ՄԱԿ-Ի ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՅՈՅՍ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ, ՈՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԻՐԱՆԻ ՕԴԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՉԽԱԽՏԷ

Մոհամետ Խազայի

ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի դեսպան Մոհամետ Խազայի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Աֆղանիստանի մէջ օտար ուժերու ներկայութեան պատճառով վտանգներու համեմատութիւնը աւելի է, քան անցեալ տարուան կացութիւնը:

Ան աւելցուց, որ «մենք միշտ Աֆղանիստանի մէջ օտար ուժերու ներկայութեան ժխտական հետեւանքներէն եւ Աֆղանիստանի մերձակայ երկիրներուն այդ ուժերու ներկայութեան ետին գտնուող իսկական նպատակներուն նկատմամբ մտահոգութենէն զգուշացուցած ենք»:

Ան նշեց, որ «որեւէ ձեւի կամ որեւէ պատրուակով օտար ուժերու ներկայութիւնը ահաբեկիչներուն եւ ծայրայեղական խմբաւորումներուն բերրի ենթահող կ՛ապահովէ յաւելեալ գործողութիւններ կատարելու»:

Անդրադառնալով Իրանի օդային տարածքը խզած եւ Թեհրանի կողմէ վար առնուած ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքի հարցին` ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի դեսպանը յայտնեց, որ այդ սարքը իրանեան օդային տարածքին մէջ 250 քիլոմեթր յառաջանալէ ետք վար առնուած է` յոյս յայտնելով, որ ատիկա վերջին անգամը կ՛ըլլայ, որ Միացեալ Նահանգներ այդպիսի ոտնահարում մը կը կատարեն:

 

Share this Article
CATEGORIES