ՀՄԸՄ-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի երկրորդական խումբերու յանձնախումբին, կիրակի, 27 մարտին, «Հայր Պօղոս Արիս» դաշտին վրայ պիտի շարունակուին Ա. հանգրուանի մրցումները:
Նշենք, որ նախորդ կիրակի, 20 մարտին տեղի ունեցան 1996-1997-1998-ի ծնունդ դասակարգի Ա. հանգրուանի մրցումները, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
ՀՄԸՄ Անթիլիաս (Գարեգին Նժդեհ) – ՀՄԸՄ Պաուշրիէ (Ռաուտա) 3-0
ՀՄԸՄ Այնճար – ՀՄԸՄ Ժունիէ 6-0
ՀՄԸՄ Անթիլիաս-1 – ՀՄԸՄ Ժըտէյտի (Թեհլիրեան) 2-0
Ստորեւ կու տանք կիրակի, 27 մարտին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
ԺԱՄ
ՀՄԸՄ-Պուրճ Համուտ (Ռոստոմ) – ՀՄԸՄ Անթիլիաս-2 11:30
ՀՄԸՄ-Անթիլիաս-3 – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Նիկոլ Դուման) 12:30
ՀՄԸՄ Պաուշրիէ (Արմէն Գարօ) – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Դրօ) 13:30
CATEGORIES Մարզական