ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՄԸՄ-ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 25 մարտին, ՀՄԸՄ-Անթիլիասի աղջկանց ներկայացուցչական խումբը պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը` հիւրը ըլլալով Ռիատի Պէյրութի: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 18:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի դաշտին վրայ Մանարա:

Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտական հանգրուանի իր տոմսը:

Կիսաւարտականի այս մրցումին ղեկը իր ձեռքին մէջ ունենալու եւ յաջորդ մրցումներուն յաղթանակ արձանագրելու համար ՀՄԸՄ-ի մարզիկները այս մրցումէն սկսեալ պէտք է յաղթելու վճռակամութեամբ դաշտ ներկայանան եւ խմբային խաղարկութիւն կիրարկելով տիրապետեն իրենց մրցակիցին վրայ` յաղթանակ արձանագրելու համար:

Share this Article
CATEGORIES