ԱՅՆ ՀԵԼՈՒԷԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԿԱԿՇԻՌԻ ՏԱԿ Է

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի Ֆաթհի զինուորական թեւի պատասխանատու Մահմուտ Իսա (ծանօթ Լինօ ծածկանունով) «Ժումհուրիա»

օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ նոյնիսկ եթէ Ֆաթհէն հազար հոգի զոհուի, Այն Հելուէի մէջ զինեալ բախումներ ծայր պիտի չառնեն:

Լինօ յայտնեց, որ իրենք պաղեստինեան բոլոր ուժերուն հետ կը համագործակցին եւ կը ջանան բացայայտել իր թիկնապահները ահաբեկող յանցագործները:

Լինօ շեշտեց, որ Այն Հելուէ գաղթակայանի Թաուարէ շրջանին մէջ կայ Ֆաթհ իսլամի մնացորդաց մը, որուն թղթածրարին պէտք է վերջ տալ, սակայն առանց բախումներու:

Միւս կողմէ, «Մուսթաքպալ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այցելուներէն, յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման մնայուն հաղորդակցութեան մէջ է Այն Հելուէի պատասխանատու պաղեստինեան կողմերուն հետ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES