ՊԱՂՏԱՏԻ ՄԷՋ 18 ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄՆԵՐ 63 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ
Ամերիկեան ուժերուն Իրաքէն հեռանալէն չորս օր ետք իրերայաջորդ պայթումներ ցնցեցին մայրաքաղաք Պաղտատը: 18 անջատ, սակայն համակարգուած անձնասպանական գործողութիւններ եւ ականահարումներ 63 զոհ եւ 130 վիրաւոր պատճառեցին:
Ականահարումներուն թիրախը Պաղտատի շիիներով բնակուած շրջաններն էին: Վերջերս շիի վարչապետ Նուրի Մալիքիի կողմէ սիւննի փոխնախագահ Թարեք Հաշիմիի ահաբեկչութեան ամբաստանութեամբ ձերբակալման պահանջին համար համայնքային լարուածութիւնը մագլցում արձանագրած է:
CATEGORIES Միջազգային