ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆԻ ՀԵՏ. ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԱՐԵԳ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ «ՅՈՅՍԻ ԾԱՌԸ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբը 2011-ի դեկտեմբերի 29-ին եւ 30-ին կը ներկայացնէ «Յոյսի ծառը» երաժշտական թատերախաղը:

Այս առիթով մենք տեսակցութիւն ունեցանք Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» եւ «Արեգ» թատերախումբերու բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի հետ, որ հեղինակը, գեղարուեստական ղեկավարն ու բեմադրիչն է «Յոյսի ծառը» ներկայացման:

«ԱԶԴԱԿ».- Աւանդութեան վերածուած է ամէն տարի դեկտեմբերին «Արեգ»-ի հետ ներկայացնել թատերախաղ մը: Ներկայացման մը բեմադրութեան համար վերամուտէն մինչեւ դեկտեմբեր ժամանակամիջոցը բաւարա՞ր է:

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Մեր աշխատանքները կը սկսին աւելի կանուխ: Ներկայացումէն անմիջապէս ետք կը սկսինք նիւթի ընտրութեան, ապա մարտին կ՛ամբողջանան գրական բաժինին հետ կապուած աշխատանքները: Ապրիլին կը սկսինք դերաբաշխումը, որուն կը յաջորդէ աշխատանքը` սեղանին շուրջ: Դերասանները ամառնային արձակուրդի կ՛երթան, համապատասխան յանձնարարութիւններով: Այդ ընթացքին կ՛ամբողջանան բեմայարդարման, տարազներու, բեմական առարկաներու, երգերու, երաժշտական ձեւաւորման հետ կապուած աշխատանքները: Վերամուտին մեր աշխատանքները բաւական յառաջացած կ՛ըլլան եւ կը սկսինք բեմական փորձերու:

«Ա.».- Ինչպիսի՞ն է «Արեգ»-ի ստեղծագործական ծրագիրը եւ ի՞նչն է թատերախումբին գերխնդիրը:

Ռ. Ա.- «Արեգ»-ի գերխնդիրը կը մեկնարկէ Համազգայինի թատերական դպրոցէն, ուր երկու տարուան յագեցած ծրագիրի ընթացքին աշակերտները տեսական եւ գործնական աշխատանքներով կը սերտեն թատրոնը. կը ծանօթանան թատրերգութեան, թատրոնի եւ դերասանական արուեստի տեսակներուն, համապատասխան վարժութիւններով կը յղկեն իրենց բեմական խօսքն ու շարժումը, կեցուածքն ու կեդրոնացումը, դիմախաղն ու կշռոյթի զգացողութիւնը, կը զարգացնեն երեւակայութիւնը, ճկունութիւնը, արագ կողմնորոշուելու կարողութիւնը, կ՛ուսումնասիրեն բեմայարդարման, լուսաւորման, երաժշտական ձեւաւորման, ձայնասփռումի կերպերը, կը սերտեն նիւթի ընտրութեան, դերաբաշխման, տարազներու, ներդաշնակութեան, բեմադրութեան հանգրուաններու հետ կապուած խնդիրները, կը կատարեն քննարկումներ, կը հիւրընկալեն անուանի արուեստագէտներ, տարբեր առիթներով ելոյթներ կ՛ունենան հանրութեան առջեւ:

Աւարտելով դպրոցը` անոնք կ՛անցնին «Արեգ» թատերախումբ: «Արեգ»-ը մնայուն թատերախումբ է, որ առայժմ բաղկացած է շուրջ 50 անդամներէ: Տրամաթիքական, տիկնիկային, մնջախաղային եւ ռատիօ-բեմադրութիւններով «Արեգ»-ը տարբեր առիթներով ներկայացած է հանրութեան. «Ծնունդի նուէր», «Դասը», «Ծառերը», «Անտառի դպրոցը», «Կիկոսի մահը», «3 խոզուկները», «Պոչատ աղուէսը», «Արայիկին արկածները»…

«Արեգ»-ի «Յոյսի ծառը» ներկայացման փորձերուն զուգահեռ, «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին հետ սկսած ենք Մարսել Փանիոլի «Փառքի վաշխառուները» թատերախաղի բեմադրութեան աշխատանքներուն, որ պիտի ներկայացնենք 2012-ի մարտին: Նախորդ տարուան օրինակով, «Արեգ»-ի դերասանները այս տարի եւս առիթ կ՛ունենան ներկայ գտնուելու աւագ թատերախումբի փորձերուն, որ շատ օգտակար դաս մըն է իրենց համար:

«Արեգ»-ի գերխնդիրը նախ սկսնակ դերասաններուն մէջ գեղարուեստական ճաշակ, մշակութային կերտուածք եւ հայեցի դաստիարակութիւն սերմանելն է, ապա այդ բոլորին փոխանցումը` հանդիսատեսին:

«Ա.».- Թատերախաղի մը իրագործումը կ՛ենթադրէ հաւաքական աշխատանք: Ի՞նչ հիմնական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք եւ որո՞նք են «Արեգ»-ի հաւաքականութիւնը ապահովող աջակիցները:

Ռ. Ա.- Որքան մեծ է դերակատարներուն թիւը, այնքան մեծ են դժուարութիւնները: Իւրաքանչիւր ուշացում, յարգելի կամ անյարգելի պատճառներով, կը խոչընդոտէ աշխատանքին ընթացքը, կը խլէ խաղընկերներուն ժամանակը, լարուած, տհաճ ու ջղային վիճակ կը ստեղծէ կազմին մէջ: Եթէ մեր մօտեցումը մակերեսային ըլլայ, կրնանք 5-6 դերասաններով բեմադրութիւն մը իրագործել: Սակայն մեր նպատակը «Արեգ»-ի կազմը առաւելագոյն չափով աշխատանքին մէջ ներգրաւելն է, անոնց կարողութիւնները յղկելը, երբեմն դժուար, կամ անհնարին, բայց իրենց մէջ կարգապահական ոգի մտցնելը:

Թատրոնը արուեստի տեսակներու մէջ բարդագոյնն է, եւ առանց աջակիցներու` անհնար է հասնիլ յաջողութեան:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, «Լ. Շանթ» կեդրոնի տնօրէնութիւնը եւ խնամակալ մարմինը շատ մօտէն կը հետեւին «Արեգ»-ի գործունէութեան:

«Յոյսի ծառ»-ը ներկայացման մէջ մեծ ներդրում ունին պարուսոյց Անդրանիկ Գրիգորեանը` «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտներուն հետ, բեմադրիչի օգնական Մարիա Ղազարեանը, Ծովիկ Սնապեանը, Մարալ Պարսումեանը, Ժանեթ Ղազարեանը, Սեդա Գարակէօզեանը, Լենա Ճորճեանը, Լոռիկ Սապունճեանը, Թամի Հատիտեանը: Բեմայարդարման իրագործման աշխատանքներուն իր նպաստը բերած է Ասպետ Քենտիրճեանը: Ձայնասփռումը եւ լուսաւորումը վստահուած է Նարեկ Առաքելեանին:

Մեծ է նաեւ դերասաններու ծնողներուն դերը, որոնք յաղթահարելով առօրեայ դժուարութիւնները` կը ջանան իրենց զաւակները ժամանակին հասցնել փորձերու:

Անհրաժեշտութեան պարագային, իբրեւ խաղընկեր, «Արեգ»-ին կը միանան աւագ սերունդի դերասաններ կամ նոյնիսկ ծնողներ:

«Յոյսի ծառ»-ին մէջ փոքր դերերով հանդէս կու գան տիկիններ Թամի Հատիտեանը եւ Մարիա Ղազարեանը, որ լաւագոյն օրինակ մըն է փոքր դեր ստացած դերասաններուն` առաւել լրջօրէն գիտակցելու իրենց վստահուած դերին կարեւորութիւնը:

Նման հաւաքականութեամբ կը փորձենք յաղթահարել խոչընդոտները եւ իրագործել սպասուած ներկայացումը:

«Ա.».- Սպասուած ներկայացումը «Յոյսի ծառ»-ն է: Ի՞նչ է ներկայացման պատգամը:

Ռ. Ա.- Յովհաննէս Թումանեանի հանրայայտ հեքիաթի հետեւողութեամբ ստեղծուած երաժշտական ուրախ թատերախաղը Կաղանդի սեմին կու գայ նորոգելու մեր տրամադրութիւնները, վարակելու բոլորս լաւատեսութեամբ ու յոյսով, որովհետեւ ի՛նչ ալ ըլլան կեանքի պայմանները, պէտք է պայքարիլ, ջրել` իւրաքանչիւրս մեր յոյսի ծառը, եթէ անգամ ան չորցեր է, հաւատալով, որ «Յոյսը ամօթով չի ձգեր» եւ ի վերջոյ. «Հոգ ընողին հոգը չի պակսիր, քէֆ ընողին ալ քէֆը չի պակսիր»:

«Ա.».- Ի՞նչ է բեմը եւ առհասարակ թատրոնը «Արեգ»-ի դերասաններուն համար:

Ռ. Ա.- «Արեգ»-ի դերասանները գիտեն, որ թատրոնը մարդկային գործունէութեան այն ոլորտն է, ուր ամէն ինչ խաղ է` պայմանական եւ իրական խաղ:

Բեմը դատարկ տարածութիւն մըն է, ուր մարդը կը յօրինէ իր կեանքը, կ՛որոշէ, թէ ո՛վ է ինքը, ուրկէ՛ կու գայ եւ ո՛ւր կ՛երթայ:

Անոնք գիտեն, որ եթէ կեանքին մէջ ճշմարտութեան կողքին կ՛ապրի նաեւ սուտը, ապա վերջինս բեմին վրայ տեղ չունի:

«Արեգ»-ի դերասանները նաեւ գիտեն, որ մարդիկ թատրոն կ՛երթան ուրիշին ցաւին ու ուրախութեան մէջ տեսնելու, ճանչնալու եւ զգալու սեփական ցաւն ու ուրախութիւնը, ստանալու զիրենք յուզող հարցերուն պատասխանը, միասնաբար տօնելու ճշմարտութեան յաղթանակը:

«Արեգ»-ի դերասանները կը փորձեն «սիրել թատրոնը իրենց մէջ, ոչ թէ զիրենք` թատրոնին մէջ»:

Անոնց մէջ տարուէ տարի կը կերտուի հաւաքական աշխատանքի ոգին, դժուարութիւնները միասնաբար դիմագրաւելու տոկունութիւնն ու նոյն նպատակը իրագործելու կամքը: Նոյն այդ ոգիով, տոկունութեամբ եւ կամքով «Արեգ»-ի դերասանները դեկտեմբեր 29-ին եւ 30-ին կը ներկայացնեն իրենց «Յոյսի ծառ»-ը, հաւատալով, որ ան պիտի տայ իր պտուղները…

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES