ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, դպրեվանքը հիւրընկալեց Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական հիմնարկներու երրորդ ժողովը:

Բացման աղօթքը կատարեցին դպրեվանքի ներկայացուցիչներ` Գէորգ սրկ. Սապունճեան եւ Սարգիս Կարապետեան:

Առաջին հերթին տեղի ունեցաւ անդամներու ծանօթութիւն: Ապա խօսք առաւ ժողովին հիւրաբար ներկայ գտնուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նորընտիր քարտուղար հայր Փոլ Ռուհանա, որ ծանօթացուց սոյն խորհուրդին պատմականն ու ներկան:

Ժողովականները որոշեցին ընկերային հաւաքոյթ մը կազմակերպել, որպէսզի բոլոր դպրեվանքերու ուսանողները միատեղ հաւաքուելով` աւելի մօտէն ճանչնան զիրար:

Յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի կիրակի, 8 յունուար 2012-ին, Պալամանտի վանքին մէջ, Թրիփոլի:

Share this Article
CATEGORIES