ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ՄԵՐՆ Է ԵՒ ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ՉԷԶՈՔԱՑՆԵԼ ՄԻՒՍԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՀԱՐԻՐԻ

«Բոլորը թող գիտնան, որ Լիբանան մերն է, եւ ոչ ոք կրնայ չէզոքացնել միւսը Լիբանանի մէջ, յայտարարեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, երէկ թուրք վարիչներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն աւարտին:

Արդարեւ, պատուիրակութեան մը նախագահելով Հարիրի երէկ այցելեց Թուրքիա, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանային, յատկապէս լիբանանեան ու սուրիական իրավիճակին վերջին զարգացումները` Արաբական լիկային հետ Սուրիոյ ստորագրած արձանագրութեան լոյսին տակ:

Այս առիթով լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Տաւութօղլու ըսաւ. «Շրջանը կ՛ապրի պատմական փոփոխութիւններու հանգրուան մը, եւ բոլորս գիտենք, թէ պատմութեան ընթացքը կ՛ուղղուի ժողովուրդներու պահանջներուն իրագործման ուղիով»: Տաւութօղլու ողջունեց Հարիրին` նշելով, որ «ան իր տան մէջ կը գտնուի»:

Սուրիոյ մասին հարցումի մը պատասխանելով` Տաւութօղլու ըսաւ. «Այդ արձանագրութիւնը ունի մէկէ աւելի հեռանկարներ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի արգելափակեալներու ազատ արձակման, դէտերու Սուրիա առաքման եւ անդորրութեան հաստատման ճիգերու հսկողութեան»: «Թուրքիա մեծապէս պիտի նպաստէ եւ առաւելագոյն ճիգ պիտի թափէ յաջողեցնելու նշեալ արձանագրութեան գործադրութիւնը», շարունակեց Տաւութօղլու` ընդգծելով, որ Թուրքիա նախաձեռնող կարեւոր կողմերէն մէկն է այս արձանագրութեան ստորագրութեան քայլին:

Իր կարգին, Սաատ Հարիրի լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով անդրադարձաւ Պէյրութի ապազինեալ քաղաք հռչակման քայլերուն` ընդգծելով, որ Լիբանան իր ամբողջութեան մէջ պէտք է մնայ պետութեան եւ լիբանանեան բանակի հակակշիռին տակ, գործակցաբար քաղաքական այլազան կողմերուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES