ՄԱԼԻՔԻ ԻՐԱՔԻ ՔՐՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԻՐԱՔԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ «ՅԱՆՁՆԵԼՈՒ»

Նուրի Մալիքի

Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Իրաքի քրտական շրջանի կառավարութեան կոչ ուղղեց Իրաքի փոխնախագահ, «ահաբեկչութեան առնչուած» հարցերով ամբաստանուած Թարեք Հաշիմին արդարադատութեան յանձնելու:

Մալիքի Պաղտատի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ իր կառավարութիւնը «իրաքեան արդարադատութեան մէջ որեւէ միջամտութիւն չ՛ընդունիր»` աւելցնելով, որ «Արաբական լիկան եւ աշխարհը քրէական հարցի մը հետ ի՞նչ կապ ունին»:

Հաշիմի, որուն դէմ ձերբակալման հրաման արձակուած է եւ ճամբորդութեան արգելք հաստատուած, երեքշաբթի օր քրտական ինքնավար շրջանի Էրպիլ քաղաքին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ինք պատրաստ է միայն քրտական շրջանին մէջ գտնուող դատարանի մը ներկայանալու` պահանջելով, որ «հետաքննութեան երաշխաւորման համար հետաքննութեան եւ հարցաքննութեան ներկայ գտնուին Արաբական լիկայէն ներկայացուցիչներ եւ արաբ փաստաբաններ»:

Մալիքի նաեւ սպառնաց Այատ Ալլաուիի գլխաւորած «Իրաքիա» խորհրդարանական համախմբումի անդամ նախարարները փոխարինել, եթէ շարունակեն կառավարութեան նիստերը պոյքոթի ենթարկել:

 

Share this Article
CATEGORIES