ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԸ` «ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ»
ՀՄԸՄ Լիբանանը հանդիսացաւ «Համահայկական լաւագոյն երիտասարդական կազմակերպութիւնը»` սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի կազմակերպած մրցումին:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ 2011-ի «Համահայկական լաւագոյն երիտասարդական կազմակերպութիւն» մրցումին իր մասնակցութիւնը բերած ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը խլած է առաջին դիրքը եւ «հայապահպանման իմաստով իր ունեցած նշանակալից աւանդին համար» կը նկատուի «Լաւագոյն երիտասարդական կազմակերպութիւնը»:
Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ուղարկուած ե-նամակով մը սփիւռքի նախարարութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը:
Այս մրցանակով լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ համահայկական իմաստով իր ունեցած դերին կարեւորութիւնն ու ներդրումին պատկառելիութիւնը: