ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ԴԱՒԻԹ ՊԵՃԱՆԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՐ ՄՐՑԱՆԻՇ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ

Դաւիթ Պեճանեան

Հայկական ArmSport.am լրատու գործակալութիւնը` իր լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն, կը տեղեկացնէ, որ Ռուսիան ներկայացնող հայազգի ծանրաբարձ Դաւիթ Պեճանեան նախորդ շաբաթավերջին Ռուսիոյ նախագահի անուան նուիրուած բաժակի մրցաշարքին ոչ միայն տիրացած է ոսկի մետալին, այլեւ յաջողած է աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատել:

105 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Պեճանեան 238 քկ բարձրացնելով յաջողած է 1 քկ-ով գերազանցել 2004-ին պուլկարացի Էլըն Եաքոյեւի հաստատած աշխարհի մրցանիշը:

Նշենք, որ ան վերոնշեալ մրցաշարքին ընդամէնը բարձրացուց 421 քկ:

Share this Article
CATEGORIES