ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԸ ԻՐԱՆԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱՍՑՆԵԼԸ ԼՈՒԾԵԼԻ ԽՆԴԻՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի յայտարարած է, որ Իրանի դէմ յարձակումը իրենց համար լուծելի խնդիր է:
Ան ըսած է, որ «անհրաժեշտութեան պարագային», Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը կրնան հարուած հասցնել իրանեան հիւլէական եւ զինուորական դիրքերուն, սակայն նաեւ զգուշացուցած է, որ այդպիսի գործողութիւն մը «շրջանին եւ ամբողջ աշխարհին համար ողբերգութիւն պիտի ըլլայ»:
Անդրադառնալով Իրանի դէմ Իսրայէլի հաւանական յարձակումին` Տեմփսի ըսած է, որ չի կարծեր, թէ իսրայէլացիները այդ մասին Միացեալ Նահանգները պիտի զգուշացնեն: Ըստ անոր, Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի անհանգստութեան կը գիտակցին:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա իր կարգին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար բացառել Իրանի դէմ յարձակումը, որովհետեւ ո՛չ Միացեալ Նահանգներ, ո՛չ ալ Իսրայէլ կրնան թոյլ տալ Թեհրանին հիւլէական զէնք ունենալ:


