ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ. ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ` 72-34 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼՈՎ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ ԵՐԿԻՐԸ ՔԱԹԱՐԸ

Երէկ` երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին, իր աւարտին հասաւ պասքեթպոլի աղջկանց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ Արաբական խաղերու աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Լիբանան եւ Քաթար:

Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի աղջկանց խումբին յաղթանակով: Վերջինս 72-34 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց այս խաղերը հիւրընկալող երկիրը:

Եգիպտոս տիրացաւ արծաթ մետալին, մինչ պրոնզ մետալը վիճակուեցաւ Յորդանանի, որ յաղթեց Սոմալիի (80-50):

Իր կատարած հինգ մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրելով եւ պարտութեան մատնելէ ետք Եգիպտոսը, Յորդանանը, Սոմալին, Քուէյթը եւ Քաթարը, Լիբանան 10 կէտով գրաւեց առաջին դիրքը: Եգիպտոս, որ ապահովեց 9 կէտ եւ գրաւեց 2-րդ դիրքը, իր միակ պարտութիւնը կրեց Լիբանանէն: Իսկ երրորդ դիրքը (8 կէտով) գրաւեց Յորդանան:

Լիբանանէն 9 կէտ նշանակեց Նիսրին Տանտան, մինչ 8-ական կէտ նշանակեցին Նարին Կէօքճեան, Լէյլա Ֆարես եւ Նաթալի Մամօ:

Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ժամը 9:45-ին, Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը կը ժամանէ Պէյրութ:

 

Share this Article
CATEGORIES