ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐ` ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՒԱՆԴ ՆԵՐԴՐԱԾ
ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐՈՒՆ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով եւ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով հայապահպանութեան իմաստով ներդրում ունեցած ըլլալնուն, հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ օտար պետութիւններու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման մեծապէս նպաստելուն համար եգիպտահայ բարերար Վարդ Ալեքսանեան եւ սուրիահայ մանկավարժ, հայագէտ Յակոբ Չոլաքեան 13 դեկտեմբերին պարգեւատրուեցան «Մովսէս Խորենացի»-ի մետալով, զոր յանձնեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

«Մեր երկու հայրենակիցներն ալ իրենց գաղութներուն շունչն են: Վարդ Ալեքսանեան տասնեակ տարիներ իր գործունէութեամբ եւ կերպարով ո՛չ միայն նպաստած է առեւտուրի զարգացման, այլեւ մեծ աւանդ բերած է մեր համայնքին», նշեց Հրանուշ Յակոբեան:

Նախարարը Յակոբ Չոլաքեանի մասին յայտնեց. «Հայկական դպրութեան, հայ գիրի, հայկական կրթութեան ամէնէն մեծ երախտաւորն է: Շատերը կ՛երազէին անոր աշակերտել: Ան ստեղծագործած է գիրքեր, գրականութիւն, ինչպէս նաեւ մշակած եւ հեղինակած է հայոց լեզուին, արեւմտահայերէնին նուիրուած տասնեակ դասագիրքեր»:

Յակոբ Չոլաքեան իր կարգին երախտագիտութիւն յայտնեց «հայրենաբնակ» ժողովուրդին, որ իրեն շունչ եւ ոգի կու տան եւ շեշտեց. «Մենք կ՛ապրինք այդ շունչով եւ կ՛ապրինք մեր հայրենիքին համար»: Յ. Չոլաքեան սփիւռքի նախարարութեան նուիրեց իր հեղինակած աշխատութիւններէն:

Եգիպտահայ Վարդ Ալեքսանեան նշեց, որ` «վաթսուն տարի է, որ գործարանի տէր եմ, միշտ կապի մէջ եմ հայերուն հետ եւ ուժերս ներածին չափ կ՛օգնեմ անոնց»: Վարդ Ալեքսանեան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու սփիւռքի նախարարութեան հայրենանուէր բոլոր ձեռնարկներուն:

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 16-ԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է
«ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԽՃԱՆԿԱՐ» ԾՐԱԳԻՐԸ

Դեկտեմբեր 16-ին Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Եւրասիա» համագործակցութիւն հիմնադրամի եւ Երեւանի երիտասարդական դրամատան աջակցութեամբ իրականացուող «Հայ յառաջադէմ երիտասարդութիւն» «Մշակութային խճանկար» ծրագիրը:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուած են Հայաստանի ազգային փոքրամասնութիւններու երիտասարդ ներկայացուցիչներ, որոնք ներկայացուցած են իրենց պատմութիւնը, մշակութային ժառանգութիւնը, երգն ու պարը, ազգային ճաշերու տեսակները, ինչպէս նաեւ լուսանկարչական ցուցահանդէսի միջոցով ներկաները ծանօթացած են համայնքներուն:

«Մշակութային խճանկար» ծրագիրը կը նպատակադրէ ցուցահանդէսներու եւ մշակութային ձեռնարկներու ճամբով հայ երիտասարդները ծանօթացնել Հայաստանի մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններու մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն: Ծրագիրը հայ երիտասարդները նաեւ կը խթանէ ծանօթանալու Եւրոպայի երիտասարդութեան արժէքներուն եւ կը ներկայացնէ Հայաստանի մշակութային բազմազանութիւնը:

Դեկտեմբեր 17-ին «Մշակութային խճանկար» ծրագիրը հիւրընկալուած է Վանաձորի, իսկ դեկտեմբեր 18-ին Գիւմրիի մէջ: Ձեռնարկներուն նիւթերը մշակուած եւ տեղադրուած են «Հայ յառաջադէմ երիտասարդութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ելեկտրոնային էջերուն վրայ:

«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ.ԹԻ.ԷՍ.»-Ը ՆՈՐԱԾԻՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔԻ
ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ ՏՐԱՄԱԴՐԱԾ Է
ԳԻՒՄՐԻԻ ԱՒՍՏՐԻԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մամլոյ ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ «Պըրթլինք» հասարակական կազմակերպութեան հետ միասին նորածիններու հոգատարութեան բարելաւման ծրագիրը կը շարունակուի: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան այցելած է Գիւմրիի Աւստրիական մանկական հիւանդանոց եւ նուիրած է բուժման արդիական կազմած,  Սի.Փի.Էյ.Փի. համակարգ եւ այլ սարքաւորումներ` հիւանդ նորածիններու հոգատարութիւնը եւ խնամքը արդիական սարքաւորումներով ապահովելու համար: Այդ սարքաւորումները պիտի օգնեն, որ հիւանդ փոքրիկին մարմնի ջերմաստիճանը պահպանեն եւ կայունացնեն անոր վիճակը` մինչեւ շրջանային կեդրոն կամ Երեւան տեղափոխուիլը:

«Ըստ վիճակագրական տուեալներու, Հայաստանի մէջ մանկական մահացութեան մակարդակը աւելի քան չորս անգամ կը գերազանցէ այնպիսի երկիրներու տուեալները, ինչպիսիք են Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան: Մենք չենք կրնար ուղղակի դիտորդի դերին մէջ մնալ եւ սկսանք համագործակցելու «Պըրթլինք» հասարակական կազմակերպութեան հետ: Այսօր արդէն, ըստ մասնագէտներու, Հայաստանի մէջ նորածիններու մահացութեան ցուցանիշը էականօրէն կրճատուած է», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Շիրակի մարզի 7 ծննդատուներուն մէջ ամէն տարի կ՛արձանագրուի մօտաւորապէս 40 հազար ծնունդ: Գիւմրիի Աւստրիական մանկական հիւանդանոցը նորածիններ ընդունած է ամբողջ շրջանէն: Այս առումով, կարեւոր է, որ հիւանդանոցը անհրաժեշտ բոլոր սարքաւորումներով օժտուի:

Նշենք, որ 2010 թուականէն ի վեր միացեալ նախագիծի շրջանակներուն մէջ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ «Պըրթլինք» կ՛աջակցին Շիրակի մարզի հիւանդանոցներուն: Աւստրիական մանկական հիւանդանոցին 2010-ին վերստին տրամադրած էին նորածիններու խնամքին համար անհրաժեշտ բժշկական կազմածներ:

Հայաստանի մէջ 2009-ին «Սի.Փի.Էյ.Փի.» համակարգի ներդրումը էական ազդեցութիւն ունեցաւ վաղաժամ ծնած մանուկներու կեանքը փրկելու գործին մէջ: Այս ձեւը վերջին տասնհինգ տարիներու ընթացքին մեծապէս կ՛օգտագործուի Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ Հայաստանի մէջ ծնած փոքրիկները եւս ստացան անհրաժեշտ աջակցութիւն:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՎԻՐԱՀԱՅ ՆԿԱՐԻՉ ԹԵՆԿԻԶ ՄԻՔՈՅԵԱՆՑԸ

Վերջերս Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է վիրահայ նկարիչ Թենկիզ Միքոյեանցը եւ «Վրաստանի հայ ազգային քոնկրես» կազմակերպութեան նախագահ Միքայէլ Աւագեանը:

Նախորդ օրը Երեւանի «Արթ կալերի» պատկերասրահին մէջ կազմակերպուած էր Թ. Միքոյեանցի «Եւրոպայի մայրաքաղաքներով» խորագիրը կրող անհատական բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքը: Թ. Միքոյեանց մինչեւ օրս ներկայացուցած է շարք մը անհատական ցուցահանդէսներ Թիֆլիսի, Մոսկուայի եւ Երեւանի մէջ: Անոր աշխատանքները կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Յունաստանի, Չեխիոյ, Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու անձնական հաւաքածոներու մէջ:

Թ. Միքոյեանց նախարար Հ. Յակոբեանի ներկայացուցած է իր ապագայի ծրագրերը: Իսկ Հրանուշ Յակոբեան իր կարգին առաջարկած է, որ 2012 թուականին Երեւանի մէջ կատարուի Վրաստանի հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս:

Թ. Միքոյեանց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նուիրած է իր ստեղծագործութիւններէն երկու աշխատանք:

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ՀԱՅԸ ԵՒ ԻՐ ԵՐԳԸ»
ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՐԳԱՐԱՆԸ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ հրատարակած է Սիլվա Լ. Տէր Ստեփանեանի եւ Կոմիտաս Գէորգեանի «Հայը եւ իր երգը» խորագիրով մանկական երգարանը:

Երգարանին մէջ ներառուած են ազգային-եկեղեցական տօներուն, բարեպաշտական սովորութիւններուն, հայոց պատմութեան նշանաւոր դէմքերուն եւ դէպքերուն ազգային խորհրդանիշներուն նուիրուած քառասուներկու երգեր` մանուկներու համար դիւրին եւ ընկալելի եղանակներով:

Գիրքի յաւելուածին մէջ ներառուած են երգերուն արեւմտահայերէն գրութիւններն ու անոնց վերաբերող որոշ մեկնաբանութիւնները: Նոթագիրքին արեւելահայերէնի թարգմանութիւնը եւ նոթագրումը իրականացուցած են կեդրոնի աշխատակիցներէն Յասմիկ Աբրահամեանը եւ Ֆլորա Յակոբեանը, իսկ խմբագրումը կատարած է կեդրոնի տնօրէն Վարդան աբղ. Նաւասարդեանը:

Երգարանը նախատեսուած է նախադպրոցական ուսումնական հաստատութիւններու սաներու եւ դպրոցներու տարրական դասարաններու աշակերտներուն համար:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
«ՈՍԿԷ ԱՇՈՒՆ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկէ աշուն» խորագիրով փառատօն, որ նախաձեռնուած էր Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին եւ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ուսանողական խորհուրդին կողմէ:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան բժշկական համալսարանի դասախօսներն ու ուսանողները ողջունելէ ետք նշած է, որ պետական բժշկական համալսարանին մէջ ելոյթ ունենալը պարտաւորեցնող է եւ միշտ ուղեկցուած է բարի յիշողութիւններով: «16 տարի առաջ բժշկական համալսարանին մէջ ուսանողական «Ոսկէ աշուն»-ները վերականգնուեցան իբրեւ աւանդութիւն: Բժշկական համալսարանին մէջ ուսանողական կեանքը այնքան ուժեղ կը բաբախէր, որ կը ստիպէր ապրիլ, աշխատիլ, մտածել` նորովի, ո՛չ միայն ուսանողներուն, այլեւ` դասախօսներուն», նշած է Արմէն Աշոտեան:

Ցերեկոյթի ընթացքին պատուոյ գիրեր յանձնուած են «Լաւագոյն ուսանող», «Լաւագոյն խումբ», «Լաւագոյն դասախօս», «Լաւագոյն ամպիոն», «Բաժանմունքներու լաւագոյն ուսանողներ» անուանակարգերով: Ծրագիրին համերգային բաժինով ելոյթներով հանդէս եկած են համալսարանի «Մեդունի» էսդրատային համոյթը, «Վերածնունդ» ռոք խումբը, «Մեդունի» պարախումբի ուսանողները: Ձեռնարկին նաեւ պարգեւատրուած են վոլիպոլի եւ պասքեթպոլի ներհամալսարանական մրցաշարքի յաղթողները:

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ Է «ՀԱՅԵԱՑՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԸ» ՊԱՏԿԵՐԱԳԻՐՔԸ

Վերջերս Հայաստանի նկարիչներու միութեան ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայեացք. Հայաստանի ժամանակակից արուեստը» խորագիրով պատկերագիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքին մէջ ներառուած է 36 ժամանակակից հայ արուեստագէտներու գործերուն ցուցահանդէսին բացումը: Պատկերագիրքը տպագրուած է ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող, Եու. Էն. Տի. Փի.ի մնայուն ներկայացուցիչ Դաֆինա Գերչեան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նշած է, որ պատկերագիրքը կը հետապնդէ երեք նպատակ, նախ` ներկայացնել ժամանակակից արուեստի ներկայացուցիչները, ապա` ներկայացնել զանոնք միջազգային շուկային մէջ, իսկ երրորդը` Հայաստանը ներկայացնել աշխարհին: Պատկերագիրքը նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին:

Ցուցահանդէսը համադրող Լիլիթ Սարգսեան խօսելով նկարիչներու ընտրութեան մասին` յայտնած է, որ պատկերագիրքին մէջ ընդգրկուած են բացառապէս  հայաստանաբնակ եւ մեծաւ մասամբ երիտասարդ ստեղծագործողներու աշխատանքներ:

Յայտնենք, որ պատկերագիրքին հեղինակն է Իտալիա բնակող յայտնի լրագրող եւ արուեստի մեկնաբան Ասիեհ Լ. Նասսեհի Ջաւանը: Իւրաքանչիւր արուեստագէտի համար պատկերագիրքին մէջ յատկացուած է 4 էջ, որուն առաջին էջին վրայ տեղադրուած է իւրաքանչիւր նկարիչի կենսագրականը, իսկ միւս երեք էջերուն վրայ տեղադրուած է անոնց աշխատանքներէն մէկ կամ երկուքը: Պատկերագիրքը լոյս տեսած է հազար օրինակ, իսկ անոր մէջ ընդգրկուած արուեստագէտներէն են` Անիթա Առաքելեան, Արման Գրիգորեան, Արեւիկ Արեւշատեան, Ռուբէն Գրիգորեան, Գէորգ Սարգսեան (Ճալա), Գրիգոր Խաչատրեան եւ ուրիշներ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԻՏԱԼԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ
ԵՐԿՐՈՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 20-25

Ժամանակակից իտալական ժապաւէններու երկրորդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբեր 20-25, Երեւանի մէջ: Պետական համազգային թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեան յայտնած է, որ փառատօնը պիտի ներկայացնէ իտալական լաւագոյն աւանդութիւններն ու ապրելակերպը: Ամէն տարի կը փորձուի, որ փառատօնը ձեւով մը կապեն հայ հանդիսատեսին հետ: Երկրորդ փառատօնին հայ լուսանկարիչ Վահէ Մելքոնեան պիտի ներկայացնէ «Հիւրընկալ Հռոմ» խորագիրով նկարներու ցուցահանդէսը, որուն մէջ ներկայացուած պիտի ըլլայ իտալական կեանքէն պատկերներ:

Պետական համազգային թատրոնին աշխատանքը հայ հանդիսատեսին առաջարկելն է այնպիսի ժապաւէններու ընտրանի, որոնք իրենց բնոյթով ուղղուած են իտալական մշակութային ժառանգութեան ճանաչման եւ պահպանման: «Ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին իտալերէնով եւ անգլերէնով, որպէսզի երիտասարդներուն կարելիութիւն տրուի աւելի լաւ ծանօթանալու իտալերէնին», յայտնած է Վարդան Մկրտչեան:

Իտալական ժապաւէններու նուիրուած փառատօնը երկրորդ անգամն է, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ, կազմակերպուած է Իտալիոյ դեսպանութեան կողմէ` Պետական համազգային թատրոնի հետ համագործակցութեամբ:

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 23-ԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՆԱՅ
ՄՀԵՐ  ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Դեկտեմբեր 23-ին Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ պիտի կայանայ ամբողջ հայ ժողովուրդին սէրը վայելող դերասան Մհեր Մկրտչեանին նուիրուած «Էն ուրիշ ֆրունզիկը» խորագիրով ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը:

Ժապաւէնին մէջ Մհեր Մկրտչեան ներկայացուած է նոր կերպարով` իբրեւ ուրիշ ֆրունզիկ` իր մտորումներով աշխարհի եւ մարդոց մասին եւ իր իւրայատուկ մօտեցումով դերին մէջ մտնելու եւ արտայայտելու հարցին մէջ:

Ժապաւէնին հեղինակները Յովհաննէս Պապիկեան եւ Շուշանիկ Սահակեան 2010 թուականի փետրուարէն ի վեր կ՛ուսումնասիրէին արխիւային նիւթերու հսկայական քանակ մը, Մկրտչեանի եզակի ձայնագրութիւններն ու հարցազրոյցները եւ կը միտէին 40 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստել, սակայն իբրեւ արդիւնք` ժապաւէնը եղաւ 60 վայրկեանով եւ անոր մէջ ներառուեցաւ Մ. Մկրտչեանի կեանքի այն բաժինները, որոնք լուսարձակի տակ չեն եղած:

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 24-ԻՆ ԿԱԼԱ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍՈՎ
ՊԻՏԻ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ
ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ 85-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ՇԱՐՔԸ

Դեկտեմբեր 24-ին Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը իր 85-ամեակին առիթով պիտի ներկայացնէ կալա-նուագահանդէս մը, որուն ընթացքին իբրեւ մենակատար հանդէս պիտի գայ աշխարհահռչակ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան: Այս նուագահանդէսով պիտի եզրափակուի նուագախումբին յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը: Մինչ այդ պիտի ներկայացուի հռչակաւոր երգահան Կիւստաւ Հոլսթի «Մոլորակներ» սիւիթը, որուն մէջ պիտի օգտագործուի սեպտեմբեր 21-ին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ «Հերոսական բալլադը» համերգին թեքնիքները եւ Պեոտր Իլիչ Չայքովսքիի «Շչելքունչիք» պալէին համերգային կատարումը:

2011 թուականի ստեղծագործական տարին ֆիլհարմոնիքին համար յագեցած էր տօնական եւ իւրայատուկ ծրագիրներով: Երեւանեան միջազգային երաժշտական փառատօնին 5-րդ յոբելեանական հանդիսութիւնը նուիրուած էր միաժամանակ երկու կարեւորագոյն տօներու` Հայաստանի անկախութեան 20 եւ նուագախումբին 85-ամեակին:

Սեպտեմբեր 21-ին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ ներկայացուած է «Հերոսական բալլադը»` բաղկացած հայ անուանի երգահաններու ստեղծագործութիւններու 25 հատուածներէ: Նուագախումբը 2011-ին իրականացուած աշխատանքներուն մէջ յատկապէս յաջողած կը համարուի երիտասարդութեան ուղղուած ծրագիրներուն մէջ:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան օգոստոսին լոյս տեսաւ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին «Հայկական ռապսոդիա» խորագիրով ձայնասկաւառակը` ղեկավարութեամբ Էդուարդ Թոփճեանի եւ թաւջութակի մենակատարութեամբ Ալեքսանդր Չաուշեանի: Ձայնասկաւառակին մէջ ներառուած է հայ երաժիշտներու, երգահաններու հեղինակած չորս գործեր` Արամ Խաչատրեան` «Կոնցերտ-Ռապսոդիա թաւջութակի եւ նուագախումբի համար», Սուրէն Զաքարեան` «Մոնոկրաֆ թաւջութակի եւ սենեկային նուագախումբի համար», Վաչէ Շարաֆեան` «Սիւիթ թաւջութակի եւ նուագախումբի համար», Կոմիտաս` «Կռունկ»: Այս ձայնասկաւառակը արդէն իսկ գրաւած է Եւրոպայի երաժշտասէր ունկնդիրին եւ քննադատներուն ուշադրութիւնը, ինչպէս նաեւ արժանացած է Լոնտոնի «Ինտիփենտընթ» հեղինակաւոր պարբերականին «Շաբթուան ձայնասկաւառակ» կոչման:

Պատրաստեց՝  ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES