ԼԻՓՓԻ ԿԸ ՄՏԱԴՐԷ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ, ԲԱՅՑ ՈՉ` ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

Մարչելօ Լիփփի

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Մարչելօ Լիփփի երէկ կատարած իր յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը մտադրէ վերադառնալ մարզիչի ասպարէզ, սակայն ոչ` Իտալիոյ մէջ:

62 տարեկան Լիփփի, որ Իտալիոյ հետ 2006-ին տիրացաւ Մոնտիալի տիտղոսին, 2010-ի Մոնտիալին ձախողութեան հանդիպեցաւ եւ Ա. հանգրուանէն դուրս մնաց:

Իր այդ ձախողութենէն ետք ան կը մնայ անգործ:

Լրագրողներուն հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին Լիփփի ըսաւ, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, երբեք մտադիր չէ Իտալիա վերադառնալ:

 

Share this Article
CATEGORIES