2011-Ի ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԲՈԼՈՐ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ
Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի որոշումով, 2011-ի Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն բոլոր մրցանակակիրները ստացան նիւթական պարգեւներ:
106 մարզիկներէն բացի պարգեւատրուեցան նաեւ անոնց մարզիչները (անձնական մարզիչներ, հաւաքականի աւագ մարզիչներ, երկրորդ մարզիչներ), բժիշկները եւ մարզական կազմակերպութիւնները:
Պարգեւատրուող մարզիկներուն կարգին են Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան երկրորդ մրցանակակիր Արայիկ Միրզոյեան, Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Հռիփսիմէ Խուրշուտեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ` Եւրոպայի ախոյեան Ռոման Ամոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան երրորդ մրցանակակիր Արսէն Ջուլֆալակեան, Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Եուրի Պատրիկէեւ, աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան ախոյեաններ Նարեկ Խաչատրեան եւ Ռաֆիկ Մանուկեան, Եւրոպայի մեծերու մարմնամարզութեան ախոյեանութեան երրորդ մրցանակակիր Յարութիւն Մերտինեան եւ ուրիշներ:
Նիւթական պարգեւներու արժանացածներուն կարգին են աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած Հայաստանի հաւաքականին անդամները` Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, աշխարհի ճատրակի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ախոյեան հանդիսացած Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ ուրիշներ:

