ԳԱՂՈՒԹԷ-ԳԱՂՈՒԹ
ՊՈԼԻՍ
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ Վ. ՏԱՏՐԵԱՆԻ ԵՒ Թ. ԱՔՉԱՄԻ
«ԴԱՏԱՍՏԱՆ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ» ՀԱՏՈՐԸ
Վերջերս լոյս տեսաւ ցեղասպանագէտներ Վահագն Տատրեանի եւ Թաներ Աքչամի հրատարակած առաջին հատորը (անգլերէն)` «Դատաստան Պոլսոյ մէջ» խորագրով, որ հրատարակուած է Նիւ Եորքի եւ Օքսֆորտի «Պերկան պուքս» հրատարակչութեան կողմէ:
Հատորին նիւթն է Ա. Աշխարհամարտի աւարտին` 1919-ին, օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայ բնակչութեան բնաջնջման հեղինակներու դատավարութիւնները, յատուկ յանձնաժողովի մը կողմէ:
Փրոֆ. Տատրեան շեշտեց կարեւորութիւնը սոյն աշխատութեան եւ բացատրեց, որ անիկա հիմնուած է թրքական փաստաթուղթերու վրայ, զորս օսմանեան իշխանութիւնները հարկադրուած են հրապարակել այդ դատավարութիւններուն առիթով, նաեւ ի տարբերութիւն Ցեղասպանութեան նուիրուած շատ մը այլ հրատարակութիւններու, որոնք պատմութեան մեկնաբանութիւններէ կը բաղկանան, այս մէկը հիմնուած է օսմանցի պետական ղեկավարներու կողմէ երդման տակ տրուած վկայութիւններու վրայ, որոնք ցոյց կու տան հայոց դէմ գործուած ոճիրին ծաւալը:
Աւելի քան 50 տարիներու հետազօտութիւններէ ետք, Տատրեան յայտնաբերած է նաեւ, որ օսմանեան կառավարութեան պաշտօնաթերթը` «Թաքվիմ-ի Վեքայի»-ն զինուորական այդ դատարաններուն մասին լրատուութեան մեծագոյն աղբիւրը չէր, այլ կար նաեւ ֆրանսագիր հայերէն թերթ մը` «Ռընեսանս», որ լոյս կը տեսնէր Պոլիս, որուն էջերը հարուստ են խնդրոյ առարկայ դատավարութիւններուն մանրամասնութիւններով:
ԹԵՀՐԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՂԷՏԱԼԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ
23-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
9 դեկտեմբերին Թեհրանի հայոց եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` 1988 թուականի Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին եւ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Սրբազան հայրը քարոզի ընթացքին անդրադառնալով Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի 23-րդ տարելիցին` նշեց, որ աւերակներու մէջէն ոտքի կանգնեցաւ Հայաստանի ժողովուրդը, եւ այսօր արդէն ամբողջապէս վերաշինուած է երկրաշարժին պատճառով հիմնայատակ կործանած Սպիտակ քաղաքը: Սրբազան հայրը նաեւ անդրադարձաւ երկրաշարժին պատճառով աշխարհի, հայութեան եւ ի մասնաւորի իրանահայութեան կողմէ Հայաստանի ժողովուրդին ցուցաբերուած օժանդակութիւններուն:
«ՇԱՆԹ» ՈՒ «ՇԱՆԹԻԿ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ «ՊԱՊԻԿՆ ՈՒ ՇՈՂԳԱՄԸ»
ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ
Նախաձեռնութեամբ ՀՄԱԿ-ի Արուեստից միութեան, 14, 15, 16 դեկտեմբերին «Կոմիտաս» սրահին մէջ «Շանթ» ու «Շանթիկ» թատերախումբը ներկայացուց «Պապիկն ու շողգամը» մանկապատանեկան թատերախաղը` բեմադրութեամբ Ռուբէն Մկրտիչ Պետրոսեանի: Երգ-երաժշտութեամբ ներկայացուած թատերախաղը գեղեցիկ ու աշխուժ խաղարկութեամբ, մեծապէս հետաքրքրեց եւ ուրախութիւն պատճառեց հանդիսատեսներուն:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
ՀԱՅԵՐԷՆ ՁԱՅՆԱՍՓՌՈՒՄ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Ժողովրդապետ Ռափայէլ քհնյ. Շեֆիքեան համաձայնած է Յունաստանի պետական ERT ձայնասփիւռի կայանի «Ռատիօ Ֆիլիա» բաժինին հետ, հայկական լուրերու սփռումի կապակցութեամբ:
Ամէն ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, 15 վայրկեան տեւողութեամբ, ժողովրդապետ Ռափայէլ քհնյ. Շեֆիքեան պիտի կատարէ հայերէնով հաղորդումներ` հայրենիքէն եւ սփիւռքէն տարբեր տեսակի լուրերու բաժին մը պահելով: Պիտի ձայնասփռուին նաեւ հայկական երաժշտութիւն եւ լուրեր` յունահայ գաղութի կեանքէն:
Սոյն ձայնասփիւռի կայանը կը սփռուի 13 տարբեր լեզուներով` 106.7 FM եւ 665 AM ալիքներու վրայ: Հաղորդումները կը կատարուին նաեւ e-radio.gr համացանցին միջոցով:
ԿԻՊՐՈՍ
ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՄՈՒՏ ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆ ԵՒ ԼՐԱԳՐՈՂ
ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԵՏ
Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին եւ գործակցութեամբ Հայ դատի յանձնախումբին, վերջերս առաջնորդարանի «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ` նուիրուած «Արցախը եւ հայ-թուրք յարաբերութիւնները» նիւթին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Կիպրահայեր» համացանցային թերթի խմբագիր Սիմոն Այնեճեան, որ նկատել տուաւ, որ քաղաքական վերիվայրումները միշտ ազդեցութիւն կ՛ունենան մեր ճակատագրին, աւելցնելով, որ պէտք չէ անտարբեր ըլլալ անոնց նկատմամբ:
Օրուան դասախօսն էր հայրենի հմուտ վերլուծաբան, ականաւոր լրագրող Թաթուլ Յակոբեան: Ան նիւթը բաժնեց երեք մասերու. ա) Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ արցախեան հարցի ներկայ վիճակի քննարկում, բ) Քելբաջարի եւ Քաշաթաղի մասին նկարահանուած «Հայերը Մռաւէն Արաքս» փաստագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն գ) Հարցում-պատասխանի բաժին:
Դասախօսութենէն ետք Վարուժան արք. Հերկելեան շեշտեց տարածքները վերաբնակեցնելու էական ու ճակատագրական խնդիրը եւ հայրենի մայր հողին փարած մնալու հրամայականը: Ան նաեւ պարգեւատրեց Թաթուլ Յակոբեանը շքանշանով մը` առ ի երախտագիտութիւն անոր տարած հայրենանուէր աշխատանքին:
Ձեռնարկի աւարտին, ներկաները առիթը ունեցան նաեւ ստանալու, վաճառքի դրուած, Թաթուլ Յակոբեանի հեղինակած «Արցախեան օրագիր-կանաչ ու սեւ կամ` ո՛չ խաղաղութիւն, ո՛չ պատերազմ» գիրքէն օրինակներ: Նշենք, որ այս հատորը հրատարակուած է եօթը լեզուներով: Իր երկրորդ հատորը` «Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը» մամուլի տակ է:
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ «ԻՒԹԻՒՃԵԱՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի եւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղին, 14 դեկտեմբերին առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ:
Հայրենի ժամանակակից գրականութեան եւ մամուլին մասին դասախօսեց հայրենի ականաւոր գրականագէտ, արուեստաբան եւ պետական համալսարանի դասախօս Երուանդ Տէր Խաչատրեան:
Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ նորատիպ չորս գիրքերու շնորհահանդէսը: Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» գիրքին արեւմտահայերէն հրատարակութիւնը, Գէորգ Գանտահարեանի «Ամէնուն ուսուցիչը», Խրիմեան Հայրիկի «Պապիկ եւ թոռնիկ»-ը, եւ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը»:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ
ՀԱՄՈՅԹԻՆ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐԸ
Յատուկ հրաւէրովը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մշակոյթի նախարարութեան, աջակցութեամբ Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, 29 նոյեմբերէն 3 դեկտեմբեր Ազգային տօնի 40-ամեայ յոբելեանի առիթով, Հայաստանի պարի պետական համոյթը հանդէս եկաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Ապու Տապիի, Տուպայի, Ալ-Այնի, Ում Կուվէյնի էմիրութիւններու մէջ:
Համերգներուն ընթացքին պարի պետական համոյթը արժանացաւ հանդիսատեսի բարձր գնահատականին: Տեղական իշխանութիւններուն կողմէ համարուելով լաւագոյն համոյթ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մշակոյթի նախարարութեան առաջարկով ելոյթը սփռուեցաւ «Տուպայ Թի. Վի.» արբանեակային կայանէն ուղիղ եթերով:
ՀՈԼԱՆՏԱ
«ԿԱՐՕՏ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
10-ԱՄԵԱԿԸ
3 դեկտեմբերին Հոլանտայի Լիրտաամ քաղաքի Մշակութային կեդրոնին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ «Կարօտ» մշակութային միութեան 10-ամեակը:
Ձեռնարկին իր աջակցութիւնը բերաւ Հոլանտայի մէջ Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող միութիւնը, որուն անդամ է «Կարօտ» միութիւնը:
Հոլանտայի մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարի խորհրդական, Հոլանտայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող միութեան նախագահ Սմբատ Մարտիրոսեան, շնորհաւորելով «Կարօտ» մշակութային միութեան 10-ամեակը, կոչ ուղղեց աւելի մեծ ոգեւորութեամբ տարածել հայ մշակոյթը եւ յոյս յայտնեց, որ միասնական ուժերով եւ ազգային մշակութային արժէքներու շուրջ համախմբուածութեամբ պիտի նպաստեն հայապահպանութեան:
Սմբատ Մարտիրոսեան «Կարօտ» մշակութային միութեան յանձնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրը:
«Կարօտ» մշակութային միութեան նախագահ Լուսին Բունիաթովա, խորին շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` սփիւռքի մէջ նախարարի խորհրդականներու կեդրոնի ստեղծման համար, ընդգծեց Սմբատ Մարտիրոսեանի գործունէութիւնը` նշելով, որ անոր նպատակասլաց եւ հայրենանուէր աշխատանքը կայուն եւ գործուն համայնքի իրական երաշխիք է:
Հարկ է նշել, որ «Կարօտ» մշակութային միութեան անդամները իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2011» ծրագրի 6-րդ փուլին:
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ
ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ
20-ԱՄԵԱԿ
10 դեկտեմբերին` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հանրաքուէի օրը, հնդկահայ համայնքը եւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը մեծ հանդիսութեամբ նշեցին «Ղարաբաղ, ես քեզ սիրում եմ» խորագիրը կրող Ղարաբաղի անկախութեան 20-ամեակը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորեն վրդ. Յովհաննիսեան խօսք առնելով` շնորհաւորեց ներկաները Արցախի անկախութեան առիթով եւ համայն հայութեան համար շատ արժէքաւոր համարելով Արցախի անկախութիւնը` յայտնեց, որ Ղարաբաղի ազատագրումը եւ անկախութեան հռչակումը բացառիկ պատմական կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն ունի աշխարհասփիւռ հայութեան համար: Ցեղասպանութիւն ապրած եւ հայրենազրկուած ժողովուրդի մէջէն ղարաբաղեան յաղթանակով պարտուողի եւ կորսնցնողի կարծրատիպը ջնջուեցաւ` աւելցնելով, որ հայութեան մէջ արթնցաւ յաղթող, պահանջատէր հայու գաղափարը` Միացեալ Հայաստանի տեսլականով:
ՓԱՐԻԶ
ՓԱՐԻԶԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ
6 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Փարիզի Հայագիտական ընկերակցութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը: Անիկա առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կեդրոնի նորակառոյց շէնքին մէջ: Ընտրուեցաւ վարչական խորհուրդի նոր կազմ, որուն կարգ մը անդամները միաժամանակ դարձան ընկերակցութեան անդամ: Քննարկուեցան նաեւ ընթացիկ կարգ մը հարցեր:
ԱՐԹՈՒՐ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ֆրանսա: Ան հանդիպում ունեցաւ ֆրանսացի իր գործընկերոջ` Ֆրանսայի Ազգային ապահովութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆրանսիս Տըլոնի հետ: Երկու քարտուղարները համաձայնեցան խորացնել գործակցութիւնը: Այցի ծիրէն ներս Ա. Բաղդասարեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի փոխադրամիջոցներու եւ բնապահպանութեան նախարար Թիէրի Մարիանիի եւ Հօ-տը- Սենի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տեւեճեանի հետ: Հայաստանի ԱԱԽ քարտուղարը հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Արտասահմանի մէջ ֆրանսական կրթական հաստատութիւններու գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Անն-Մարի Տեքոթի հետ: Քննարկուեցաւ Հայաստանի մէջ ֆրանսական ուսումնարանի մը հիմնադրման հարցը: Կողմերը նշեցին, որ Հայաստանի մէջ եւրոպական կրթական հաստատութիւններու հիմնումը կարեւոր նշանակութիւն ունի մրցունակ եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան կրթական համակարգի հետագայ զարգացման համար:
«ՍԻՓԱՆ-ԿՈՄԻՏԱՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ
ԱՆՏԻՊ ԵՐԳԵՐԸ`
ՈՒՂՂԱԿԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ
Աւելի քան կէս դարու ընթացքին (1953-2009) Կարպիս Ափրիկեան եւ «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը միասնաբար տուած են համերգներ` Պրիւքսելի, Ամսթերտամի, Միւնիխի, Պեռնի, Ժընեւի, Ցիւրիխի, Վենետիկի, Մոլտէի (Նորվեկիա) եւ Ֆրանսայի կարեւոր քաղաքներու փառատօներուն եւ մանաւանդ մեծ վարկ ունեցող փարիզեան սրահներու մէջ, ինչպէս` «Օփերա քոմիք», «Թէաթր շանզէլիզէ», «Փալէ տէ Շայօ», «Սալ Փլէօյել», «Սալ Կաւօ» եւ այլն: Ընդհանրապէս այս համերգներէն շատերը արձանագրուած են այդ օրերու թեքնիքով:
Նոր արձանագրուած խտասալիկը կ՛ընդգրկէ 1957-1989 շրջանի անտիպ 20 երգեր, որոնք ցոյց կու տան երգչախումբին կատարողական այդ օրերու բարձր մակարդակը եւ ժողովուրդին ցոյց տուած խանդավառութիւնն ու գնահատանքը: Ունի պատմական վկայութեան արժէք:
Յայտագրին մաս կը կազմեն Կոմիտասի, Գ. Ալէմշահի, Բ. Կանաչեանի, Կ. Ափրիկեանի, Թ. Ալթունեանի եւ Ա. Տիգրանեանի գործերը:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
ՖՐԻՏԵՈՖ ՆԱՆՍԵՆԻ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ
Հովանաւորութեամբ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան, համագործակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի, 3 դեկտեմբերին Նիւ Եորքի «Քառնեկի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Ֆրիտեոֆ Նանսենի 150-ամեակին:
Միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու դափնեկիր հայ երաժիշտներու կատարողութեամբ հնչեցին Արամ Խաչատրեանի, Էտուարտ Կրիկի, Առնօ Բաբաջանեանի, Էդուարդ Միրզոյեանի եւ այլ երաժշտագէտներու ստեղծագործութիւնները:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեան: Ան նշեց, որ զանազան երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկները, նուիրուած Նանսենի, կը փաստեն անոր հանդէպ հայ ժողովուրդին եւ անոր պետութեան տածած յարգանքն ու երախտագիտութիւնը: Դեսպան Նազարեան անդրադարձաւ Նանսենի հայանպաստ գործունէութեան` Ազգերու լիկայի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի պաշտօնի մէջ` ուղղուած Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ ժողովուրդի բեկորներու ներգաղթի, վերաբնակեցման ու վերապրելու համար պայմաններու ապահովման:
ՔԱՆԱՏԱ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Կազմակերպութեամբ Հայագիտութեան ազգային կեդրոնին եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Քանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ 8-12 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ հայկական գիրքերու ցուցահանդէս` նուիրուած հայ գրատպութեան 500-ամեակին:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Թեւոս Ներսիսեան յայտնեց, թէ ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած են զանազան հայկական կազմակերպութիւններ: Հայերէն հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէսի կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահն է Քանատայի մէջ «Համազգային» հայագիտական կեդրոնի ներկայացուցիչ Էդիկ Բաղդասարեան:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ