ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2011, Հարիսայի «Բեթանիա» համագումարներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաշմանդամներուն նուիրուած քրիստոնէական համագումար մը, որուն նիւթն էր «Հաշմանդամին դերը եկեղեցիէն ներս»:

Համագումարին մասնակցեցան զանազան դպրեվանքներէ հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը ներկայացուցին տեսչական կազմի անդամներ, ուսուցիչներ եւ սաներ` Վարանդ վրդ. Քորթմոսեան, Յովհաննէս աբղ. Սաղտըճեան, Մկրտիչ քհյ. Քէշիշեան, դոկտ. Ժան Սալմանեան, Գէորգ սրկ. Սապունճեան, Միքայէլ սրկ. Սարգիսեան, Յակոբ կիս. սրկ. Գարտանաքեան եւ Սարգիս Կարապետեան:

Դպրեվանեցիներ իրենց հարցումներով եւ շինիչ առաջարկներով ցոյց տուին, թէ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները կարեւոր տեղ կը գրաւեն իրենց կեանքին մէջ եւ գործակցութեամբ կարելի է բազմաթիւ կնճռոտ հարցերու լուծում գտնել:

Share this Article
CATEGORIES