ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուպերթ Տարապուսը, որուն ընկերակցեցաւ դիւանագիտական, զինուորական եւ տեղեկատուական պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Աւստրիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Տարապուս վերահաստատեց, որ Աւստրիա ամէն իմաստով կը զօրակցի Լիբանանին` աւելցնելով, որ Աւստրիա աշխուժ դերակատարութիւն եւ մասնակցութիւն կը բերէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` պահպանելու համար հարաւի ապահովական կայունութիւնը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ համաձայնութիւնը առկայ է` աւելցնելով, որ վարչական նշանակումները պիտի կատարուին կառավարութեան համախոհութեամբ:
«Տիար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն նշանակումը պիտի ըլլայ արդար կերպով` աւելցնելով, որ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահի նշանակման հարցին շուրջ տակաւին ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացած է: