ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ` ՆԵՐՔԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ «ԱՐԱԲՆԵՐԸ ՄԵԶԻ ՄԻԱՅՆ ՄԷԿ ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ ՏՈՒԻՆ»
Եգիպտոսի վարչապետ Քամալ Ժանզուրի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Եգիպտոսին օժանդակելու իրենց խոստումները չյարգելնուն համար տողատակի քննադատելով արաբական երկիրներն ու միջազգային ընտանիքը յայտնեց, որ արաբական երկիրները Եգիպտոսին 10.5 միլիառ տոլար օժանդակութիւն խոստացած են, սակայն «մինչեւ օրս այդ գումարէն միայն մէկ միլիառ ստացանք, մինչ կարգ մը արաբական երկիրներուն դրամը առատաձեռնութեամբ կը տրուի, իսկ մենք իբրեւ եղբայրական Եգիպտոս ատոր համար կ՛ուրախանանք»: Ան նաեւ նշեց, որ ամերիկացիները խոստացած են 250 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել, սակայն Եգիպտոս ոչինչ ստացած է:
Վարչապետ Ժանզուրի ապահովութեան կարեւորութեան մասին խօսելով յայտնեց, որ «կը փափաքէի, որ այսօր խօսիմ կառավարութեան կազմութենէն երկու շաբաթ ետք քանի մը օրուան մէջ իրականացուած ապահովութեան մասին»:
Խօսելով ապահովական վերջին դէպքերուն մասին` ան յայտնեց, որ «ես ոչ ոք կ՛ամբաստանեմ ու ոչ ոք կը պաշտպանեմ եւ կը փափաքիմ, որ բոլորը ջանան բռնարարքներու երեւոյթը վերցնել: Եգիպտոսի պէս երկրի մը մայրաքաղաքին` Գահիրէի մէջ ինչպէ՞ս կը կանգնին տխուր պատուարներ, որոնք պաշտպանուելու համար են եւ ոչ թէ յարձակելու® Եթէ հատուած մը անձնական յաջողութիւն մը արձանագրէ կը կարծէ՞, թէ ատիկա Եգիպտոսի համար յաղթանակ է»:
Ան նշեց, որ կարգ մը քաղաքագէտներ կը մերժեն պաշտօնական վայրերու մէջ իրեն հետ նստիլ: «Բոլորէն կը խնդրեմ մոռնալ անցեալը եւ բոլոր կողմերուն հետ երկխօսութեամբ յառաջ ընթանալ, որպէսզի Եգիպտոս ապահով ապրի եւ գլուխը բարձր մնայ», յայտնեց Ժանզուրի` շեշտելով, որ բոլոր անոնք, որոնք յանցանք գործեցին, պիտի պատժուին:


