ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինի դեսպան Ապտալլա Ապտալլան, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան Այն Հըլուէ գաղթակայանի ապահովական վերջին իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել այսօր ապահովական նիստ մը պիտի գումարէ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին ամանորեան պայմաններու մէջ կիրարկուելիք ապահովական միջոցառումները:

ԲԵՌՆԱՒՈՐՈՒԱԾ փոխադրակառք մը երէկ առաւօտ բախեցաւ փոքր ինքնաշարժի մը. արկածին զոհ գնաց Ժոզեֆ Նաքատ` երթեւեկի սաստիկ խճողում յառաջացնելով Ժալ էլ Տիպի մայրուղիին վրայ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ գրաւոր յուշագիր մը ստացաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարէն, ուր ան Լիբանանը կը հրաւիրէ մաս կազմելու դէպի Սուրիա առաքուելիք դէտերու խմբակին:

 

Share this Article
CATEGORIES