ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ

«Մեծագոյն սէրը, այն սէրն է, երբ մարդ պատրաստ է ինքնազոհութեան` յանուն իր մերձաւորին եւ Աստուծուն»:

Այս խօսքի ճշմարտացիութեան առաջին օրինակը հանդիսացաւ Յիսուս Քրիստոս իր խաչելութեամբ, իսկ հաւաքական ձեւով` ազգովին առաջին օրինակը տուինք մենք` հայերս` 451 թուականին, Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի եզրին, Վարդանանց նահատակներու օրինակով: Այսպիսով, կանխեցինք զրադաշտականութեան հուժկու հոսանքին մուտքը դէպի Եւրոպա եւ համայն քաղաքակիրթ աշխարհ: Պարսից թագաւոր Յազկերտի դաւանափոխութեան կոչը ոչ միայն դաւանափոխութիւն , այլ ձուլում եւ ազգային ինքնութեան կորուստ ու որպէս ազգ վերացում կ՛ենթադրէր, ուստի հայ ժողովուրդը այդ միտումը ճիշդ ընկալելով` միահամուռ կերպով ոտքի ելաւ եւ արժանի հակահարուած տուաւ ոսոխին:

Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, կիրակի, 6 մարտ 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Հայ երեք հոգեւոր պետերու, ոգեկոչուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց յիշատակը:

Օրուան հանդիսավար Մարալ Աբրիկեան բացման խօսքի համար բեմ հրաւիրեց վեր. Յարութիւն Սելիմեանը` համայնքապետ Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ. ան հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ Վարդանանց ճակատամարտի տուն տուող պատճառներուն:

Անոր համաձայն, սակայն Վարդանանց քաջերը իրենց արիութեամբ, միահամուռ ճիգերով, հաւատքի եւ հաւատարմութեան խոստումով, հզօր ճակատ ստեղծեցին յանուն գոյութեան եւ պահպանութեան. վերապատուելին իր խօսքը եզրափակեց այսպէս. «սոյն ճակատամարտով քրիստոնէութիւնը նուիրագործուեցաւ հայոց լեռնաշխարհի մէջ եւ շաղկապող օղակը հանդիսացաւ 5-րդ եւ 21-րդ դարու ստեղծագործ հայ մարդու միջեւ»:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Նանոր Մինասեան (ասմունք) եւ Սալամ Մուսա Օղլի (դաշնակ):

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ, Շահան եպս. Սարգիսեան, սրբազան հօր ոգեշնչող ճառը կլանեց դահլիճը` կատարելով Վարդանանց ճակատամարտի լիարժէք գնահատումը` ան անդրադարձաւ Վարդանանց 1036 նահատակ սուրբերու 16 դար ետք ունեցած պատգամին ուղղուած հայ ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան, ըսելով. «Յանուն հաւատքի ու հայրենեաց մարտնչող ոգին անպարտելի է եւ ոչ մէկ գերարդիական զէնք ի վիճակի է այն սասանել»: Սրբազան հայրը վերանորոգ ուխտով եզրափակեց խօսքը` ըսելով. «1036 նահատակներուն առջեւ կ’ուխտենք հաւատարիմ մնալ մեր ազգային արժէքներուն` հայրենիքին, կրօնին, լեզուին եւ մշակոյթին»:

«Քառեակ» խումբը յաջորդաբար ներկայացուց «Հայրապետական մաղթանք» եւ «Հայր մեր»ը, զորս կատարեցին Յովհաննէս Մուպայէտ, Շանթ Դանիէլեան, Յարութ Գազանճեան, Վիգէն Սարգիսեան:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Եղիշէ վրդ. Ճենճին, որ յայտնեց, թէ «Վարդանանք եւ Ղեւոնդեանք  խտացումն են մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան, ներշնչարանն են մեր անկորնչելի արժէքներուն ու մշակոյթին: Իսկ մենք, երբ ամէն տարի խրոխտօրէն ու հպարտօրէն կը հաւաքուինք ողջունելու համար Ղեւոնդեանքն ու Վարդանանքը, «կը համախմբուինք նախ լիցքաւորուելու Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց գաղափարականներով, ապա բարձրանալու եւ բարձրացնելու մեր գիտակցութիւնը` խաւարայինէն դէպի ազգին եւ ինքնութեան բարձրագոյն գիտակցութեան»:

Ան ընդգծեց նահատակութեան իմաստը. նահատակներուն մասին ըսաւ, թէ անոնք կը մարմնաւորէին հայութեան ամէնէն ազնիւ զգացումները, ազնիւ տենչերն ու ապրումները, ազգային ոգին ու սրբութիւնները, ժառանգեցին քաջի, հերոսի, նահատակի անթառամ դափնին իրենց ճակտին, սրբութեան յաւերժական լուսապսակը իրենց գլխուն: Դարերը անցան, բայց իրենք ապրեցան ու ապրեցուցին: Դարերուն հետ քալեցին եւ դարերուն խաւարն ու մշուշը փարատեցին իրենց լուսեղէն փառապսակով: Սերունդները ներշնչեցին, սերունդներուն հաւատքի բոց, քաջութեան կրակ, հերոսութեան ոգի տուին եւ անոնց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ ապրեցան: Իսկ հաւատուրաց ու դաւաճան Վասակ Սիւնի երկրային բարիքներու, փառքի ու պաշտօնի սին պարտադրանքներու եւ դաւաճանութեան պատճառով ունեցաւ ամէնէն արգահատելի վախճանը եւ ի՛ր իսկ ձեռքով յաւերժական նզովքի խարան դրաւ իր անուան եւ յիշատակին` նզովքի առարկայ դառնալով հայ նորահաս սերունդին կողմէ:

Ահա թէ ինչո՛ւ Աւարայրը դարձաւ մեր գոյութեան ու գոյատեւման կռիւը, մեր հայրենի հողին վրայ մեր հաւաքական լինելութեան եւ ազգային ինքնորոշման պայքարը, հայու արդար եւ անլռելի պահանջատիրութեան հաւատամարտը»:

Մեր պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները յիշեցնելով` եզրափակեց խօսքը այսպէս. «Ամէն տարի այսօր, Սուրբ Վարդանանց ոգեկոչման տօնին, հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներս, ի սփիւռս աշխարհի, ազգային-կրօնական պարտք ունինք, պարտաւորութիւն ունինք հաւատարմութիւն ուխտելու նոյն այդ հաւատքին եւ անոր մէջ սկիզբ ու ծնունդ առած հայ ազգային բոլոր սրբութիւններուն ու մշակութային արժէքներուն, հայոց լեզուի ու պատմութեան, հայ ազգին ու հայ արիւնին: Պարտաւորութիւն ունինք մեր ուխտը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ արտայայտելու գործնականապէս, թանձրականօրէն` ճշմարիտ ապրումին վերածելով սուրբ հաւատքը Քրիստոսի, կտակը Վարդանանց, խորհրդանիշը մեր ազգային գոյութեան եւ գոյատեւման:

«Վարդանանց տօնը սոսկ տօնակատարութիւն մը չէ, այլ` խթան վերածնունդի»:

Գեղարուեստականի եզրափակիչ ելոյթը ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Ալեմշահ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Մարգարիտ Խաչատրեան-Պանտակի:

Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան` ըսելով. «Երկրագունդիս վրայ չկայ ժողովուրդ մը, որ 1560 տարիներ շարունակ յիշատակէ այսպիսի հերոսամարտ մը»:

Ան ըսաւ, որ ի հակադրութիւն պատմական վերիվայրումներու հետեւանքով ձուլուած եւ կորսուած ժողովուրդներու ճակատագրին հայ ժողովուրդը, շնորհիւ Վարդանանց (ասպետներու արիութեան) դիմագրաւեց թշնամիի ոտնձգութիւններուն եւ յաղթեց «Վարդանանք ինկան, բայց ազգը մնաց անսասան»:

Ոգեկոչումը «Ալեմշահ» երգչախումբի «Հայր մեր»ի երգեցողութեամբ աւարտուեցաւ:

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

Հալէպ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES