«ՄԻՆՉԵՒ ԴՐԱԽՏԸ ԵՒ ԱՆԴԻՆ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` Մ. ՀԱՅԿԵՆՑ)

2010-ին, Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի քաղաքին մէջ լոյս տեսաւ Մ. Հայկենցի «Մինչեւ դրախտը եւ անդին» խորագրեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 112 էջերէ:

Սոյն գործը կ՛ընդգրկէ երկու հիմնական բաժիններ: Ա. բաժինը կը բովանդակէ հետեւեալ չորս պատմուածքները. «Լոգումը», «Փամփքին անփոխարինելին», «Մարիլին Մալրոն Ստանլիի ծոցին մէջ» եւ «Խաւաքարտէ մարդը դրախտէն դուրս»: Բ. բաժինը կը պարունակէ հետեւեալ երկու գիտական գրութիւնները. «Նամականի կամ դռնբացէք կորուսեալ աշխարհի» եւ «Ածուն 21-րդ դարուն»:

Պէտք է ըսել, որ հատորին չորս պատմուածքներուն ենթահողը Նիւ Ճըրզի ամերիկեան քաղաքն է, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ դէպքերն ու իրադարձութիւնները տիպարներու միջոցով: Ան կը շարահիւսէ յիշեալ պատմուածքները հեռակորոյս անցեալ մը, կարօտաբաղձ զգացում մը կամ եղերական ճշմարտութիւն մը բացայայտելու առաջադրութեամբ:

Օրինակ, հայ երիտասարդի մը եւ յոյն աղջկան մը միջեւ կնքուած ամուսնութեամբ կը պարզուի այն իրողութիւնը, թէ կարելի չէ հայերն ու յոյները արմատախիլ ընել: Թէ` «Ըլլալի՞ք բան է: Ամբողջ երկիր մը, հայոց հողը, նուէր կը տրուի՞, մէկ միլիոն յոյն իրենց բնօրրան Փոքր Ասիայէն դուրս կը նետուի՞ն… խաղաղութեա՛ն աւելով…»:

«Փամփքին անփոխարինելին» խորագրեալ պատմուածքով Մ. Հայկենց կ՛ըսէ, թէ Մորէյն իր վարձակալութեան աւարտին, տարբեր տեսակ բնակարան մը փոխադրուելէ առաջ, կը խնդրէ յարկաբաժնի տիրոջմէն, որ իր մեկնումէն ետք հոգ տանի իր սեւ ու ճերմակ կատուին` Փամփքինին, այն համոզումով, որ կատուն կը կրէ իր հանգուցեալ հօր հոգին: Մորէյնի մեկնումէն ետք, թէեւ նոր վարձակալները` Վինի եւ Պեթի իրենց հոգածութեան առարկան կը դարձնեն Փամփքինը, սակայն կատուն կը կորսուի օր մը խոր վիշտ պատճառելով նոր տնեցիներուն: Սոյն պատմուածքով հեղինակը ցոյց կու տայ այն սիրալիր հոգատարութիւնը, զոր ցոյց կու տան մարդիկ կատուի մը նկատմամբ…

«Խաւաքարտէ մարդը իր դրախտէն դուրս» խորագրեալ պատմուածքով Մ. Հայկենց կը ներկայացնէ ամերիկահայ Մատթէոս Կարինեանի կեանքին գլխաւոր հանգրուանները: Կ՛ըսէ, թէ Մատթէոս Պէյրութէն եկած է Նիւ Ճըրզի քառասունական թուականներուն սկիզբը եւ ստանձնած պաշտօն` մասնաւոր հետաքննութեանց հաստատութեան մը մէջ: Մատթէոս Կարինեան յառաջացած տարիքին լրջօրէն կը հիւանդանայ ու կը մեռնի Էնկլ հիւանդանոցին մէջ, ենթարկուելէ ետք վիրաբուժական գործողութեան: Սոյն պատմուածքին եղերական բաժինը այն պահն է, երբ Մատթէոս Կարինեանի դամբանախօսը` փաստաբան մըսթըր Տէյվիս, փաստաբանական տան մէջ, կը բաժնէ սգակիր հարազատներուն իր կողմէ խեղաթիւրուած հանգուցեալին կտակը: Նկատելով փաստաբան Տէյվիսի խաբէական արարքը` Մատթէոսի ազգականները խորապէս կը դառնան յուսախաբ:

«Մինչեւ դրախտը եւ անդին» խորագրեալ հատորին երկրորդ բաժինով Մ. Հայկենց կ՛անդրադառնայ հրապարակագիր եւ արուեստաբան Գրիգոր Քէօսէեանի կողմէ 2004 թուին հատորի վերածուած Շահան Շահնուրի այն նամակներուն, որոնք ուղղուած են Գուրգէն Մահարիի եւ Անդրանիկ Անդրէասեանի:

Մ. Հայկենց կ՛ըսէ, թէ Շահնուրի եւ Մահարիի միջեւ նամակագրութիւնը կը սկսի 1962-ին ու վերջ կը գտնէ 18 յունիս 1969-ին, երբ ամիս մը ետք Մահարի կը փակէ աչքերը: Սոյն նամակներուն ծանրութեան կեդրոնը Գուրգէն Մահարիի «Այրուող այգեստաններ» վէպին «քաղաքական» արժեւորումն է, զոր կը կատարէ Շահնուր:

Իսկ Շահան Շահնուրի եւ Անդրանիկ Անդրէասեանի միջեւ փոխանակուած նամակները կը սկսին 12 մարտ 1934-ին ու կը շարունակուին մինչեւ 1 յուլիս 1970: Յիշեալ նամակներուն մէջ արծարծուած հարցերուն կապակցութեամբ, Մ. հայկենց կ՛արտայայտէ որոշ կարծիքներ եւ կու տայ լուսաբանութիւններ, ինչպէս 27 հոկտեմբեր 1916-ին, Լոնտոնի մէջ ֆրանսացի դիւանագէտ Ժորժ- Փիքոյի հետ ունեցած Պօղոս Նուպարի տեսակցութիւնը:

Այս առիթով կ՛ուզենք յիշել, թէ խմբագիր Գրիգոր Քէօսէեան 83 էջերէ բաղկացած ծանօթագրութիւններու ընդարձակ բաժինով մը հարստացուցած է Շահան Շահնուրի նամականիին երկրորդ հատորը եւ զայն օժտած` գրական եւ մշակութային հարցերու վերաբերեալ շահեկան տեղեկութիւններով:

Այսպէս, ակնարկելով Քէօսէեանի թիւ 208 ծանօթագրութեան Մ. Հայկենց հարց կու տայ, թէ Երուսաղէմի 23 թանկարժէք ձեռագիրները ի՞նչ պայմաններու տակ դուրս հանուած են Սրբոց Յակոբեանց վանքէն եւ ղրկուած Լոնտոն, Սոթըպի եւ ընկ. հռչակաւոր տունը` զանոնք աճուրդով վաճառելու յետին մտադրութեամբ: Սակայն համահայկական բողոքի դիմաց Եղիշէ պատրիարքն ու դիւանապետ Շահէ եպս. Աճեմեան կը յաջողին վերադարձնել յիշեալ 23 ձեռագիրները Երուսաղէմի գանձատան, 11 մարտ 1967-ին:

Քէօսէեանի թիւ 216 ծանօթագրութեան առնչութեամբ, Ս. հայկենց կը յայտնէ, թէ Աղբիւր Սերոբ թունաւորուելով թուրքերէն` չմեռաւ Սասնոյ լեռներուն վրայ, այլ գլխատուեցաւ 1899-ի Նոյեմբեր ամսուն Սասուն գաւառի Կելեէկիւզան գիւղին մէջ, քիւրտ աշիրեթապետ Պշարէ Խալիլէն:

Անդրադառնալով նաեւ Քէօսէեանի թիւ 217 ծանօթագրութեան, Մ. Հայկենց կը կատարէ հետեւեալ ճշդումը, թէ` ազգային հերոս Անդրանիկ փաշան Սասնոյ արծիւն է, ո՛չ թէ Վասպուրականի:

Հատորին մաս կազմող բազմաթիւ հարցերու շարքին, Մ. Հայկենց կը յիշէ նաեւ հայոց լեզուի ուղղագրութեան հարցը: Ան ջերմ պաշտպանն է այն ըմբռնումին, թէ Հայաստան թօթափած ըլլալով համայնավարութեան լուծը` պէտք է լքէ նոյնպէս Մանուկ Աբեղեանի ուղղագրութիւնը եւ հետեւի մեսրոպեան կամ դասական ուղղագրութեան: Այս յղացքով, Մ. Հայկենց կ՛ըսէ. «Կը համարձակիմ յայտարարելու, թէ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը միա՛կ ճիշդն է եւ միա՛կ գեղեցիկը»: Ապա ան կը յարէ. «Ճիշդն ու գեղեցիկը դուրս դրուած էր Հայաստանի դպրոցէն, պէտք է մտնէ շուտով: Յիսուս հոն Մեսրոպին հետ կը սպասէ իրեն: Երկուքը կը լուծեն «մրրկաւ զատուած» եղբայրներուն միութեան հարցը… գոնէ մասամբ»:

Արդարեւ, «Մինչեւ դրախտը եւ անդին» խորագրեալ հատորը ուշագրաւ հրատարակութիւն մըն է, ուր Մ. Հայկենց կը դրսեւորէ գրագէտի եւ գրաքննադատի արժանիքներ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Փետրուար 2011
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES