ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ Կ՛ՈՐԴԵԳՐԵՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ժողովէն պահ մը

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարները երէկ Ռիատի մէջ իրենց ժողովի աւարտին յայտարարեցին, որ կ՛որդեգրեն «մարտահրաւէրներու» դիմակայման համար մէկ գոյացութեան մէջ միանալու հանգրուան մուտք գործելու Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին առաջարկը: Կ՛առաջարկուի այդ հանգրուան մուտք գործել` ատոր համար յատուկ յանձնարարականներ պատրաստող մարմինի մը կազմութեան ճամբով:

Անոնք նաեւ քննարկեցին մերձակայ երկիրներու տագնապները, ինչպէս նաեւ Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք իրանեան ազդեցութեան աճին վերաբերող մտավախութիւններն ու այդ հեռացումին պատճառով գոյանալիք ապահովական բացի հաւանականութիւնը:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը ժողովի աւարտին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խօսելով Եգիպտոսի վերջին դէպքերուն մասին յայտնեց, որ Եգիպտոս արաբներուն սիրտն է եւ անիկա արաբական մեծագոյն ու կարեւորագոյն երկիրն է:

Ան նաեւ յայտնեց, որ «Իրան քաղաքակրթութեան եւ կարելիութեանց տէր երկիր մըն է, եւ կը յուսանք, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի երկիրներուն եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները լաւագոյն վիճակի մէջ ըլլան: Իշխան Ֆայսալ հարց տուաւ, թէ «ինչո՞ւ Իրան մեր նկատմամբ այս քաղաքականութեան կը հետեւի: Օրինակ` իրենց լրատուամիջոցները կը փորձեն արաբ մարդը ներկայացնել այնպէս` կարծես յիշատակումի արժանի չէ, իսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ուղղած սպառնալիքները հրապարակաւ են: Եթէ Իրան բարի կամեցողութիւն կ՛ուզէ, ապա մենք ետ պիտի չմնանք, եւ մեր վարքը այդպէս է: Մենք ուրիշին շահերուն չենք վնասեր եւ Իրանին որեւէ չարիք չենք ցանկար»:

Share this Article
CATEGORIES