50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՀԱՐՑԸ
ԴԱՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԻՍ

Հայկազեան քոլեճին կազմակերպած դասախօսութիւնները կը շարունակուին կանոնաւորաբար: Վերջին դասախօսն էր Հայկազեանի հայկական ամպիոնի վարիչ վեր. Տիգրան Խրլոբեան:

Վերնագիրը ինքնին շատ բան կը յայտնէ նիւթին շահեկանութեան մասին: Յարգելի դասախօսը նկարագրեց, թէ ինչպէ՛ս ազգերը կը կազմուին, կը զարգանան, կը տկարանան, ապա կ՛անյայտանան:

Ազգայնականութիւնը բնազդ մըն է եւ համաշխարհային յատուկ բան մըն է: Ազգ մը ջնջելով` հարց չի լուծուիր, ինչպէս որ Բիւզանդիոն եւ Թուրքիա իրենց մոլուցքին մէջ ջանացին մեզ ջնջելով իրենց հարցերը լուծել, բայց եւ այնպէս աւելի տիղմի մէջ խրեցան: Հայը բարիք մը եւ օրհնութիւն մը եղած է իր գացած երկիրներուն մէջ:

Պէտք է հայ մնալ, որովհետեւ կ՛արժէ հայ մնալ: Հայուն արժանիքները գնահատել անկարելի է:

Հայապահպանումի համար պէտք են` միասնականութեան ոգի, ուրիշներէ տարբերիլ գիտնալ, արժէքներու գիտակցութիւն, պայքարելու ոգի, եւ մանաւանդ` դաստիարակութիւն: Դրամ եւ թիւ կարեւոր ազդակներ են ազգապահպանումի  համար, բայց անոնցմէ վեր կը մնայ ներքին բարոյականը: Ներքին բարոյականի սնանկութեան պատճառով շատ մը մեծ ազգեր պատմութեան անցած են:

Ժողովուրդը չի սպաննուիր, այլ անձնասպան կ՛ըլլայ…

Դժբախտաբար ժամանակի չգոյութեան պատճառով յարգելի դասախօսը աւելի պատմականին վրայ ծանրացաւ: Կը յուսանք, թէ յարմար առիթով մը դարձեալ այս նիւթին մասին կը խօսի, այս անգամ` ծանրանալով ներկային վրայ:

Պատգամը, որ կարելի է վերցնել օրուան դասախօսութենէն, սա էր. Մովսէս Խորենացիի ոգիով մօտենալ հայապահպանման հարցին` մեր արժէքները գնահատել գիտնալով:

Ս. Ծնունդի արձակուրդէն ետք դասախօսութիւնները կը շարունակուին:

Գ. ԱԲԷԼԵԱՆ

ՍՈՒՐԻԱ

ԳՐԻԳՈՐ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
ՄՇԱԿՄԱՆ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄ

Սահմանադիր եւ երեսփոխանական ժողովը գումարուեցաւ շաբաթ օր` ի ներկայութեան վարչապետին եւ կառավարութեան անդամներուն:

Խորհրդարանի նախագահը` Մաամուն Քուզպարի ծանոյց, թէ ժողովը հրաւիրուած է արտակարգ նստաշրջանի (սովորական նստաշրջանը վերջ կը գտնէ դեկտեմբեր 31-ին): Ան յառաջիկայ նիստը ճշդեց յունուար 8-ին, որպէսզի կառավարութիւնը ժամանակ ունենայ պատրաստելու նախարարական յայտարարութիւնը եւ ներկայանայ խորհրդարան` վստահութիւն հայցելու համար:

Սահմանադիր ժողովը ապա վաւերացուց նախագահ Քուզպարիի այն առաջարկը, որ կը վերաբերի 39 երեսփոխաններու նշանակման` իբրեւ անդամ այն յանձնախումբին, որ պիտի պատրաստէ սահմանադրութեան վերջնական նախագիծը:

Այս երեսփոխանները կը ներկայացնեն խորհրդարանական բոլոր պլոքները: Անոնց մէջ կը գտնուին յատկապէս Խալետ Ազըմ,  Սապրի Ասալի, Լէոն Զամարիա, Սայիտ Ղազի, Աքրամ Հորանի, Իսամ Աթթար, Ֆայտի Աթասի, Ապտել Սամատ Ֆթայէհ, Գրիգոր Էպլիղաթեան, Ռաֆիք Պաշուր եւ Ասատ Քուրանի:

Սահմանադիր ժողովը ուղղեց «շնորհաւորական պատգամ մը` Եգիպտոսի արաբ ժողովուրդին, Սուէզի ջրանցքի յաղթանակի տարեդարձին առիթով», որ տօնուեցաւ շաբաթ օր:

 

Share this Article
CATEGORIES