ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԱԼԱՇԿԵՐՏ

Այրարատեան աշխարհի գաւառներէն է Բագրեւանդ, որ հետագային, իր գլխաւոր կեդրոն Ալաշկերտ քաղաքին անունով ծանօթ դարձաւ իբրեւ Ալաշկերտի գաւառ: Աշխարհագրականօրէն անոր շարունակութիւնը կամ մէկ մասը կը նկատուի Ծաղկոտն գաւառը:

ԲԱԳՐԵՒԱՆԴ. ԱԼԱՇԿԵՐՏԻ ԴԱՇՏԸ

Ալաշկերտի համայնապատկերը

Բագրեւանդ Այրարատեան աշխարհի վեցերորդ գաւառն է եւ կը գտնուի նահանգին արեւմտեան կողմը: Տարածուած է Արածանի գետի եւ անոր աջակողմեան վտակ Բագրեւանդի (կամ Շարիան) վերին աւազանի հովիտին մէջ եւ Հայկական Պար, Ծաղկանց, Շարիան եւ Անթապի լեռնաշղթաներով շրջապատուած է: Արեւելեան կողմէն սահմանակից է Ծաղկոտն (որ հին ժամանակ հաւանաբար Բագրեւանդի մաս կը կազմէր) եւ Կոգովիտ գաւառներուն, հիւսիսային կողմէն` Ճակատք, Հաւնունիք եւ Գաբեղեանք գաւառներուն, արեւմտեան կողմէն` Բասենի, իսկ հարաւ-արեւմտեան եւ հարաւային կողմէն` Տուրուբերան նահանգի Տուարածափ եւ Դալառ գաւառներուն:

Բագրեւանդ գլխաւորաբար կ՛ընդգրկէ Ալաշկերտի դաշտը, որ արեւելքէն արեւմուտք 85 քիլոմեթր երկարութիւն եւ հիւսիսէն հարաւ 50 քիլոմեթր լայնութիւն ունի: 1650-էն 1900 մեթր բարձրութեամբ սարահարթը պազալթային լաւաներով եւ կաւային ու աւազային նստուածքներով ծածկուած է: Օգտակար հանածոներէն են ծծումբն ու տորֆը:

Ալաշկերտի դաշտին արեւելեան շարունակութիւնն է Ձիրաւի դաշտը. երկու դաշտերը իրարմէ բաժնուած են Սինակ լեռով եւ Ծաղկանց լեռնաշղթայով:

Ալաշկերտի եւ Ձիրաւի դաշտերը հիւսիսային կողմէն աղեղնաձեւ շրջապատուած են Հայկական Պարով: Ալաշկերտի դաշտի կողմի հարաւային լեռնալանջերը չափազանց զառիթափ են եւ յարմար լեռնանցք չունին:

Ալաշկերտի դաշտը Եփրատ եւ Արաքս գետերու ջրբաժան գօտի է: Գետային ցանցը խիտ է: Ծաղկանց լեռներէն կը բխի Եփրատի ամէնէն մեծ հարկատուն` Արածանին, իսկ շրջապատող լեռներէն` Արածանիի մէջ թափող բազմաթիւ գետեր եւ գետակներ, որոնց ամէնէն մեծը Բագրեւանդն է (Շարիան): Գետերուն մեծ մասը ձմեռը կը սառին: Կան բազմաթիւ լիճեր ու լճակներ, որոնց ամէնէն մեծը գայլատուն է: Գայլատուէն սկիզբ կ՛առնէ Առուն գետը:

Ալաշկերտ ձմրան

Ձմեռը խստաշունչ է եւ երկարատեւ. միջին ջերմաստիճանը զերոյէն վար 10-էն 12 է, եւ յաճախ ալ մինչեւ 25 կամ 30 կ՛իջնէ: Ձիւնը կը ծածկէ ամբողջ դաշտն ու լեռները, գիւղէ-գիւղ ու շրջանէ-շրջան երթեւեկը կը կտրուի, եւ քանի մը ամիս ամբողջ գաւառը կը մեկուսանայ արտաքին աշխարհէն: Գարունը ուշ կու գայ եւ հազիւ մայիսին օդերը կը սկսին բարելաւուիլ: Գարունը` մայիսէն յունիս, երբեմն` անձրեւային, երբեմն ալ արեւոտ. ցերեկով, արեւուն տակ զով կ՛ընէ, իսկ առտու եւ իրիկուն եւ ծմակ տեղերը ցուրտ կ՛ընէ: Ամառը զով է եւ միջին ջերմաստիճանը 16-էն 18է: Ամառը գիշերներն ալ հովերը կը փչեն եւ ցուրտ կ՛ընէ: Աշունը շուտ կու գայ. անձրեւային եղանակները սեպտեմբերին կամ հոկտեմբերի սկիզբը կը սկսին եւ հազիւ աշնանացանը աւարտած արդէն խստաշունչ քամին կ՛ոռնայ եւ ձիւները կը սկսին: Տարեկան տեղումներուն միջինը 600 միլիմեթր է:

Ալաշկերտի դաշտը հմայիչ տեսարան մը կը պարզէ: Լայնատարած հորիզոնը` կտրատուած բազմաթիւ գետերով ու ջուրերով, եւ շրջակայ կանաչազարդ լեռները, յաճախ` ձիւնապատ գագաթներով: Բնութեան հրաշալիքներէն է Արածանիի բնական կամուրջը` Տիատինէն չորս քիլոմեթր հարաւ. կրային եւ ծծմբային կազմութեամբ կամուրջը ունի մօտաւորապէս 25 մեթր լայնութիւն եւ 20 մեթր բարձրութիւն: Կամուրջին շուրջը, Արածանիի երկու ափերուն, տեղ-տեղ շատրուանի նման ծծմբային ու կրային բաղադրութեամբ հանքային տաք ջուրեր կը բխին. անոնց նստուածքէն բլրակներ յառաջացած են, որոնք շրջակայքը ծծումբի հոտով կը լեցնեն: Կամուրջէն քիչ մը հեռու, Արածանիի աջ ափին կը գտնուին հանքային ջուրերու աղբիւրները` Վարշակի հռչակաւոր ջերմուկները:

Ալաշկերտի հողը բերրի է եւ սեւ. դալարագեղ խոտառատ մարգագետիններ եւ չոր տափաստանային շրջաններ, իսկ գետերու հովիտներուն եւ ձորերուն մէջ տարածուած են թփուտները: Անտառներ գրեթէ չկան: Կենդանական աշխարհը հարուստ է. հարուստ է մանաւանդ թռչնաշխարհը` կռունկներ, բադեր, կարապներ եւ այլն:

Ալաշկերտի դաշտը

Իր ընդարձակ բերրի հարթութիւններով, բերքառատ վարելահողերով եւ սառնորակ առատ ջուրերով Ալաշկերտի դաշտը հին ժամանակներէն ի վեր երկրագործականօրէն հարուստ շրջան եղած է, ուր առատօրէն կ՛աճին ցորենը, գարին, վարսակը, տարեկանը եւ բանջարեղէնը: Պտղամշակութիւնը չէ զարգացած:

ԾԱՂԿՈՏՆ

Ծաղկոտն, Ալաշկերտի գաւառին անմիջական շարունակութիւնը եւ անոր աշխարհագրական գօտիին մէջ, տարածուած է Արածանիի վերին աւազանին մէջ, Ծաղկանց (Ալատաղ)  լեռներու լանջերուն, ուրկէ սկիզբ կ՛առնէ Արածանին: Հարաւային կողմը կ՛երկարին Ծաղկանց, իսկ հիւսիսային կողմը` Տիատինի լեռները:

Ծաղկոտն Գնունիներու տոհմին տիրոյթն էր, բայց հետագային, հաւանաբար Արշակ Բ. թագաւորին օրով անցաւ Արշակունիներուն եւ թագաւորական տան ամարանոցը դարձաւ:

ԱԼԱՇԿԵՐՏ

Ալաշկերտ, պատմական Վաղարշակերտը, Բագրեւանդ գաւառին կեդրոնն է: Կը գտնուի Արածանիի վերին հոսանքի շրջանին մէջ, Սուկաւէտ լերան հարաւ-արեւելեան կողմը, Տրապիզոն-Կարին-Մակու-Թաւրիզ ճանապարհին վրայ:

Հայոց Վաղարշակ Ա. թագաւոր Բ. դարուն ուրարտական Անաշէ բնակավայրին վրայ հիմնեց նոր քաղաք, որ իր անունով կոչուեցաւ Վաղարշակերտ: Հետագային, ԺԷ. դարէն սկսեալ աւելի գործածական դարձաւ Ալաշկերտ անունը:

Ալաշկերտի շրջակայ բարձունքները

Վաղարշակերտ Լուսաւորչի տոհմին կալուածն էր եւ Ե. դարուն անցաւ Մամիկոնեաններուն: Ներսէս Գ. Իշխանցի կաթողիկոս կառուցեց Կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ Բագրեւանդի եւ Արշարունեաց միացեալ թեմին եպիսկոպոսական աթոռանիստը դարձաւ:

Բագրատունեաց թագաւորութեան ժամանակ Վաղարշակերտ բարգաւաճ ոստան դարձաւ: Վաղարշակերտցիք Ժ. դարուն բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին արաբական ներխուժող զօրքերուն եւ անոնց դաշնակից Գագիկ Արծրունիի գունդերուն: Ներխուժողները օրեր շարունակ կատաղի գրոհներ շղթայազերծեցին, բայց չյաջողեցան խորտակել վաղարշակերտցիներուն հերոսական դիմադրութիւնը:

Քաղաքի հայութեան թիւը աստիճանաբար սկսաւ նուազիլ ԺԷ. դարէն սկսեալ, իսկ եկուոր քիւրտերն ու թուրքերը բազմացան: Թուրք եւ քիւրտ կեղեքիչներուն կողմէ գործադրուող հարստահարութիւններուն եւ պարբերաբար կրկնուող ջարդերուն պատճառով, ռուս-թրքական 1828-1829-ի պատերազմի աւարտին, հայութեան զգալի մասը ձգեց իր տուն ու տեղը եւ գաղթի ճամբան բռնելով անցաւ Ռուսական կայսրութեան սահմանը: Գաղթականները Սեւանի աւազանին մէջ, Երեւանի նահանգին Նոր Պայազիտ գաւառին մէջ բնակութիւն հաստատեցին եւ Նոր Ալաշկերտ աւանը հիմնեցին: Գաղթականներէն մաս մըն ալ Շիրակի դաշտի գիւղերուն մէջ տեղաւորուեցաւ:

Ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմէն ետք գաղթականական նոր հոսանք մը սկսաւ դէպի Արեւելեան Հայաստան: Մօտաւորապէս երկու հազար ընտանիք հաշուող նոր գաղթականներ Նոր Ալաշկերտի իրենց հայրենակիցներուն մօտ ապաստան գտան: 1890-ական տարիներուն Նոր Ալաշկերտի շրջանը կ՛ընդգրկէր հայաբնակ 22 գիւղ, որոնց բնակիչները Ալաշկերտի եւ շրջակայ գիւղերու վերաբնակիչներ էին:

Համիտեան 1895-ի ջարդերուն ժամանակ շատ մը ալաշկերտցիներ ձգեցին իրենց բնօրրանը եւ անցան Արեւելեան Հայաստան. անոնք եւս Նոր Ալաշկերտի գիւղերուն մէջ տեղաւորուեցան:

Ալաշկերտ

Ալաշկերտ քաղաքը 1914-ի տուեալներով ունէր եօթը հազար բնակիչ` հայ, քիւրտ եւ թուրք: Հայերը ունէին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Բագրատունեան վարժարանը: Կար նաեւ Սուրբ Կիրակոս վանքը: Կը զբաղէին առեւտուրով, արհեստներով եւ անասնապահութեամբ: Բնակարանները անշուք եւ անբարեկարգ էին: Թէեւ շրջակայքը բազմաթիւ աղբիւրներ կան, բայց քաղաքը սակաւաջուր է: Գլխաւոր թաղամասերն էին` Բլեջան, Սորանցոց եւ Փեթակչոց: Մօտակայքը կը գտնուի Վաղարշակերտ բերդը:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ժամանակ, 1915-ի յուլիսին ռուսական բանակի չորրորդ զօրագունդը, զօրավար Օկանովսքիի հրամանատարութեան տակ, եւ իր կողքին ունենալով հայ կամաւորներէ բաղկացած Արարատեան ջոկատը` Խանասորայ Վարդանի հրամանատարութեան տակ, հասաւ Մերկեմէրի լեռնանցք-Չուխուր-Նորշէն գիծը: Օսմանեան երրորդ բանակի հարուածային զօրամասը, Ապտիւլ Քերիմ փաշայի հրամանատարութեան տակ յարձակման անցաւ Ալաշկերտի ուղղութեամբ: Ռուսական զօրքերը եւ հայ կամաւորները նահանջեցին դէպի Հայկական Պարի հարաւային փէշերը:

Նահանջող զօրքին հետ Ալաշկերտի հայութեան մէկ մասը, անոնք որ կրցան հասնիլ, բռնեցին գաղթի ճամբան եւ անցան Արեւելեան Հայաստան, իսկ մնացեալները բնաջնջուեցան թրքական զօրքերուն եւ պաշիպոզուքներուն կողմէ:

Յուլիս 23-ին ռուսական զօրքերը եւ հայ կամաւորները հակայարձակման անցան եւ Ալաշկերտի հովիտը մաքրեցին թուրքերէն:

ԲԱԳԱՒԱՆ

Բագրեւանդ գաւառի նշանաւոր բնակավայրերէն էր Բագաւան: Կը գտնուի Նպատ լերան հիւսիս-արեւմտեան ստորոտին: Հեթանոսական կրօնի հոգեւոր կեդրոններէն էր, ուր Նաւասարդեան օրերուն մեծաշուք տօնախմբութիւններ կը կատարուէին եւ կրօնական ժողովներ կը հրաւիրուէին: Գրիգոր Լուսաւորիչ Բագաւանի մօտ, Արածանի գետին մէջ մկրտեց Տրդատ Գ. թագաւորը, նախարարները եւ մեծաթիւ զօրքը: Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն ետք ալ շարունակուեցան Բագաւանի կրօնական տօնախմբութիւնները. հոն կը գումարուէր Աշխարհաժողովը: Բագաւան Բագրեւանդի եւ Արշարունիքի եպիսկոպոսանիստն էր: Բագաւանի եպիսկոպոսութիւնը երեսուն եպիսկոպոսութիւններէն տասներեքերորդը կը նկատուէր: Բագաւանի եպիսկոպոսներէն յիշենք Եզնիկ Կողբացին եւ Մովսէս Խորենացին: Կեանքին վերջին տարիները հոն ապրեցաւ Սահակ Պարթեւ հայրապետ:

Սուրբ Յովհաննէս տաճարը, գմբէթաւոր պազիլիք, կառուցուած է 631-639 տարիներուն, Եզր կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ եւ Իսրայէլ Գոռաշճեցիի ճարտարապետութեամբ: Տաճարը շրջափակուած էր երեք շարք աստիճաններով: Ներկայիս տաճարը աւերուած է:

Բագաւան ժամանակի ընթացքին անշքացաւ եւ փոքր բնակավայրի վերածուեցաւ, որ թրքական տիրապետութեան ժամանակ ծանօթ դարձաւ Իւչ Քիլիսէ անունով:

ԶԱՐԵՀԱՒԱՆ

Ծաղկոտն գաւառին գլխաւոր բնակավայրը` Զարեհաւան կը գտնուի Արածանիի ակունքի շրջանին մէջ, անոր աջ ափին, Բագաւանի մօտ, Թաւրիզ-Կարին-Տրապիզոն կարաւանային բանուկ ճանապարհին վրայ, Նպատ լերան հիւսիսային ստորոտը: Մօտակայքը կը գտնուէր Անգղ բերդը:

Անցեալին շէն ու հարուստ քաղաք էր Զարեհաւան եւ Արեւելքի հելլենիստական կեդրոններէն կը նկատուէր. քաղաքին մէջ կը բնակէին նաեւ հրեաներ, որոնք հոն տեղափոխուած էին Տիգրան Մեծի օրով: Պարսից Շապուհ Բ. թագաւոր 368-369-ի աւերիչ արշաւանքներուն ժամանակ վեց հազար հայ ընտանիք եւ ութ հազար հրեայ ընտանիք գերեվարեց Զարեհաւանէն եւ Պարսկաստան բռնագաղթի մղեց: Այնուհետեւ Զարեհաւան անշքացաւ եւ փոքր բնակավայր մը դարձաւ:

Վարդանանց պատերազմի ժամանակ, Յովսէփ կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ հայ ապստամբները հոն կոտորեցին պարսիկ մոգերը:

Զարեհաւանէն էր թոնդրակեան աղանդաւորական շարժման առաջնորդ Սմբատ Զարեհաւանցի (Թ. դար), որ իր գործունէութիւնը ծաւալեց Թոնդրակ գիւղին մէջ եւ շարժումը կոչուեցաւ թոնդրակեան:

Զարեհաւան մինչեւ ԺԹ. դար իր գոյութիւնը պահած էր իբրեւ անշուք գիւղ: 1870-1880-ական տարիներուն վերջին բնակիչներն ալ գաղթեցին զանազան կողմեր եւ գիւղը ամայացաւ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES