«ԿԱՆԱՉ ԱՐԶ ՄԱՐԱԹՈՆ»ԻՆ ԻՐԵՆՑ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԲԵՐԵՆ 137 ՎԱԶՈՂՆԵՐ
Ինթըր Լեպանոն ակումբի նախագահ Ռոժէ Պաժանի իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յաւելեալ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց «Կանաչ Արզ Մարաթոն»ին մասին: Սոյն մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 27 մարտին:
Առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի «Ռիվիերա» պանդոկին առջեւէն սկսելիք վազքի այս մրցումը, որուն երկարութիւնն է 42,195 քմ, պիտի աւարտի Ժիպէյլի մէջ:
Ան ըսաւ, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 137 վազողներ, որոնք պիտի անցնին ծովեզերեայ 25 քաղաքներէ:
Աւարտին տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ նախարար Մոհամետ Ռահհալի, որ պիտի ներկայացնէ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը:
CATEGORIES Մարզական


