ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ. ԱՆՍԱՀՄԱՆ ԱՆԽԵԼՔՈՒԹԻՒՆ (Ա.)

ԿԱՐԳ ՄԸ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ԵՐԿԱՐ ՃԱՄԲԱՅ ԿՏՐԵԼ, ՄԱՆԱՒԱՆԴ` ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՃԱՄԲՈՎ: ԹԵՐԵՒՍ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆՔ ԱՅՆՊԻՍԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄԸ, ԵՐԲ ԱՅԼԵՒՍ ՖԷՅՍՊՈՒՔԻ ԵՒ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՆՄԱՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՄԵԾ ՈՒԺԵՐՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ԴԱՐՁԱԾ ԵՆՔ ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆ, ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՅԼԵՒՍ ՊԱՏՃԱՌ ՉԿԱՅ ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ` ՅԱՌԱՋ ԸՆԹԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐ ՀԱՇՈՒԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՐԵՒԷ ԺԱՄԱՆԱԿԷ ԱՒԵԼԻ Կ՛ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ, ՔԱՆ ԹԷ ԿԸ ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾԵՆՔ: ԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍ ԵՒ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՕՔՍՖՈՐՏ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԻ ՀԵՂԻՆԱԿ ՄԱՐՔ ՓԱԿԸԼ «ԷՃ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԻՐ ԱՅՍ ԽԻՍՏ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄԸ` ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ: ԱՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ, ԹԷ ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾԵԼԸ ԱՀԱՒՈՐ ԿԵՐՊՈՎ ԴԺՈՒԱՐ Է, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՐ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆ Է, ԹԷ ՄԱՐԴԻԿ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻՆ ՀԼՈՒ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿՈՂ ԱՐԱՐԱԾՆԵՐՈՒ: ՍՏՈՐԵՒ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ ՓԱԿԸԼ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ԱՄԲՈՂՋ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԻՐ ՄԷՋ ՊԱՐՈՒՆԱԿԱԾ Է ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԸՆԿԱԼՈՒՄԻ ՅԱՏԿԱՆԻՇ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ ԸՆԹԱՑԱԾ Է ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿՈՒՏԱԿՈՒՄՆԵՐՈՎ ԵՒ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԿԵԱՆՔԻՆ ՅԱՐՄԱՐԵԼՈՒ ԵՐԵՒՈՅԹԸ: ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ (ՏԵՍՆԵԼ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՈՒՐԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ԹԻՒԸ) ՀԵՂԻՆԱԿԸ ԽՈՐ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՎ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԽԵԼԱՑՈՒԹԵԱՆ ԱՄԲՈՂՋ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ՎԵՐԱԳՐԵԼ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԴԻՊՈՒԱԾԻ ԵՒ ԲԱԽՏԻ:

Ես եղափոխական կենսաբան մըն եմ, եւ իմ աշխատանքս զիս կը ներգրաւէ դէպի այն մեծ իրադարձութիւնները, որոնք ձեւաւորած են աշխարհի պատմութիւնը: Կարգ մը նման իրադարձութիւններ արդէն գիտենք եւ ընդունած ենք: Ուրիշներ տեղի կ՛ունենան մեր աչքին առջեւ, սակայն զանոնք կ՛ընդունինք` առանց գիտակցելու, թէ ինչպիսի՛ հզօր դեր ունեցած են մեր եղափոխութեան մէջ: Այս իրադարձութիւններէն մէկը մշակոյթ ստեղծելու մարդկային կարողութիւնն է: Հաւանաբար շատ դիւրութեամբ կարելի է զայն նկատել կեանքի պատմութեան ամէնէն յատկանշական իրադարձութիւնը:

Նման հաստատում մը կատարելու համար հաւանաբար օգտակար պիտի ըլլար վերյիշել կեանքի կարգ մը մեծ իրադարձութիւնները: Յայտնապէս մեր պատմութեան մեծագոյն իրադարձութիւններէն մէկը երկրագունդին ծնունդն է` ասկէ շուրջ 4.5 միլիառ տարի առաջ: Եւ հրաշալին այն է, թէ շուրջ 3.8 միլիառ տարի առաջ, այսինքն երկրագունդին կազմաւորումէն միայն շուրջ 7 կամ 8 հարիւր միլիոն տարի ետք է, որ կեանքը սկսած է: Այս նոր սկսած կեանքը հիմնուած էր պարզ կրկնութիւններու վրայ. բաներ կ՛ընդօրինակէին իրենք զիրենք: Այն համոզումը ունինք, թէ այս կեանքը կը յիշեցնէր այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող ցպկային մարմիններուն (պաքթիրիա) կեանքը: Այլ խօսքով` գոյութիւն ունէին այսօրուան ցպկային մարմիններուն նախնիները:

ԲՋԻՋՆԵՐՈՒ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Այս տեսակի կեանքը աշխարհի վրայ տիրեց շուրջ 2 միլիառ տարի: Ապա, 1.5 միլիառ տարի ետք ծնունդ առաւ նոր տեսակի կեանք մը: Ի յայտ եկան իրենց մաշկին կպած կորիզներ պարունակող բջիջներ: Անոնք որոշ չափով տարբեր էին ցպկային մարմիններու բջիջներէն: Իրօք, անոնք այն բջիջներն էին, որմէ կազմուած ենք մենք: Սակայն այս մարմինները բաղկացած էին մէկ բջիջէ: Հետեւաբար, նոյնիսկ 1.5 միլիառ տարի առաջ աշխարհի վրայ տակաւին գոյութիւն ունէին միայն մէկ բջիջէ կազմուած մարմիններ: Սակայն անոնք սկիզբ կը դնէին նոր տեսակի կեանքի մը:

Դեռ 500 միլիոն տարի եւս պէտք էր անցնէր, որպէսզի ի յայտ գային բազմաթիւ բջիջներէ կազմուած մարմիններ: Եւ դեռ` յաւելեալ 500 միլիոն տարի անցնելէ ետք միայն սկսան պատահիլ իրապէս հետաքրքրական բաներ: Այսպէս, 500 միլիոն տարի առաջ սկսան եղափոխուիլ բոյսերն ու անասունները: Կ՛ենթադրեմ, թէ բոլորս համաձայն ենք, որ ասիկա գլխաւոր իրադարձութիւն մըն էր աշխարհի պատմութեան մէջ, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով ունէինք բարդ կազմուածքով մարմիններ:

Ուրեմն շուրջ 500 միլիոն տարի առաջ սկսան եղափոխուիլ բոյսերն ու ձուկերը, մողէսներն ու օձերը, հոյամողէսները, թռչունները եւ ի վերջոյ` ստնաւորները: Իրօք, հազիւ 6 կամ 7 միլիոն տարի առաջ էր, որ ստնաւորներուն մէջ ի յայտ եկաւ այն շառաւիղը, զոր այժմ կը կոչենք մարդատեսակ: Այս ստնաւորները ուղղակի պիտի դառնային մեր նախնիները: Եւ միայն 200 հազար տարի առաջ էր, որ այս շառաւիղին մէջ ի վերջոյ եղափոխուեցաւ մարդը:

Ասիկա պարզապէս երկրագունդի պատմութեան 99.99 առ հարիւրն է. այսինքն կը հասնի հոն, ուր ի վերջոյ ծնունդ առաւ մարդկութիւնը: Սակայն կեանքի մնացեալ 0.01 առ հարիւրին պատմութեամբ, մենք ամբողջութեամբ շրջած ենք երկրագունդը: Պատճառը այն է, որ 200 հազար տարի առաջ մարդկութեան կազմաւորումով ստեղծուեցաւ նոր տեսակի եղափոխութիւն մը: Նախկին ծինական եղափոխութիւնը, որ իշխած էր շուրջ 3.8 միլիառ տարի, այժմ ունէր մրցակից մը: Իսկ այս նոր տեսակի եղափոխութիւնը գաղափարներու եղափոխութիւնն էր:

ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Գաղափարներու եղափոխութիւնը իսկական եղափոխութիւն մըն էր իր ձեւին մէջ, որովհետեւ այժմ կրնային ծնիլ գաղափարներ, որոնք կրնային ոստոստել մէկ ուղեղէն միւսը: Իսկ այս տեսակի եղափոխութեան համար կարիք չկար ծինական եղափոխութեան: Գաղափարները կրնային կուտակուիլ: Այս կուտակումը կը կոչենք մշակութային յարմարում (քալչըրըլ ըտափթէյշըն): Եւ այսպէս, առիթ կը ստեղծուէր մշակութային բարդ կազմուածքի մը յայտնութեան եւ ուռճացումին, այնպիսի արագութեամբ եւ տարողութեամբ, որ կը գերազանցէր ծինական եղափոխութիւնը:

Մեզմէ շատեր ասիկա կ՛ընդունին իբրեւ տրուած իրավիճակ: Սակայն անիկա ամբողջութեամբ շրջած է կեանքի եղափոխութեան ձեւը երկրագունդի վրայ, որովհետեւ մարդկութեան ժամանումով փոխուեցաւ ամէն ինչ: Այժմ միայն մա՛րդը օգտագործելով եղափոխութեան իր գաղափարը` կրնար արագ թափով յառաջ ընթանալ իր ծիներէն անկախ, կրնար յարմարիլ երկրագունդի վրայ գրեթէ ամէն տեսակ միջավայրի եւ տարածուիլ դէպի աշխարհի բոլոր կողմերը: Բան մը, որ ոչ մէկ անասնատեսակ կամ բուսատեսակ յաջողած էր իրականացնել: Անասնատեսակներու եւ բուսատեսակներու գոյութիւնը երկրագունդի վրայ սահմանափակուած է այնպիսի վայրերու մէջ, ուր իրենց ծիները կը յարմարին: Սակայն մենք մեր մշակութային մակարդակներով կրնանք յարմարիլ աշխարհի մէջ իւրաքանչիւր վայրի:

Այս բոլորը մեծ մասամբ ծանօթ կը թուին մեզի: Սակայն, ինչ որ թաքնուած է այս բոլորին ետին, ինքնին գաղափարի եղափոխութեան գաղափարն է: Իսկ եթէ ասիկա պարզ կը թուի մեզի, պէտք չէ այդպէս թուի, որովհետեւ երկրագունդի վրայ ոչ մէկ անասնատեսակ կամ բուսատեսակ յաջողած է իրագործել զայն, նոյնիսկ` նախամարդը:

Եթէ մարդկային շառաւիղը տանինք 2 միլիոն տարի ետ, պիտի տեսնենք, թէ այդ ժամանակներուն կ՛ապրէր ուղիղ քալող մարդը: Իրօք, ան կռնակը ուղիղ պահող կապիկ մըն էր, որ կ՛ապրէր ափրիկեան արեւադարձային շրջաններուն մէջ: Ան կրնար գործիքներ շինել, սակայն` շատ սահմանափակ գործիքներ, իսկ այս գործիքները, ինչպէս մեզի կ՛ըսեն հնագիտական արձանագրութիւնները, որեւէ փոփոխութիւն չեն կրած շուրջ 1.5 միլիոն տարի: Այսինքն` մինչեւ այն ժամանակները, երբ անհետացած են ուղիղ քալող մարդիկը: Ասիկա կը նշանակէ, թէ անոնք տեւաբար շինած են նոյն գործիքները` առանց որեւէ իրական փոփոխութեան ենթարկելու զանոնք:

Եթէ ժամանակին մէջ քիչ մը առջեւ երթանք, այնքան ալ յստակ չէ, թէ նոր քարէ դարու մարդիկը (նեանտերթալ), զորս մեզի շատ մօտ շառաւիղ մը կը նկատենք` ծինական 99.5 կամ 99.6 առ հարիւր համեմատութեամբ, արդեօք կ՛ապրէի՞ն գաղափարներու եղափոխութիւն մը, ինչպէս կը կոչենք զայն: Վստահաբար անոնց շինած գործիքները շատ աւելի բարդ էին, քան` ուղիղ քալող մարդուն շինած գործիքները: Սակայն այն 300 հազար տարուան ընթացքին, երբ նոր քարէ դարու մարդիկը ապրած են Եւրոպայի տարածքին, անոնց գործիքները որեւէ փոփոխութիւն չեն կրած: Ասիկա կը նշանակէ, թէ շատ չնչին եղափոխութիւն մը տեղի ունեցած է:

Հետեւաբար, իրապէ՛ս շատ իւրայատուկ էր երկրագունդի վրայ յայտնուած նոր տեսակի մարդը, որ ի յայտ եկաւ եւ յայտնագործեց նոր տեսակի եղափոխութիւն մը` հիմնուած գաղափարներու վրայ: Այսօր մեզի համար օգտակար պիտի ըլլար դնել հետեւեալ հարցումը. ի՞նչ բան կը զատորոշէ մարդը: Հաւանաբար գոյութիւն ունեցած է ծինական շատ փոքր տարբերութիւն մը մեր եւ նոր քարէ դարու մարդոց միջեւ, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, մենք ծինական սերտ կապեր ունինք անոնց հետ: Թէեւ ծինական մեր տարբերութիւնը շատ փոքր էր, սակայն կը կրէր մշակութային լայնածիր կարողականութիւն մը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԸՆԿԱԼՈՒՄ

Մարդագէտներ եւ հնագէտներ ասիկա կը կոչեն ընկերային ընկալում (սոշըլ լըռնինկ): Ասիկա շատ դժուար սահմանելի գաղափար մըն է: Սակայն, երբ կը խօսինք այս մասին, մենք` բոլոր մարդիկս, գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ասիկա: Կը թուի, թէ միայն մա՛րդը կարողութիւնը ունի սորվելու բարդ կամ նոր վարուելակերպեր` պարզապէս դիտելով եւ ընդօրինակելով ուրիշները: Կը թուի, թէ կայ նաեւ այլ ազդակ մը. յայտնապէս կարողութիւնը ունինք մուտք գործելու այլոց ուղեղին մէջ, երբ անոնք բաներ կը կատարեն մեր դիմաց, եւ` հասկնալու, թէ ինչո՛ւ կ՛ընեն այդ բաները: Այս երկուքը միասնաբար կը կոչենք ընկերային ընկալում:

Շատեր պիտի հակազդէին` ըսելով, որ անշուշտ այլ անասուններ եւս ատակ են ընկերային ընկալումի, որովհետեւ գիտենք, թէ շեմփանզէները կրնան կապկել զիրար, նաեւ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս դլփիններ եւ այլ տեսակի կապիկներ կը սորվին տարբեր բաներ: Սակայն ընկերային ընկալումի բանալին այն է, որ մեր եւ այլ անասնատեսակներու միջեւ այս երկրորդական տարբերութիւնը անկամրջելի վիհ մըն է մեր եւ անոնց միջեւ: Որովհետեւ, մինչ այլ անասուններ իրենց համար անծանօթ վարմունք մը կը սորվին, երբ իրենց ուշադրութիւնը կը հրաւիրուի բանի վրայ, անդին` կը թուի, թէ միայն մա՛րդը կարողութիւնը ունի տարբեր այլընտրանքներու մէջէն ընտրելու լաւագոյնը, ապա` բան մը կառուցելու իր ընտրանքին վրայ, պատշաճեցնելու զայն եւ բարելաւելու: Այսպէս, կը յարմարինք մշակութային կուտակումով (քիւմիլիթիվ քալչըրըլ ըտափթէյշըն), մինչդեռ կը թուի, թէ այլ անասնատեսակներ պարզապէս տեւաբար կը կրկնեն նոյն բանը:

Թէեւ այլ անասուններ կարողութիւնը ունին սորվելու եւ կրնան սորվիլ նոյնիսկ ընկերային վիճակներու մէջ, սակայն կը թուի, թէ միայն մա՛րդը կարողութիւնը ունի իրարու քով բերելու ամէն ինչ եւ իրապէ՛ս սորվելու` ընկերային վիճակներու մէջ: Ինքնին այս մէկը առաջնորդած է գաղափարի եղափոխութեան գաղափարին: Ծինական ժառանգութեամբ չնչին տարբերութիւն մը մեր եւ անասուններուն միջեւ խորքին մէջ ստեղծած է անկամրջելի վիհ մը, որովհետեւ միայն մա՛րդը յաջողած է յարմարիլ մշակութային կուտակումով:

Կարելի է այս մէկը քննել հետեւեալ դիտանկիւնէն. կը մտածենք, թէ կարելի է տուն բերել շեմփանզէ  մը եւ անոր սորվեցնել պնակները լուալ: Սակայն ան նոյն ոգեւորութեամբ պիտի լուար մաքուր պնակ մը, ինչպէս` աղտոտ պնակ մը, որովհետեւ իր պնակ լուալուն համար պիտի վարձատրուէր պանանով մը: Մինչդեռ մարդիկ գիտեն, թէ կը լուան աղտոտ պնակ մը եւ գիտակցաբար չեն լուար մաքուր պնակ մը: Տարբերութիւնը այս է: Այս յատկանիշն է, որմէ ծնունդ կ՛առնէ մշակութային կուտակումով յարմարելու ուղղութիւնը:

Ասիկա հետաքրքրական է ինծի համար, որովհետեւ ընկերային ընկալումի այս կարողութիւնը, զոր կ՛առնչենք խելացութեան հետ, իրականութեան մէջ մեզ դարբնած է այնպիսի ձեւերով, զորս երբեք չենք երեւակայած: Կ՛ուզեմ խօսիլ այս ձեւերէն երկուքին մասին. անոնցմէ մէկը կ՛առնչուի մեր ստեղծագործականութեան հետ, իսկ միւսը մեր խելացութեան բնոյթին` իբրեւ ընկերային արարածի:

Ընկերային ընկալումի մասին խօսելու ժամանակ պէտք է գիտակցիլ, թէ անիկա մարդկային մեր ընկերութիւններուն մէջ գաղափարներ իւրացնելով եւ գործի վերածելով` կը խաղայ նոյն այն դերը, ինչ որ կը խաղայ բնութեան մէջ ընտրանքի այն գործընթացը, որ արդիւնք է իրենց միջավայրին յարմարող մարմիններու եղափոխութեան (նեչըրըլ սիլեքշըն): Այս գործընթացը ձեւ մըն է` դասաւորելու ծինական շարք մը այլընտրանքներ եւ գտնելու լաւագոյնը: Ընկերային ընկալումը միջոց մըն է մաղէ անցընելու շարք մը այլընտրանքներ կամ գաղափարներ եւ ընտրելու լաւագոյնը: Հետեւաբար մեր դիմաց ունինք ուղղակի բաղդատութիւն մը` ընկերային ընկալումով առաջնորդուած գաղափարի եղափոխութեան, այսինքն` լաւագոյն գաղափարներու ընտրութեան։

(կ՛ընդօրինակենք յաջող անձերու գաղափարները եւ կը փորձենք բարելաւել զանոնք) եւ բնութեան մէջ ընտրանքի գործընթացին միջեւ, որ մղիչ ուժն է մարդկային մեր ընկերութիւններուն կամ հաւաքականութիւններուն ծինական եղափոխութեան:

ԻՆՉՈ՞Ւ ՆՈՒԱԶ ԽԵԼԱՑԻ

Կ՛ենթադրեմ, թէ շատ լուրջ մօտեցում պէտք է ցուցաբերել այս այլաբանութեան, որովհետեւ այնպէս ինչպէս բնութեան ընտրանքի գործընթացը իր դերը ունեցած է ծինական հաւաքականութիւններու կազմաւորումին մէջ, նոյնպէս ալ ընկերային ընկալումը իր դերը ունեցած է մարդկային հաւաքականութիւններու ձեւաւորումին մէջ, ինչպէս պիտի տեսնենք:

Ի՞նչ ըսել կ՛ուզեմ, երբ կը գործածեմ «ձեւաւորել» բառը: Ըսել կ՛ուզեմ, որ անիկա փոխած է այն, ինչ որ ենք: Ահա թէ ինչո՛ւ: Եթէ կը կարծենք, որ մարդ արարածը եղափոխուած է իբրեւ ընկերային ընկալող, ապա պիտի զարմանաք, երբ լսենք, թէ ընկերային ընկալողներ ըլլալու յատկանիշը մեզ վերածած է նուազ խելացի արարածներու, քան ինչ որ կը կարծենք, թէ ենք: Պատճառը հետեւեալն է.

Եթէ կ՛ապրիմ հաւաքականութեան մը մէջ, եւ եթէ կրնամ դիտել հաւաքականութեան մաս կազմող մարդիկը եւ տեսնել, թէ ի՛նչ կ՛ընեն, թէ` ինչ յայտնագործութիւններ կը կատարեն, ապա կրնամ ընտրել անոնց լաւագոյն գաղափարները` առանց անձամբ անցնելու ինքնին յայտնագործելու գործընթացէն: Օրինակ, եթէ կը փորձեմ շինել աւելի լաւ սուր մը, իրականութեան մէջ չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է շինել աւելի լաւ սուր մը: Սակայն, երբ կը նկատեմ, որ իմ հաւաքականութեանս մէջ ուրիշ մը շինած է շատ լաւ սուր մը, ապա կրնամ պարզապէս ընդօրինակել զայն, եւ պարտաւորութիւն չզգալ հասկնալու, թէ ինչո՛ւ անոր շինած սուրը աւելի լաւ է:

Ասիկա կը նշանակէ, թէ ընկերային ընկալումը հաւանաբար ստեղծած է վիճակ մը, ուր մարդկութիւնը վերջին 200 հազար տարիներուն ընթացքին կատարած է ընտրութիւնը շատ լաւ ընդօրինակող ըլլալու, փոխանակ կատարելու իր սեփական յայտնագործութիւնը: Հաճոյք կը զգանք մտածելով, թէ գերազանցապէս նորարար, յայտնագործող արարածներ ենք: Սակայն ընկերային ընկալումի դիտանկիւնէն իրականութիւնը այն է, որ մեզմէ շատերը կ՛օգտագործեն այլոց ըրածները եւ ոչ մէկ ժամանակ կամ կորով կը յատկացնեն` իրենք յայտնագործելու:

Իսկ ինչո՞ւ պիտի չուզէինք յայտնագործել: Ինչո՞ւ պիտի չուզէինք ստեղծել մեր սեփականը: Իրականութեան մէջ յայտնագործելը դժուար է: Անիկա ժամանակ կը պահանջէ: Կորով կը պահանջէ: Մեր փորձերը յաճախ սխալ արդիւնք կու տան: Հետեւաբար, եթէ կարելիութիւնը ունինք ուսումնասիրելու եւ մաղէ անցընելու շարք մը այլընտրանքներ, զորս կ՛ընձեռեն մեր հաւաքականութեան մաս կազմող անձեր, եւ ընտրել լաւագոյնը, որ ցարդ իրագործուած է, ապա պարտաւոր չենք անձամբ վճարելու յայտնագործութեան գինը, ժամանակը եւ կորովը: Ասիկա կը նշանակէ, թէ անցեալին մարդկային մեր պատմութեան մէջ հզօր ընտրութիւնը կատարած ենք հետեւելու եւ ընդօրինակելու, քան թէ` յայտնագործելու:

Ասիկա մեր դիմաց կը բանայ բոլորովին նոր դիտանկիւն մը` բացատրելու համար, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մարդ ըլլալ, եւ հաւանաբար կը համապատասխանէ մեր մասին որոշ բաներու, զորս ճշմարիտ կը նկատենք, երբ իրապէ՛ս կը պեղենք մեր խորքը: Բոլորիս ծանօթ են այն բաները, որոնք շրջած են կեանքի պատմութիւնը: Օրինակ` առաջին կացինը, առաջին սուրը, առաջին նետն ու աղեղը եւ այլն: Եւ կրնանք մենք մեզի հարց տալ, թէ մեզմէ քանի՞ հոգի յղացած է գաղափար մը, որ պիտի շրջէր մարդկութիւնը: Մեզմէ շատեր պիտի ըսէին, թէ ասիկա քիչ մը շատ մեծ պահանջ է, թէ` չենք յղացած գաղափար մը, որ պիտի շրջէր մարդկութիւնը: Հետեւաբար քիչ մը նուազ պահանջկոտ ըլլանք եւ հարց տանք, թէ արդեօք մեզմէ քանի՞ հոգի յղացած է գաղափար մը, որ թերեւս իր ներգործութիւնը ունեցած է իր շրջապատի անձերուն վրայ. գաղափար մը, որ ուրիշներ պիտի փափաքէին ընդօրինակել: Սակայն նոյնիսկ այս պարագային մեզմէ շատ քիչեր կրնան ըսել, թէ յայտնագործած են շատ բաներ, զորս ուրիշներ պիտի փափաքէին ընդօրինակել:

Ասկէ կարելի է հետեւցնել, թէ ընկերային եղափոխութիւնը հաւանաբար մեզ ձեւաւորած է այնպէս, որ ո՛չ թէ յայտնագործենք եւ ստեղծագործենք, այլ ընդօրինակենք, որովհետեւ այս շատ արդիւնաւէտ գործընթացը, զոր ընկալային ընկալումը առիթ կու տայ մեզի կիրարկելու, այսինքն` շարք մը այլընտրանքներ մաղէ անցընելու գործընթացը, ցոյց կու տայ, թէ մեզմէ շատեր կրնան ապրիլ այլոց յայտնագործումները օգտագործելով:

Իսկ ինչո՞ւ կ՛ըսեմ այս բոլորը: Թերեւս քիչ մը չոր նիւթ մըն է, երբ կը մտածենք, որ թերեւս մեզմէ շատեր ընդօրինակողներ են կամ հետեւողներ եւ ոչ թէ` յայտնագործողներ: Սակայն պէտք է նկատի ունենալ, թէ մարդկային պատմութիւնը վերջին 200 հազար տարիներուն ընթացքին եղած է պատմութիւնը աստիճանաբար աւելի մեծ եւ ստուար հաւաքականութիւններու մէջ ապրելու պատմութիւն մը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

(Շար. 1)

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES