ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍԸ Ս. ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2011-ին, Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Ամանորի հանդէսն ու պազարը, որոնք տօնական ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտով ողողեցին դպրոցը:

Ներկայ էին վարժարանի նախկին ուսուցիչներ, Ֆանարի Ս. մատրան տիկնանց յանձնախումբը, ԼՕԽ-ի «Հ. Սասուն»-ի եւ «Արազ» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ վարժարանի բարեկամներ:

Հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտներ, որոնք իրենց երգերով, ասմունքներով, պարերով եւ կենդանի պատկերներով հմայեցին ու մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ:

Կաղանդի ու Ս. Ծննդեան յատուկ շունչով ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրը մանուկներուն ուրախութիւնը փոխանցեց ներկաներուն:

Յայտագրի աւարտին վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց քաջալերանքին համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց բոլոր ուսուցիչները, որոնք ճիգ չէին խնայած մեծ յաջողութեամբ պսակելու այս յայտագիրը: Ապա երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն բարերարներուն, որոնք ընդմիշտ կը ջանան սատարել վարժարանի վերելքին: Ապա տեղի ունեցաւ Կաղանդի պազարը, որուն ընթացքին վաճառուեցան վարժարանի ծնողներուն կողմէ պատրաստուած ուտեստեղէններ, ինչպէս նաեւ` Կաղանդի զարդեղէններ:

 

Share this Article
CATEGORIES