ՄԻՆՉԵՒ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԸ ՊԵՆԿԱԶԻ ԼԻՊԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԻՐ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱՌԵՑՈՒՑ
Լիպիոյ քաղաքներէն Պենկազի սառեցուց Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին իր ներկայացուցիչներու անդամակցութիւնը` ընդառաջելով իր բնակիչներուն` Մոամմար Քազզաֆիի վարչակարգը տապալած «17 փետրուարի յեղափոխութեան» ընթացքը սրբագրելու պահանջին:
Քաղաքի տեղական խորհուրդը հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեց, որ իր ներկայացուցիչներուն անդամակցութիւնը սառեցուած պիտի մնայ, մինչեւ որ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդը ընդառաջէ քաղաքի բնակչութեան պահանջներուն:
Պենկազիի տեղական խորհուրդէն աղբիւր մը «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ քաղաքի բնակչութիւնը դժգոհ է գործունէութենէն եւ քաղաքականութենէն Ազգային փոխանցման խորհուրդին, որ մինչեւ հիմա «17 փետրուարի յեղափոխութեան» ընթացքը սրբագրելու համար գործնական որեւէ քայլի չէ դիմած:
CATEGORIES Միջազգային