«ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ»-Ի ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ` ԿՐԹԱԿԱՆ ԵԶԱԿԻ ԾՐԱՐ ՄԸ

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին (ՀԱՀ) եւ «Դէպի Հայք»¬ի միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիրին հիման վրայ «Դէպի Հայք»-ը եւ ՀԱՀ-ի Գործարար կառավարման բաժինը միացեալ ուժերով ուսումնական իւրայատուկ ծրար մը կ’առաջարկեն այն սփիւռքահայ ուսանողներուն, որոնք կը փափաքին ուսում ստանալ Հայաստանի մէջ եւ ստանալ գործարար կառավարման մագիստրոսական աստիճան/մագիստրոսի կոչում (MBA): Այս համաձայնագիրը պիտի նպաստէ սփիւռքահայութեան մէջ MBA ծրագիրի տարածումին, ինչպէս նաեւ ընդլայնէ եւ հարստացնէ Հայաստանի կեանքին երկարատեւ կերպով մաս կազմելու եւ հոն ուսանելու կարելիութիւնները: Յուշագիրը ստորագրեր են ՀԱՀ նախագահ Պրուս Պօղոսեանը եւ «Դէպի Հայք»-ի տնօրէն Սեւան Գապագեանը:

Այս համագործակցութեան շնորհիւ` ուսանողները պիտի կարենան վայելել ամբողջական շարքը այն ծառայութիւններուն, որոնց մէջ իւրաքանչիւր կողմ գերազանց կերպով արդիւնաւէտ է: Այն անձինք, որոնք հետաքրքրուած են, կը դառնան ուսանող ՀԱՀ MBA ծրագիրին, որ միջազգային մակարդակ ունի եւ հաւատարմագրուած է Միացեալ Նահանգներու Դպրոցներու եւ քոլեճներու արեւմտեան ընկերակցութեան (WASC) կողմէ: Իրենց ուսումնառութեան երկու տարիներուն ընթացքին ուսանողները նաեւ կը վայելեն «Դէպի Հայք»-ի ընձեռած  բազում հնարաւորութիւնները, ներառեալ` հայոց երկրի եւ լեզուի մէջ խորանալ, կամաւորական  աշխատանք, օդանաւով երթուդարձ ճամբորդութեան մէկ տոմս եւ օթեւան` հիւրընկալ ընտանիքներու յարկին տակ:

Ս. Գապագեանի բնորոշումով` «Այս համագործակցութեան ճամբով մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի համալրէ միւսին մասնագիտական փորձառութիւնը, եւ ստեղծուած արդիւնքը դրական պիտի ըլլայ թէ՛ ՀԱՀ¬ին, թէ՛ «Դէպի Հայք»¬ին եւ թէ՛ ուսանողներուն համար: Մեր յառաջ մղածը լիապարփակ «Ուսում արտասահմանի մէջ» (study abroad) փորձառութիւն մըն է»: Իսկ ՀԱՀ Գործարար կառավարման բաժինի տնօրէնի պաշտօնակատար Էրիք Գէորգեան նշեց, որ այս համաձայնագիրը սփիւռքահայ բազմաթիւ ուսանողներու մատչելի եւ իրագործելի տարբերակ մը կ՛առաջարկէ: Ան կ՛առաջարկէ անգլիալեզու ուսուցումով հաւատարմագրուած MBA մասնագիտութիւն եւ անոր զուգահեռ` Հայաստանի մէջ ապրելու եւ հայաստանեան կեանքի փորձառութիւն ձեռք ձգելու հնարաւորութիւն: Աւելի՛ն. «Դէպի Հայք»¬ի կամաւորական աշխատանքը կը սեպուի MBA կոչումին համար պարտադիր գործնական աշխատանք (Internship): Ս. Գապագեան յաւելեց. «Մենք կը մեկնարկենք համագործակցութիւն մը, որ, յոյս ունինք, պիտի ընդլայնի եւ ապագային այլ մասնագիտութիւններ եւ կոչումներ ալ պիտի ընդգրկէ: «Արտասահմանի մէջ ուսում»¬ը այլեւս պիտի չսահմանափակուի քանի մը եւրոպական մայրաքաղաքով»:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմեցէք «Դէպի Հայք»-ին` [email protected] կամ ՀԱՀ` [email protected] կամ [email protected] հասցէներուն:

«Դէպի Հայք»¬ի առաքելութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքահայ երիտասարդութեան միջեւ կապը ամրապնդել է` երիտասարդներուն տալով հնարաւորութիւն մաս կազմելու Հայաստանի առօրեայ կեանքին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանի զարգացումին` աշխատանքի, ուսման եւ կամաւորական գործի ճամբով` միաժամանակ հայեցի ինքնութեան նորովի ընկալում զարգացնելով: Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ առցանց նուիրատուութեան համար այցելեցէք մեր կայքէջը` www.birthrightarmenia.org:

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը շահոյթ չհետապնդող բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն է: Ան իր բոլոր մասնագիտութիւններով հաւատարմագրուած է Միացեալ Նահանգներու ԴՔԱՄ¬ի կողմէ եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի գործընկերն է: ՀԱՀ¬ը կ’առաջարկէ ուսումնական եւ հետազօտական ծրագիրներ, որոնք ուսանողները կը պատրաստեն դիմագրաւելու Հայաստանի եւ տարածաշրջանի կայուն զարգացման կարիքները: ՀԱՀ Գործարար կառավարման բաժինը այս մասնագիտութեան գծով առաջատարն է տարածաշրջանին մէջ: Ան անցեալ 20 տարիներուն ընթացքին աշխատած է հայ եւ օտար ուսանողներու, գործարար կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հետ: ՀԱՀ Գործարար կառավարման բաժինը բարձր կը գնահատէ ձեռներէցութիւնն ու նորարարութիւնը, խստապահանջութիւնն ու գերազանցութիւնը կրթական ասպարէզին մէջ եւ կը գործէ բարոյագիտական խիստ սկզբունքներու համաձայն: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք մեր կայքէջը www.aua.am.

ԵՐԵՒԱՆ
28 նոյեմբեր, 2011

Share this Article
CATEGORIES