼԻ
Հայաստանի ձեռնամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Հայկ Ղուկասեան PanArmenian.Net լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ հայրենի հաւաքականին 5 մարզիկները Վրաստանի մէջ աւարտած ձեռնամարտի մրցաշարքին տիրացած են 5 ոսկի մետալի:
Հայաստանէն եւ Վրաստանէն բացի մրցաշարքին մասնակցած է նաեւ Ազրպէյճան:
Ղուկասեան յայտնած է ըսելով, որ 2011-ին ֆետերասիոնին աշխատանքը կը նկատէ գերազանց` նկատի ունենալով, որ հայ մարզիկները 26 միջազգային մրցաշարքի մասնակցելով տիրացան բազմաթիւ մետալներու: Նշենք, որ ախոյեանութիւններ կազմակերպուած էին նաեւ Հայաստանի մէջ:
Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ իր ակնկալութիւնն է, որ հայ մարզիկները այս ամիս տեղի ունենալիք աշխարհի խմբային ախոյեանութեան եւս արձանագրեն փայլուն արդիւնքներ:
CATEGORIES Մարզական