50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՏՈՄՍԵՐ

ՄԱՐԴ ԿԱ՞Յ ԵՐԿՆՔԻ ՄԷՋ

Մինչ Դիոգինէս իր լապտերով տակաւին մարդ կը փնտռէ այս աշխարհին վրայ, գիտնականներ լրջօրէն հարց կու տան, թէ մարդ կա՞յ ուրիշ աշխարհներու, երկնքի մէջ: Եւ կարծէք` իրենց տեսակէտը բաւական մօտ է «կա՛յ» պատասխանին:

Խումբ մը ականաւոր գիտնականներ, անգլիական եւ ամերիկեան համալսարաններէ, քննած են երկինքէն ինկած չորս քարեր, որոնց մէջ գտած են կեանքի բջիջներ` բրածոյ վիճակի մէջ:

Գիտնականները տակաւին չեն կրցած հաստատել, թէ ի՞նչ տեսակ կեանք կը ներկայացնեն այդ քարացած բջիջները: Որովհետեւ երկնաքարերը ինքնին չորս-հինգ պիլիոն տարիներու անցեալ մը ունին, դժուար կարելի է ճշդել, թէ այդ բջիջներու թելադրած կեանքը կը շարունակուի՞ դեռ, կամ իսկապէս գոյութիւն ունեցա՞ծ է:

Անգլիացի տիեզերագէտ Ֆրետ Հոյլ կ՛ըսէ, թէ միայն Ծիր Կաթին համաստեղութեան մէջ հարիւր պիլիոն մոլորակներ կան, եւ շատ հաւանական է, որ անոնցմէ ոմանց մէջ ալ կեանքը զարգացած ըլլայ, եւ մարդիկ ապրին: Զարմանալին այն է միայն, որ անոնցմէ ոեւէ մէկը տակաւին չէ հեռախօսած մեզի, կ՛ըսէ:

Ապագան պիտի պարզէ հանելուկը եւ պատասխանէ: Մինչ այդ եւրոպական թերթ մը փողոցը անցնող-դարձող մարդոց կը հարցնէ, թէ կը հաւատա՞ն, որ երկնքի մէջ մարդիկ կան:

Մէկը պատասխաներ է.

– Անշո՛ւշտ կը հաւատան, մեր բոլոր նախահայրերը հոն են. ու կը հաւատամ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի գտնէ հոն բազմաթիւ ազգականներ, բարեկամներ: Գիտնականներու հետ կատարելապէս համաձայն եմ:

Ուրիշ մը ըսեր է.

– Չեմ կարծեր, որ մարդիկ գտնուին այս աշխարհէն դուրս: Մարդ անունով ծանօթ արարածը նոյնիսկ այս տեսակ աշխարհի մը վրայ ապրելու արժանի չէ, ո՛ւր մնաց, որ երկնքի փայլուն աստղերուն մէջ ապրի:

– Իսկ եթէ մենք վեր երթանք, չէ՞ք կարծեր, որ մենք ալ կը փայլինք:

– Չեմ կարծեր: Փայլունը վարն ալ կը փայլի, վերն ալ: Օգուտ չունի, մենք ասանկ եկեր ենք, ասանկ ալ պիտի երթանք:

– Ո՞ւր:

– Հիմա ժամանակ չունիմ: Ուրիշ ատեն մը այս փողոցէն անցէք, կը բացատրեմ,- կ՛ըսէ անծանօթ անցորդը:

– Առտո՞ւն անցնիմ, թէ կէսօրէ ետք,- կը հարցնէ պրպտում կատարողը:

– Առտուն ալ անցիր, կէսօրէ վերջն ալ անցիր, գիշերն ալ անցիր,- կը պատասխանէ անծանօթը` կորսուելով բազմութեան մէջ եւ մենախօսելով.

– Ասանկ պարապ մարդիկ ի՞նչ պիտի ընեն երկնքի մէջ, չեմ գիտեր:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՏՕՆԸ ԷՇՐԵՖԻԷԻ ՄԷՋ

Ս. Յակոբի տօնին առթիւ կրօնական շքեղ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան Էշրեֆիէի համանուն եկեղեցիին մէջ, կիրակի, դեկտեմբեր 17-ին:

Ժամը 9:15-ին, ընկերակցութեամբ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ Էշրեֆիէի թաղականութեան, Զարեհ Ա. կաթողիկոս ժամանեց եկեղեցի` թաղին մէջ արժանանալով ժողովրդային խանդավառ ցոյցերու: Շինուած էին երկու կամարներ, մէկը` Սպիտակ տուներուն մօտ, միւսը` եկեղեցիին առջեւ, ուր զենուեցաւ խոյ մը:

Օրուան պատարագիչն էր Վարդան վրդ. Տեմիրճեան: Աւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ վեհափառը: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` եկեղեցւոյ բարերար Յակոբ Ապաճեանի յիշատակին:

Կրօնական արարողութենէն ետք ճաշկերոյթ մը տրուեցաւ թաղականութեան անդամ Լեւոն Շահապեանի տան մէջ` ի ներկայութեան վեհափառին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի, պատարագիչ հօր, թաղականութեան անդամներուն եւ երեւելի ազգայիններու:

Share this Article
CATEGORIES