ՃԱՏՐԱԿ. ԱՐՈՆԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ «ԿՈՅՐ» ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Լեւոն Արոնեան (ձախին) եւ Վեսելին Թոփալով

Երէկ, Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա) աւարտեցաւ «Էյմպըր»ի ճատրակի միջազգային 20-րդ մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 10-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:

Հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան, որ մրցեցաւ պուլկարացի Վեսելին Թոփալովի դէմ, «կոյր» ճատրակի մրցումին անոր յաղթելէ ետք (60-րդ շարժումին) տիրացաւ տիտղոսին` ապահովելով 8 կէտ:

Արագ ճատրակի տիտղոսին տիրացաւ նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն (8,5 կէտ): Արոնեան ապահովեց 6,5 կէտ:

Ինչ կը վերաբերի արագ ճատրակի մրցումին, Արոնեան 37-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Թոփալովի հետ:

Ընդհանուր դասաւորման մէջ Արոնեան 14,5 կէտ ապահովելով գրաւեց առաջին դիրքը: Քարլսըն 13,5 կէտով հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ 11 կէտով` երրորդ դիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES