ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ

Պաշտօնական դիմաւորումի արարողութեան պահուն

Երէկ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ:

Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ Իրանի նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Մահմուտ Ահմատինեժատի դռնփակ հանդիպումը, որուն յաջորդեցին երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները:

Անկէ ետք տեղի ունեցաւ շարք մը մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն:

Երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ ընդունուած միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկու նախագահները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն առիթով եւ վերահաստատեցին իրենց վճռականութիւնը աւելի զարգացնելու երկկողմանի բարեկամական ու փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւնները:

Երկու նախագահները գոհունակութիւն յայտնեցին ուժանիւթի մարզին մէջ ընդլայնող համագործակցութեան գծով: Ողջունելով ելեկտրահաղորդման 3-րդ գիծի ծրագիրի իրագործման սկիզբը` անոնք ընդգծեցին զայն ըստ կարելւոյն սեղմ ժամկէտներու մէջ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահները կարեւոր նկատեցին Արաքս գետին վրայ ջրելեկտրակայաններու, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններու երկաթուղային ցանցերը միացնող երկաթուղիի եւ Իրան-Հայաստան քարիւղատարի կառուցման ռազմավարական ծրագիրներու իրագործումը: Համապատասխան նախարարութիւններուն յանձնարարութիւն տրուեցաւ յառաջիկայ 6 ամիսներուն ընթացքին գործադրելու բոլոր ջանքերը` նշուած ծրագիրները գործնական հանգրուան տեղափոխելու համար:

Հայաստանի եւ Իրանի նախագահները անհրաժեշտ նկատեցին շրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան, կայունութեան եւ ապահովութեան հաստատումը եւ ամրապնդումը` կարեւոր նկատելով շրջանային բազմակողմանի համագործակցութեան խորացումը եւ գոյութիւն ունեցող տագնապներու լուծման ուղղուած ջանքերու գործադրումը:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման` երկու պետութիւններու նախագահները ընդգծեցին խաղաղ ճամբով եւ միջազգային իրաւունքի հիմնարար չափանիշերուն եւ սկզբունքներուն վրայ հիմնուելով զայն լուծելու անհրաժեշտութիւնը:

Իրանի նախագահը երէկ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ:

Վարչապետ Սարգսեան յայտնեց, որ Իրանի նախագահին այցելութիւնը բացառիկ կարելիութիւն է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն նոր թափ հաղորդելու համար:

Ան գոհունակութիւն յայտնեց երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն ընթացքին առնչութեամբ եւ նշեց, որ հայկական կողմը կը կատարէ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Իրանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ խօսքերուն համար եւ նշեց, որ ուրախ է Հայաստան այցելելուն համար:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններու օրակարգին մէջ գոյութիւն ունեցող առաջնահերթութիւնները: Մասնաւորաբար, արծարծուեցան Արաքս գետին վրայ միացեալ ջրելեկտրակայաններու, Իրան-Հայաստան ելեկտրահաղորդման 3-րդ գիծին, Հայաստանի տարածքին մէջ հեղուկ վառելիքի պահեստարանի ու քարիւղամթերքի խողովակաշարի եւ Իրան-Հայաստան երկաթուղիի կառուցման առնչուող մանրամասնութիւններ: Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին համագործակցութեան զարգացումը գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, ոսկերչութեան եւ դեղագործութեան մարզերուն մէջ:

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդգծեց, որ վերջին երեք տարիներու ցուցանիշերը կը վկայեն երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ աճի առկայութեան մասին եւ կայ ներուժ այդ ուղղութեամբ համագործակցութիւնը խորացնելու համար:

Նախագահ Ահմատինեժատ նշեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւններու զարգացման հարցին մէջ որեւէ սահմանափակում չի տեսներ: Նշուեցաւ, որ անհրաժեշտ է համապատասխան յանձնարարականներ տալ նախարարութիւններուն`առեւտրական-տնտեսական գործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES