«ԶԲԱՂԱԾ ԵՄ, ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻՄ…»
ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Զբաղած եմ, ժամանակ չունի՜մ», «Ծանրաբեռնուած եմ», «Գլուխս քերելու ժամանակ չունիմ…», «Ժամանակս ոսկի է»…
Նման յանկերգներով կրկնուող պատճառաբանութիւնները խօսելու սովորութենականացած ձեւեր են այլեւս, որոնք ստէպ կը գործածուին որպէս պատրուակ` պատասխանատուութենէ փախուստի, յանձնառութենէ խուսափումի, կամ թերացումի պարագային` ինքնարդարացումի:
Մերօրեայ կեանքը իր բազմակնճիռ ու բազմակերտ երեսներով, երեւոյթներով ու դիմայեղութիւններով մարդուս կեանքը վերածած է լոկ ճեպընթաց կեանքի մը` մարդ անհատը դարձնելով անպատասխանատու` իր գործին, անփոյթ` իր անձին, անտարբեր` իր շրջապատին նկատմամբ: Աշխարհին տակաւին նոր բացուած երիտասարդը կը ջանայ իր կեանքը ապրիլ, իր ժամանակը լեցնել այնպիսի ստորաքարշ վայելքներով, որոնք ո՛չ միայն իր ժամանակը յումպէտս կը վատնեն, այլեւ զինք գերի կը դարձնեն իրեն քաղցր թուացող չարախինդ մոլութեանց: Իր բովանդակ կեանքը այսպէս ապրած երիտասարդը, խոր ծերութեան հասած, երբ կը նայի իր պատանութեան ու երիտասարդութեան կեանքին, այնտեղ միայն կը տեսնէ պոռոտ գունաւորումներով, աննպատակ արարքներով եւ զազրելի մեղքերով լի կեանք մը: Ահա ա՛յն ատեն կը զղջայ, կ՛ուզէ ետդարձ մը կատարել` գէթ իր կեանքը փոխելու համար, բայց օրերն «անդարձ» իբրեւ ժամանակ անցած են: Ժամանակին մէջ ինք ապրած է, եւ այդ ապրումը խորաքանդակուած ու դաջուած է իր հոգիին մէջ, չէ անհետացած, որովհետեւ իր հոգին ու յիշողութիւնը ժամանակի թաւալքէն չեն նուաճուած եւ երբեք պիտի չանհետանան ու չթաղուին ժամանակին հետ:
Արդարեւ, ժամանակին մէջ ապրիլը, գոյատեւելը մեր մարդկային բնութեան բերումն է, ձեւով մը` մեր բնութեան «պարտադրանքը»: Իւրաքանչիւր գոյակ, որ կը ծնի, կը շնչէ, կ՛աճի, ժամանակի հոլովոյթին մէջ մտած կ՛ըլլայ, մինչեւ որ այլեւս աճումը դադրի եւ քայքայումը վրայ հասնի մահուամբ: Սա մեր բնութեան մէջ «գրուած օրէնք է», մեր «ճակտի գիրն է», ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդական առածը:
Ժամանակը առհասարակ սահմանուած է որպէս «ակնթարթային անցք մը անցեալին եւ ապագային միջեւ` պահ մը ապագայէն պոկուած ու նուաճուած, ապա անմիջապէս անցեալին շղթայուող եթերային նօսրութեամբ թել մը» (Գարեգին Բ. կաթողիկոս): Ոմանց համար ժամանակը վիշտերու, դառնութեանց ու սպիներու բալասան է, որ կ՛ամոքէ բոլոր տեսակի դժուարութիւնները: Ոմանց համար ժամանակը կը ներկայանայ որպէս հանգրուան մը` տխրութենէն դէպի ուրախութիւն թեւակոխելու միջոց: Իսկ ոմանց համար ալ ժամանակը եւ կեանքը իրարու հետ աղերսուած գործօններ են, ուր ժամանակը կը ներկայացուի դէպի կատարելագործութիւն ձգտող կեանքի յառաջխաղացք: Տարիներու հոլովոյթը այդ յառաջխաղացքին քայլափոխերն են, որ իր վախճանը կը գտնէ կեանքի լրումին եւ աստուածային յաւերժութեան մէջ: Քրիստոսի մտածողութեան մէջ նոյնպէս կը հանդիպինք ժամանակի յաւերժութեան ու յաւիտենութեան առնչուած տուեալներու: Յովհաննու Աւետարանին մէջ իսկ կը բնորոշուի Աստուծոյ ժամանակէն աւելի վեր, գերյաւերժական բնութիւնն ու մշտնջենականութիւնը. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը…» (Յհ 1.1):
«Ժամանակը ինծի համար այն կտաւն է, որուն վրայ մարդ իր կեանքի արուեստովը պատկեր մը կը դրոշմէ. եւ այդ պատկերն է, որ կտաւը կը փրկէ կտաւութեան ինքնիրմով «չէզոք», անիմաստ գոյութենէն եւ բնական փճացումէն: Կտաւը սոսկ իբրեւ կտաւ գործածողն է, որ կը նոյնանայ կտաւութեան ճակատագրին հետ: Կտաւը իբրեւ պաստառ գործածողը այլ իմն գոյութեան մը ծիրի մէջ կը մտնէ, ուր ժամանակը իշխանութենէ կը դադրի…» (Գարեգին Բ. կաթողիկոս):
Ըսուած է, որ մարդ ամէնէն շատ տառապող արարածն է բոլոր կենդանիներուն մէջ, որովհետեւ բաժնուած է երկու աշխարհներու` հունաւորին` աշխարհին եւ անհունին` անդենականին միջեւ: Ահա կեանքի ա՛յս երկեակ «անսահման» տարածքներու առկայութիւնն է, որ կը ստեղծէ մարդու կեանքին առեղծուածային թնճուկը. խոտի նման ժամանակաւոր կեա՞նք ունենալ, թէ՞ անժամանցելի արժէքներով դրսեւորուած կեանք մը ապրիլ:
Կան բազում մարդիկ, որոնք իրենց անցաւոր կեանքին մէջ անանց ապրումներուն աւելի կարեւորութիւն կ՛ընծայեն` դառնալով ժառանգորդ յաւիտենականութեան, եւ մարդիկ ալ կան, որոնք «կեր, արբ եւ ուրախ լեր», «հագուէ, շքուէ ու պտտէ», «շաղակրատէ, զրաբանէ ու բամբասէ» կենցաղակերպերով իրենց կեանքը վերածած են հաճոյաձիգ վայելքներով ցոփ կեանքի մը: Կան մարդիկ, որոնց կեանքի կիզակէտը իրենց ժամանակը արժեւորել ու արդիւնաւորել է` յօգուտ իրենց անձին եւ իրենց շրջապատին, իսկ մարդիկ ալ կան, որոնք իրենց ժամանակը անցընելու սիրոյն անմտաբար գձուձ հաշիւներով կը սպաննեն իրենց ժամանակը: Վերջապէս, անձեր ալ կան, որոնց օրերը, տարիները, ժամանակը, կեանքը շա՜տ երկար կը թուին, որովհետեւ իրենց կեանքը «հիմնաւորած են» ունայնութեանց վրայ. մինչդեռ աշխատունակ մարդուն համար ժամանակը շուտ կ՛անցնի, եւ ինք անոր արագ թռչիլն անգամ չի զգար, նման այն երկրագործին, որ առանց ետեւը նայելու շարունակ կ՛աշխատի, կը հերկէ, կը վարէ, եւ ժամանակ մը ետք կը տեսնէ, թէ ամէն դժուարութիւն հարթուած է եւ աշխատութիւնը աւարտած` շնորհիւ իր յարատեւ ջանադրութեան: Զուր տեղը չէ ըսուած, թէ` «Ժամանակը յամրընթաց է անոնց համար, որոնք կը սպասեն: Շատ արագ է անոնց համար, որոնք կը վախնան: Խիստ երկար է անոնց համար, որոնք կը տառապին: Խիստ կարճ է անոնց համար, որոնք կը զուարճանան: Բայց անոնց համար, որոնք կը սիրեն, ժամանակը յաւերժութիւն է»:
Սիրելի՛ ընթերցող, ժամանակը ջուրի նման կու գայ ու կ՛երթայ: Ջուրը դէպի երկինք կը շոգիանայ, ամպերուն մէջ կը մեռնի ու կը չքանայ, եւ անձրեւին հետ միասին կը վերածնի ու կը վերադառնայ որպէս գետ ու առու, աղբիւր եւ լիճ, ծով ու ովկիանոս: Նոյնպէս, ժամանակի հոսանքին մէջ ապրող արարածդ, գիտակցութեանդ զօրութեամբը եւ կարողութեամբդ կը զգաս յորձանուտին հոսունութիւնը: Դո՛ւն ես, որ այդ ահեղավազ հոսանքին մէջ կը բռնես մնայնութիւն մը` հետք մը դրոշմելով ժամանակին վրայ, որ կը փրկէ ժամանակը մահուան մագիլներէն ու կը յանձնէ զայն պատմութեան` մարդկութեան կենդանի յիշողութեան:
Հետք մը թողա՞ծ ես կեանքիդ մէջ, թէ՞ ոչ «ժամանակ չունիմ» յանկերգով փախուստ տուած ես քու պարտաւորութիւններէդ: Անցած ժամանակը անցած է, ա՛լ քեզի չի պատկանիր: Կորսուած ժամերդ անգամ մըն ալ ետ չեն դառնար, երիտասարդութիւնդ անգամ մըն ալ ձեռք բերելը անկարելի է: Ինչ որ պիտի ընես, հիմա՛ ըրէ, որովհետեւ հաւանաբար վաղը ուշ ըլլայ արդէն…

