ՃԱՏՐԱԿ. ՀՐԱՆԴ ՄԵԼՔՈՒՄԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Նախորդ շաբաթավերջին Վարշաւայի մէջ (Լեհաստան) աւարտեցաւ Եւրոպայի կայծակնային (Պլից) ճատրակի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 25 երկիրներու 379 ճատրակ խաղացողներ (ներառեալ` 57 կրանտ-մասթըրներ):
Մէկ օրուան ընթացքին տեղի ունեցաւ 13 կրկնակի հանգրուան` 26 մրցում, վերջին հանգրուանի մրցումէն առաջ 19 կէտով առաջին դիրքին վրայ կը գտնուէին Ռատոսլաւ Վոյթաշեք (Լեհաստան) եւ հայրենի կրանտմասթըր Հրանդ Մելքումեան:
Վճռորոշ մրցումին անոնք 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին իրարու հետ: Այդ հաւասարութիւնը պատճառ դարձաւ, որ երեք վարպետներ ապահովեն 20-ական կէտ: Սակայն լրացուցիչ արդիւնքներով Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Մելքումեան: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ալեքսէյ Տրէեւ (Ռուսիա), իսկ երրորդ դիրքը` Վոյթաշեք:
Հայրենի վարպետը ստացաւ 2000 եւրօ:
Նշենք, որ արագ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը եւս տեղի պիտի ունենայ Վարշաւայի մէջ: